Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Ժամանակի Սլաքը


Համազգայինի երգչախումբի 1991-ի ելոյթը Էդիկ Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ:

Արշօ Զաքարեան


Կը պատրաստուինք տօնախմբելու Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի 50-ամեակը: Արդէն մեր միտքերը կ’երթան ետ ու առաջ: Դեռ Թորոնթոյի գաղութը նոր կազմուած էր, երբ Թորոնթոյի Համազգայինի մասնաճիւղը հիմնուեցաւ, առաջին ձեռնարկը նուիրուած էր Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին:

Արդեօք դեռ երէկ չէ՞ր, երբ առաջին բեմադրութիւնը ներկայացուեցաւ, Շիրվանզադէի «Պատուի Համար»ը` Մկրտիչ Ֆերմանեանի բերմադրութեամբ: Աբգար, Վահէ, Ժիրայր, Արշօ, Արփի, Մարօ, Մանուկ, Սերոբ, Այտա, Արմէն վերցուցած էին մեծ ու փոքր դերեր: Յուշարարները էին Էլիզը եւ Հիլտան, բեմայարդարը` Սուրէնը: Այդ օրերուն Համազգային թատերասրահը չունէինք եւ կը վարձէինք երկրորդական դպրոցներու թատերասրահները: Յաջորդ «Պաղտասար Աղբար»ն էր` Արամ Միրաքեանի բերմադրութեամբ: Արշօ Պօյաճեանը 7 տարբեր թատերգութիւններ բեմադրեց, երիտասարդ Ատոմ Էկոյեանը` Open Arms, Ժիրայր Էնճէյեան, Մովսէս Աշըքեան, Մանուկ Գալայճեան, Այդա Քէշիշեան եւ այսպէս շարունակուեցան թատերական ներկայացումները: Ամենէն յատկանշականերէն էր Թէնըսի Ուիլեըմզի «Ապակիէ Ձիաւոր»ը` Էլիզի թարգմանութեամբ, Սուրէնի բեմադրութեամբ, Արշոյի, Մանուկի, Արմէնի եւ Այտայի խաղարկութեամբ: Իսկ միւսը, որ մեծապէս տպաւորած է բոլորս, Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ Լռութիւնը» էր` հայրենի վաստակաշատ Արմէն Խանտիկեանի բերմադրութեամբ: 4 Ապրիլ 2014-ին, բացումը կատարուեցաւ Համազգային թատերասրահին, որմէ կ’օգտուին թէ’ Համազգայինը եւ թէ’ մեր այլ կազմակերպութիւնները: Իսկ «Դէմ եւ Դիմակ» թատերական խմբակը  գաղութի ոյժերով կը բեմադրէ թատերգութիւններ, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն եւ այլ գաղութներէն կը հրաւիրէ թատերախումբեր:

Արդեօք դեռ երէկ չէ՞ր, երբ Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանի բացումին կը պատրաստուէինք` արձանագրելով գիրքերը, շրջանակ անցնելով մեր բանաստեղծներուն եւ գրողներուն լուսանկարներուն:  Յետագային, ունեցանք երկու եւս գրադարանի բացումներ, մէկը 1980-ին, երբ մեր նոր կեդրոնը հիմնուեցաւ եւ 2017-ին, երբ բոլորովին նորոգեցինք ամբողջ գրադարանը:  Գրադարանին հետ կապուած մեր յիշատակներուն մէջ մեծ տեղ ունին Ռոստոմ Եղոյեանը եւ Էլիզ Շարապխանեանը: Ի՜նչ հեղինակներու, թարգմանիչներու, բանաստեղծներու գիրքերը ներկայացուցած ենք. Յ. Կարապենցի, Լ. Շիրինեանի, Մ. Շարապխանեանի, L. Shirinian-ի, K. Garebian-ի, A. Whitehorne-ի, Marsha Skrypuck-ի, Victoria Rowe-ի, Erika de Vasconcelos-ի, Վրէժ-Արմէնի, Յ. Խաչիկեանի, Վ. Թէքեանի, Ա. Այվազեանի, Փ.  Պալաքեանի, Ք. Պոհճելեանի, Ռ. Մնացականեանի, Սմբատի, Գ. Բանեանի, Յ. Չոլաքեանի, Ր. Յովհաննէսեանի, Ա. Պալէօզեանի, Ռ. եւ Ս. Փանոսեաններու, Վ. Պէրպէրեանի, Ա. Արփինէի, Վ. Գարագաշեանի եւ 50-է աւելի այլ հեղինակներու, քանի մը հատին` իւրաքանչիւր գիրքի հրատարակութեան հետ կազմակերպած ենք զատ շնորհանդէսներ: Գրատարածը եւ գրադարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը առ այսօր: Աւելի քան 33 տարիներ հանրային գրադարաններուն հայթայթած է ամենէն վերջին հայատառ հրատարակութիւնները թէ’ մանկական եւ թէ’ չափահասներուն համար` բոլոր նիւթերու շուրջ:  Ամէն տարի կը կազմակերպէ Հայ Գրքի Շաբաթավերջ եւ միշտ նեցուկ է հայ դպրոցներուն:

Դեռ երէկ չէ՞ր, երբ 1970-ին մեր առաջին համերգը ունեցանք` Սարգիս Համպոյեանի ղեկավարութեամբ: 1981-ի Յունիս 14-ին, Էդիկ Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ` 100 հոգինոց երգչախումբի ելոյթը տեղի ունեցաւ` հմայելով մեր ծարաւ հոգիները: 17 տարիներ երգչախումբը ելոյթներ ունեցաւ եւ երբեք թափը չկորսնցուց: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է, որ սերունդափոխութիւն եղած է եւ այժմ երիտասարդ ղեկավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ  «Գուսան» երգչախումբը կը շարունակէ ելոյթ ունենալ, վերջինը Նոյեմբեր 3-ին էր «Անուրջներ» խորագիրով` նուիրուած մեր յիսնամեակին: Նաեւ մանկապատանեկան ՙՀայ Աստղեր՚ երգչախումբը տպաւորած է բոլորս ու կը վայելէ գաղութին գուրգուրանքը` 10 տարիներէ ի վեր:

Դեռ երէկ չէ՞ր, երբ զանազան պարասոյցներու ղեկավարութեամբ ելոյթներու ներկայ գտնուեցանք: Ահա հասած է յաջորդ սերունդը, վերջին 12 տարուան ընթացքին արհեստավարժ ուսուցիչներու` Արսէնի, Լորիի, Արեւիկի, Նելլիի առաջնորդութեամբ ունինք «Արցախ» ուսամնարանը եւ «Էրէբունի» պարախումբը, երբ մեր հեզաճկուն աղջիկներու պարէն արդէն կը վերանանք, իսկ տղոց առնական պարերը մեզ կը խանդավառեն: Իրենց իւրայատուկ տարազներով, մոգական ու սահուն ներկայացումներով ամէն գարնան կը յուզեն մեզ: Պարած են Roy Thomson Hall, Koerner Hall, Scotia Bank մարզական համալիրի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր պարերու միջոցաւ կը ներկայացնենք հայ մշակոյթը:

Դեռ երէկ չէ՞ր, երբ քաղաքի Տիւբոն փողոցի վրայ, նախկին կեդրոնի փոքր սրահէն սկսանք ցուցահանդէսներու: Մինչեւ այս օրս կը շարունակենք, երբեմն խմբային ինչպէս` հայրենի գեղանկարիչներով, երիտասարդ տաղանդներով, քանդակագործերով, լուսանկարչական արուեստով եւ երեք սերունդի` Էլիբէկեան արուէստագետներու գործերով: Մեծ մաշտապով կազմակերպած ենք մեր Քրիստոնէութեան ընդունման 1,700-ամեակին, մեր տառերու գիւտի 1,600-ամեակին առիթներով նուիրուած ցուցահանդէսներ, որոնց 50-է աւելի արուեստագէտներ մասնակացած են: Իսկ անհատական ցուցահանդէսներու շարքին մէջ են անզուգական արուեստագէտներ, ինչպէս Խուպեսէրեան, Արսլանեան, Մանտալեան, Թազեան, Յակոբեան, Ղազանճեան, Մատուլեան, Խաչատրեան, Պէհէսնելեան, Դաւիթեան, Աբրահամեան, Թազեան, Բարաղամեան, Գոճամանեան, Չաքմաքեան, Պետրոսեան եւ շարքը շատ երկար է: Դեռ նոր աւարտեցինք Մարինէ Զուլոյեանի գեղնկարչական գործերու ցուցահանդէսը:  Ունինք 27 տարիներէ ի վեր Սիրակ Մելքոնեանի ուսուցմամբ չափահասներու արուեստի դասընթացք եւ երիտասարդ ուսուցչուհիներու` պատանիներու դասընթացք:

Դեռ երէկ չէ՞ր, նորածին երեխաս ամուսինիս հոգատարութեան յանձնելով կը վազէի Համազգայինի լսարանի դասընթացքին: Դեռ պահած եմ նօթագրութիւններս: Եօթը տարիներ, 1983-էն 89,  շարունակուեցաւ Հայոց Պատմութեան եւ մշակոյթի լսարանը, որուն մտայղացումը Անդրանիկ Արթինեանին էր: Մեր դասախօսներն էին` Ս. Յովհաննէսեանը, Մ. Շարապխանեանը եւ Ր. Տէր Պօղոսեանը:

Հինգ տարիներ, 1991-էն 95, երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուեցան նորաձեւութեան ներկայացումներ, երբ հայ եւ գանատացի վարպետներու գործերը ցուցադրուեցան: Այս ձեռնարկները կազմակերպեց մեր երիտասարդ սերունդը` ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն, եւ արձագանգ գտան ամէնուրէք: Դեռ երէկ էր, չէ՞:

Իսկ գալով 21-րդ դար, ունինք «ՆՈՒՌ» իլմի Փառատօնը, որ նոր ամբողջացուց 14-րդ յաջող տարին` ներկայացնելով 50 ֆիլմեր, 50 տարիներուն համար` Նոյեմբեր 13-էն 17:  Աշխարհի ամէն կողմերէն հայ ֆիլմի վաստակաւոր վարպետներու եւ սկսնակ տաղանդներու ֆիլմերը կը ցուցադրուին մեր գաղութին: Այս փառատօնը եզակի երեւոյթ է հիւսիւսային Ամերիկայի մէջ: Արդէն տարբեր վայրերէ հիւրեր յատկապէս կուգան մեզի հետ վայելելու հայ ֆիլմարուեստը: «ՆՈՒՌ» ֆիլմի յանձնախումբը կը գնահատէ եւ կը քաջալերէ նորերը եւ յայտնի արուեստագէտները` նպաստներով եւ մրցանակներով: Ունի դատական կազմ եւ ժրաջան կամաւորներ: Կարելի չէ յիշել բոլորը, բայց անպայման պէտք է նշենք ղեկավարը` Սեւակ Եղոյեանը, որ անկասկած Հայկական ֆիլմերու համայնագիտարանն է:

21-րդ դարուն ունինք նաեւ գրասէրներու խմբակ, որ 9 տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ գրական հաւաքներ, որոնց ընթացքին կը վերածանօթանանք մեր մշակոյթին եւ նորանոր էջերու մէջ զետեղուած գանձերուն: Խմբակը ամէն տարի կը կազմակերպէ նաեւ աշակերտական արտասանական մրցումներ: Դարձեալ կարելի չէ յիշել բոլոր խմբակը, բայց անպայման ղեկավարին` Թամար Տօնապետեան-Գուզուեանին, որուն դերը անուրանալի է: Ինչպէ՞ս չ’անդրադառնալ Թորորնթոյի հրատարակչատան Ֆոնտին, որուն միջոցաւ լոյս տեսան Չէքիճեանի «Ամառնային Անձրեւ»ը, Գալուստի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն», Օտեանի «Թաղականին Կնիկը», Բարաղամեանին «An Artist’s Journey», Ֆէրէշէտեանի քերթուածներու հաւաքածոն:

Դեռ երէկ էր, չէ՞` Համազգայինի համախմբումներուն կը մասնակցէինք ճամբորդելով զանազան գաղութներ եւ երկու անգամ ալ մեր մասնաճիւղը եղաւ հիւրընկալը: Դեռ երէկ չէի՞ն դիմակաւոր պարահանդէսները, դաշտագնացութիւնները, աշուղական երեկոները, երաժշտական ելոյթները, Հայ Գրքի մեծարանքի Օրերը, զանազան Յոբելեանները եւ մեծարանքի ձեռնարկները, ինչպէս` Արամ Հայկազի, Մ. Թէօլէլեանի, Յ. Օշականի, Ու. Սարոյեանի, Կոմիտասի, Դ. Վարուժանի, Վ. Տէրեանի, Ժ. Յակոբեանի, Պ. Սնապեանի, Ռ. Դաւոյեանի եւ դարձեալ շարքը երկար է: Դեռ այս յոբելեանները եւ մեծարանքները կը շարունակուին զանազան ձեւերով, որպէսզի մեր յաջորդները գիտակցին այս գոհարներուն, մեծերուն, տաղանդներուն եւ` ջահը փոխանցուի:  

Իսկ միւս կարեւոր գործը, Համազգայինի միջոցաւ կրցանք մեր տաղանդները եւ մշակոյթը հրամցնել Գանատական երաժշտական բարձրագոյն մակարդակի` կազմակերպութեան եւ հասարակութեան, TSO (Toronto Symphony Orchestra), Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եզակի ելոյթը, RCM (Royal Conservatory of Music), Khatarourian Trioն եւ Komitas անմոռանալի ելոյթները:

«Գլաձորը Մեր Ոսպնեակէն» խորագիրով 50-րդ տօնակատարութիւնը այս անհամար նուաճումներուն արձագանգն է: Անհնար է յիշել բոլոր ձեռնարկները եւ կամաւոր աշխատողներուն մեծ բանակը: Արդէն տպագրութեան յանձնուած է 400-է աւելի էջերէ կազմուած յուշամատեան մը, ուր կարելի է տեսնել գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւնները: Այս կոթողային աշխատանքը Ժիրիկ Փօլ-Փիթըրի տարիներու աշխատանքի արգասիքն է: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրցած է ընդգրկել մեր բոլոր ձեռնարկները, մամուլի արձագանգը, յայտարարութիւնները եւ լուսանկարները:

Թշնամիները շատ բաներ կործանեցին եւ փճացուցին, բայց մենք` ըլլայ սփիւռք եւ հայրենիք, մեր մշակոյթի վահաններով կը պայքարինք, կը պահենք եւ նորանոր ուղիներ կը ստեղծենք պահելու մեր ինքնութիւնը: Մեր գաղութի կեանքը հայութեան պատմութեան անբաժանելի մասն է:

25 Նոյեմբեր 2019

 

Ձախէն աջ Արշօ Զաքարեան« Ռոստոմ Եղոյեան« Մարգար Շարապխանեան« Հեղինակª Յակոբ խաչիկեան« Էլիզ Շարապխանեան, Անի Կարպուշեան եւ Սօսի Թաշճեան ՙA Summer Without Dawn՚ գրքի շնորհահանդէսին, 1992

 

Մուշեղ Իշխանի ՙՍառնարանէն Ելած Մարդը՚ թատերգութիւնը` Սեդա Քէշիշեանի բեմադրութեամբ, 2000