Աղէտի Գօտիին Մէջ 653 Ընտանիքներ Բնակարանային Պայմաններու Բարելաւման Կը Սպասեն


Վարեց` Աննա Գզիրեան


Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան «Աղէտի գօտիի բնակարանային ապահովման պետական ծրագիր»ով տրամադրուած բնակարաններու նուիրատուութեան պայմանագիրներու կնքման վերջին ժամկէտը սահմանուած է 1 Դեկտեմբեր 2016ը: Այս մասին «Արմէնփրես»ին յայտնեց նախարարութեան աշխատակազմի բնակարանային քաղաքաշինութեան եւ համայնքային ենթակառոյցներու վարչութեան պետ Թանիա Արզումանեանը` ներկայացնելով «Աղէտի գօտիի բնակարանային ապահովումի պետական ծրագիր»ով իրականացուած աշխատանքները: Ստորեւ կու տանք հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկի՛ն Արզումանեան, «Աղէտի գօտիի բնակարանային ապահովումի պետական ծրագիր»ով մինչեւ այսօր քանի՞ ընտանիք բնակարան ստացած է, եւ քանի՞ն ունի բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ բնակարանային ապահովման ծրագիրը սկսած է իրագործուելու 2008 թուականին: Աղէտի գօտիին մէջ կատարուեցաւ հաշուառում, եւ սահմանուած վերջնաժամկէտին արձանագրուեցան մօտ 7 հազար ընտանիքներ: Անոնք Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզերուն մօտ 110 բնակավայրերու բնակիչներ էին: Նշուած 7 հազար ընտանիքներէն ծրագիրի չափանիշներուն կը համապատասխանէր 5400ը: 2009-2013 թուականներուն լուծուած էր մօտ 4200 ընտանիքի բնակարանային խնդիր: 2014էն մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքներու ծիրէն 553 ընտանիքներ բարելաւեցին իրենց բնակարանային պայմանները: Մնացած է 653 ընտանիքներու բնակարանային խնդիրի լուծումը: Արդէն այս հարցը նախատեսած ենք 2017 թուականի պիւտճէին մէջ: Ծրագիրի աւարտը նախատեսուած է 2017 թուականի վերջը:

Հ.- Կա՞ն արդեօք վիճակագրական տուեալներ տնակային պայմաններու մէջ ապրող այն ընտանիքներուն մասին, որոնք զանազան պատճառներով դուրս մնացած են ծրագիրէն: Կը պատասխանէ՞ք` ի՛նչ թիւի մասին է խօսքը:

Պ.- Տնակային տնտեսութիւններու մէջ ապրող ընտանիքները կարելի է բաժնել երկու խումբի: Մէկ մասը այն խումբն է, որ չէ համապատասխանած մեր ծրագիրի չափանիշներուն: Անոնք 1000էն աւելի ընտանիքներն են: Մնացեալները ոչ աղէտի պատճառով անօթեւան մնացած ընտանիքներն են:

Տնակային պայմաններու մէջ ապրող, բայց պետական ծրագիրին մէջ չընդգրկուած ընտանիքներու պարագային հաշուառում չէ կատարուած, բայց համայնքներէն ստացուած մօտաւոր տուեալներու համաձայն, ընդհանուր առմամբ մօտ հազար ընտանիքի մասին է խօսքը: Անոնց մեծ մասը ոչ աղէտի պատճառով անօթեւան մնացածներն են:

Հ.- Ըսիք, որ հաշուառում չէք կատարած, այդ կ՛ենթադրէ՞, որ այդ ընտանիքներուն աջակցելու հարցով քննարկումներ չեն կատարուած:

Պ.- Ընդհանուր առմամբ քննարկումներ չկան, սակայն միանշանակ այդ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման հարցին մասին պետութիւնը գիտէ, քաջատեղեակ է, պարբերաբար այդ հարցերը կը բարձրացուին: Եթէ կարելի ըլլայ անդրադառնալ, ուրեմն ատիկա կ՛ըլլայ ծրագիրի աւարտէն ետք, բայց պետութիւնը կ՛ընէ նաեւ այնպէս, որ այդ ընտանիքներու բնակարանային խնդիրները կը դիտարկուին համայնքներու զարգացման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ընկերային բնակարանային հիմնադրամի շրջագիծին մէջ:

Հ.- Պետական ծրագիրի իրագործման ընթացքին ի՞նչ խնդիրներու դէմ յանդիման գտնուած էք: Եղա՞ծ են դէպքեր, երբ կարիքաւորները հրաժարած են բնակարաններէն:

Պ.- Խնդիրը դժուար թէ կարենամ որակել, բայց աղէտէն շատ տարիներ անցնելու պատճառով ծրագիրի կարգը կ՛որակուի հինցած: Եթէ գիտէք, բնակարանը կը յատկացուի կորսնցուցածին չափով: Ընտանիքները մեծցած են, բայց իրենց կորսնցուցածին չափով բնակարան կը տրուի, ատիկա եղած է որոշ մարդոց դժգոհութեան առիթը: Բնակարանէն հրաժարելու դէպքեր գրեթէ չեն արձանագրուած, եզակի դէպք կրնայ ըլլալ: Կան ընտանիքներ, որոնք տակաւին կը շարունակեն ապրիլ տնակի մէջ ոչ թէ դժգոհութեան պատճառով, այլ այն պատճառով, որ մինչեւ բնակարան ստանալը կ՛ապրէին երկու տնակներու մէջ, իսկ հիմա ստացած են բնակարան իրենց կորսնցուցածին չափով, որ տարածքի առումով բաւարար չէ, ընտանիքի անդամներուն թիւը մեծ է:

Հ.- Պետական ծրագիրներուն զուգահեռ, նաեւ կատարելագործուած են տարբեր բարեգործական ծրագիրներ` ուղղուած անօթեւաններու բնակարանային պայմաններու բարելաւումին: Անոնք որքանո՞վ կ՛ուղղորդուին: Եղա՞ծ է դէպք մը, երբ պետական ծրագիրի շահառուներէն ներառուած են բարեգործական ծրագիրներուն մէջ:

Պ.- Քանի որ պետութիւնը ոչ աղէտի պատճառով անօթեւան մնացած ընտանիքներու նկատմամբ պարտաւորութիւն չունի, միանշանակ ողջունելի է, որ բարեգործական ծրագիրները ուղղուին նոյնինքն այդ ընտանիքներուն: Անոնք, որոնք ներառուած են պետական ծրագիրներու մէջ, միեւնոյնն է, բնակարան պիտի ստանան: Որքան գիտենք, յատկապէս ոչ աղէտի պատճառով անօթեւան մնացածները կ՛ընդգրկուին բարեգործական ծրագիրներու մէջ: Բայց դէպք մը եղաւ, երբ Համահայկական հիմնադրամը բնակարաններ բաժնեց, ցանկեր ստացանք եւ հասկցանք, որ ընտանիք մը կայ, որ պետական ծրագիրի շահառու է: Այդ պարագային համապատասխան փոփոխութիւն կատարուեցաւ նախարարի հրամանին մէջ, այդ շահառուն հանուեցաւ պետական աջակցութեան ծրագիրէն: Լաւ կ՛ըլլայ, որ տեղական մարմինները բարեգործական ծրագիրները ուղղորդեն, որ պետական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած անօթեւան ընտանիքներու թիւը նուազի:

Ի դէպ, այդ բարեգործական ծրագիրները յատկապէս Գիւմրիի մէջ կ՛իրագործուին, լաւ կ՛ըլլար, որ Սպիտակը եւ միւս քաղաքները նոյնպէս ընդգրկուէին:

Հ.- Ի՞նչ փուլի մէջ է բնակարաններու նուիրատուութեան պայմանագիրներու կնքման հոլովոյթը:

Պ.- Կարեւոր խնդիր մը կայ` յատկացուած բնակարաններու սեփականաշնորհման հետ կապուած: Կան մարդիկ, որոնք 2010-2012 թուականներուն ստացած են բնակարաններ եւ մինչեւ այսօր չեն կնքած նուիրատուութեան պայմանագիրները: Զարմանալի է, չէ՞. որո՛ւն որ խօսեցնես, կ՛ըսէ` պետութիւնը անուշադրութեան մատնած է, բայց հիմա բնակարանները ստացած են եւ չեն գար պայմանագիրները կնքելու: Անոր համար ալ պետութիւնը սահմանած է վերջին ժամկէտ` 1 Դեկտեմբեր 2016ը: Ասիկա լաւ կարելիութիւն է կոչ ուղղելու քաղաքացիներուն, որ գան եւ կնքեն պայմանագիրները: 2990 ընտանիքներէն 2337ը կնքած են նուիրատուութեան պայմանագիր, իսկ 22 առ հարիւրը չէ կնքած: Պայմանագիրներ չկնքելը քաղաքացիներուն կարելիութիւն կու տայ որոշ հարցերը շրջանցել: Քանի տակաւին չունին իրենց անունով արձանագրուած սեփականութեան իրաւունքով գոյք, եւ որովհետեւ չունին արձանագրուած գոյք, կրնայ ըլլալ, ըսենք, պաշտպանութեան նախարարութենէն ստանան նիւթական աջակցութիւն, պետութենէն ստանան նպաստ: Հիմա պետութիւնը սահմանած է վերջին ժամկէտ. պայմանագիրները չկնքելու պարագային, բնակարանները կը յանձնուին համայնքներուն: