Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ՝ Թորոնթոյի Մէջ


Յարութիւն Դերձակեան

Երաժշտութեան մեծ հանճար Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով` աշխարհի հայաշատ կեդրոններուն մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, 2019-ի Հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած էր բարձրամակարդակ համագաղութային յոբելենական ձեռնարկ մը։ Այս տարի եւս նոյն առիթով «Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ անոր հիմնադիր, նախկին պոլսահայ, Մխիթարեանի սան, հանրածանօթ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նուրհան Արմանի, ելոյթ ունեցաւ Musical Bridges («Երաժշտական կամուրջներ») անուան տակ, որ նպատակ ունէր երաժշտութեան միջոցով ծանօթացնել մշակոյթը բոլորին։  

Համերգը տեղի ունեցաւ 22 Փետրուար 2020-ին, Շաբաթ երեկոյեան Թորոնթոյի լաւագոյն համերգասրահներէն Նորթ Եորքի («Մէրիտիըն Արուեստի Կեդրոն») մէջ։ Հայեր եւ օտար երաժշտասէրներ լեցուցած էին սրահը։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտնի մենակատարներ՝ գանատացի, թուրք օփերայի երգչուհի, մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէր եւ հայազգի ջութակահար Նունէ Մելիք։ Յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էին Կոմիտասի կտորները, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի ազդեցութիւնները կրող երգեր։

Մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէրի երիտասարդութիւնը անցած է Պոլսոյ մէջ, յաճախելով պետական երաժշտանոցը եւ Պողազիչի համալսարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է Թորոնթոյի «Ռոյըլ» երաժշտանոցին մէջ։ Առաջին անգամ 2017-ին ապա 2018-ին Նիւ Եորքի յայտնի «Քարնէճի հոլ» սրահին մէջ բեմ բարձրացած է եւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած։ Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցած է Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Իտալիոյ, Քորէայի, Ֆրանսայի, Գանատայի զանազան քաղաքներու միջազգային բեմերու վրայ նշանաւոր օփերաներու մէջ դեր ստանցնած եւ փառատօներու մասնակցելով արժանացած է զանազան մրցանակներու։

Տաղանդաւոր ջութակահար Նունէ Մելիք ծնած է Սիպիր, վեց տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել, եօթը տարեկանին առաջին մենահամերգը ունեցած է «Քազան» սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ։ Այդ թուականէն սկսեալ որպէս մենակատար հանդէս եկած է Հայաստանի, Գանատայի, Դանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Մէքսիքոյի, Ռուսիոյ եւ Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու սենեկային նուագախումբերու հետ։ Ելոյթներ ունեցած է Նիւ Եորքի «Քարնէճի հոլ»ի, «Լինքոլն կեդրոն»ի, Մոսկուայի «Պոլշոյ»ի նմանօրինակ միջազգային բեմերու վրայ։ Մելիք ճանչցուած է որպէս Կովկասի երաժշտութեան մասնագետ, տիրապետելով չորս լեզուներու, դասախօսած է Քոլոմպիա համալսարանին, Ուէյն պետական համալսարանին, Արիզոնայի համալսարանին, Երեւանի Նարեկացի Արուեստի հիմնարկին եւ Ռուս-Հայկական համալսարանին մէջ։ Ներկայիս ան իր դոկտորայի ուսումը կը շարունակէ Մոնրէալի «Մաք Կիլ» համալսարանին մէջ։ Նունէն արժանացած է զանազան մրցանակներու։

Համերգին սկիզբը խմբավարը յայտագիրին մէջ ընդգրկուած կտորներուն եւ յօրինողներուն մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց, այնուհետեւ անոր մականին տակ «Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբը նախ մեկնաբանեց Լորիս Չոպանեանի «Կոմիտաս. Տանջուած հոգին» կտորը, որ մեղմ եւ տխուր երաժշտութեամբ ցոյց կու տար Կոմիտասի կրած ցաւը, տառապանքը եւ տանջանքները։

Կոմիտասի «Չինար ես» կտորը յաջողապէս մեկնաբանեց մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէր։ Այս կտորին մշակումը կատարած էր խմբավարը։ Յաջորդաբար երգչուհին կատարեց նաեւ թուրք յօրինող Թահսին Ինճիճիի կողմէ Նազըմ Հիքմէթի բանաստեղծութիւններուն վրայ հիմնուած երկու երգեր՝ «Վարնա» եւ «Խաղաղութիւն », որոնք առաջին անգամ մեկնաբանուեցան։ Այս անգամ երգչուհին հանդէս եկաւ Կոմիտասի «Ալ այլուղս» ժողովրդական երգով, որուն գործիքաւորումը նոյնպէս կատարուած էր Նուրհան Արմանի կողմէ, որ ջերմ գնահատանքի արժանացաւ։

Ջութակահար Նունէ Մելիք բեմ բարձրանալով «Սինֆոնիա Թորոնթօ»ի հետ գեղեցիկ հնչեղութեամբ մեկնաբանեց հայաստանցի ծանօթ յօրինող Վաչէ Շարաֆեանի ջութակի եւ սենեկային նուագախումբի համար մշակած եւ ժամանակակից ոճով գրած «Քոնչէրթօ Սերենատա» կտորը, որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։  Այս կտորը առաջին անգամ կը նուագուէր Գանատայի մէջ։ Նունէն մեկնաբանեց նաեւ Կոմիտասի «Վաղարշապատի պար» կտորը։

Յայտագիրին երկրորդ մասը աւելի զուարթ կտորներէ կը բաղկանար։ Ներկայացուեցաւ յոյն յօրինող Նիքոս Սքալքոթասէն (1904-1949) հինգ յունական պարեր։ Յաջորդաբար յայտնի երգահան եւ յօրինող Էտուարտ Միրզոյեանի (1921-2012) հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Էլեկիա։ Շուշանիկ» կտորը, ապա Հունգարացի Պէլա Պարթոքէն (1881-1945)  վեց Ռումանական ժողովրդական պարեր։ Այս պարերուն յաջորդեց Կոմիտասի ժողովրդական երգերն ու պարերը․ «Շողեր ջան», փառատօնի երգ «Հաբրբան», «Հոյ Նազան», «Կաքաւիկ»։ «Էջմիածնի պար» կտորով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։ Որպէս պիսի կտոր նուագուեցաւ Կոմիտասի «Քէլէ քէլէ» եւ Արամ Խաչատուրեանի նշանաւոր «Դիմակաւոր պարահանդէս»ի վալս կտորը։ Խմբավարը եւ նուագախումբը քանիցս ներկաներու երկարատեւ բուռն ծափողջոյններուն արժանացան։

Սօփրանօ Պէսթէ Քալէնտէր

 

Ջութակահար Նունէ Մելիք

«Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբը