Հերիկ. Հրաշքով Փրկուած Ու Զարգացած Գիւղը


Թամարա Գրիգորեան


Բերձորէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հերիկ գիւղի աշակերտները արդէն նորակառոյց դպրոց կը յաճախեն:

«Հայրենասէր» կազմակերպութեան ջանքերով կառուցուած դպրոցը նպաստած է գիւղին մէջ նոր ընտանիքներու վերաբնակեցման որոշում տալուն: «Արմէնփրես»ը կը ներկայացնէ արցախաբնակ Թամարա Գրիգորեանի յօդուածը` գիւղի անցուդարձին մասին:

Գիւղին մասին

Հերիկ գիւղը Մոշաթաղ եւ Բերդիկ գիւղերուն հետ կը մտնէ Մոշաթաղ համայնքին մէջ: Հերիկը կը գտնուի Քաշաթաղի շրջանային կեդրոն Բերձորէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ, դէպի հիւսիս-արեւելք: Գիւղը ազատագրուած է արցախեան պատերազմին ընթացքին, 1991-1992 թուականներուն: Այդ տարիներուն գիւղը ունեցած է 30 տնտեսութիւն: Վերաբնակուելէն ետք, տակաւին քանի մը տարի գիւղը ելեկտրականութիւն չէ ունեցած, Հերիկ գիւղի փոքրիկները դպրոց չեն ունեցած:

Անգամ մը պարպուած եւ վերստին բնակեցուած Հերիկը

Ելեկտրականութեան, դպրոցի բացակայութեան պատճառով Հերիկը 1999-2000 թուականներուն սկսած է պարպուիլ: Կը թուէր, որ գիւղին կործանումը անխուսափելի է: Սակայն գիւղին վիճակուած էր ապրիլ եւ վերածնիլ: Գիւղին մէջ միայնակ մնացած Բակունց եղբայրներուն երկու ընտանիքները պահպանած եւ հսկած են ամբողջ գիւղին, չեն թոյլատրած, որ տուները քանդուին: Եւ այդ տուները պէտք էր օր մը ծառայէին նոր վերաբնակիչներուն:

2009-2010 թուականներուն Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարութեան յատուկ որոշումով Հերիկ սկսած է կրկին վերաբնակեցուիլ: Այստեղ տեղափոխուած են քանի մը ընտանիքներ, գիւղը ապահովուած է ելեկտրականութեամբ:

«Հայրենասէր»ի կողմէ կառուցուած դպրոցը` գիւղի զարգացման գրաւական

Որոշ տարրական պայմաններով ապահովուելէ ետք, սակայն, գիւղին մէջ առաջնահերթ կը մնար դպրոցի հարցը: Հերիկ գիւղի փոքրիկները իրենց դասերուն կը հետեւէին կիսախարխուլ եւ խոնաւ տան մը մէջ: Ծնողները ամէն օր կը մտածէին իրենց զաւակները օր առաջ այդ դպրոցէն, հետեւաբար նաեւ` գիւղէն հեռացնելու մասին: Շատ ընտանիքներ կը խուսափէին վերաբնակիլ Հերիկի մէջ` հաշուի առնելով յատկապէս դպրոցին անմխիթար վիճակը:

Համայնքապետ Սիրակ Սողոմոնեանի խօսքով, շատերը թերահաւատօրէն կը նայէին այն շէնքի աւերակին, որ կը նախատեսուէր վերակառուցել իբրեւ նոր եւ ժամանակակից դպրոց: Շատերը չէին հաւատար ծրագիրի գործադրութեան կարելի ըլլալուն: Սակայն այդ ծրագիրին հաւատացին «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնն ու վերջինս նուիրատուները: Քանի մը ամսուան ընթացքին կարելի եղաւ աւերակը վերածել յարմարաւէտ ու մաքուր դպրոցի: Այսօր արդէն նոր ընտանիքներ կու գան գիւղ` հաշուի առնելով դպրոցին ներկայ վիճակը: «Սեպտեմբեր 1ին ընտանիք մը հաստատուեցաւ մեր գիւղը` հաշուի առնելով այն, որ մեր գիւղին մէջ արդէն ժամանակակից ու բարեկարգ դպրոց կայ», տեղեկացուց Սիրակ Սողոմոնեանը:

Հերիկի մէջ կառուցուած դպրոցը այսօր դարձած է գիւղին գոյութեան, զարգացման եւ կայացման գրաւականը:

Հերիկը` այսօր

Հերիկի մէջ այսօր 12 տնտեսութիւն կայ: Գիւղը այսօր լիայոյս է ապագայի նկատմամբ: Ծնողները, տեսնելով իրենց զաւակներուն համար կառուցուած դպրոցը, այլեւս չեն մտածեր որեւէ տեղ տեղափոխուելու մասին: Իրենց զաւակներն ալ այսօր մեծ ուրախութեամբ կ՛երթան մաքուր եւ բարեկարգ, տակաւին նախորդ տարի միայն երազանք թուեցող դպրոց:

Գիւղին բնակիչները, ենթակառոյցներու առկայութեան պարագային, պատրաստ են ապրելու եւ աշխատելու Հերիկի մէջ: Գիւղին դիրքը կ՛արտօնէ մեծ ծաւալով ցորեն, գարի մշակելու, ինչով որ յատկապէս գիւղացիները կը զբաղին:

Այսօր նաեւ բարեկարգուած են գիւղին ճամբաները: Համայնքապետը կ՛ըսէ, որ ճամբաներու բարեկարգման ընթացքին յայտնաբերուած են քանի մը խաչքարեր, որոնք տեղափոխուած են գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցող միջնադարեան եկեղեցւոյ բակ:

Հերիկը ազատագրուած  է հայ ազատամարտիկի կեանքի գնով, հայրենիքի այս հողակտորը սրբագործուած է հայ զինուորին արիւնով: Հերիկցիները ասիկա շատ լաւ կը գիտակցին: Ճիշդ այդ պատճառով ալ ապրիլեան պատերազմի առաջին օրերուն անոնք առաջիններէն էին, որոնք մոռնալով տուն ու աշխատանք` կամաւոր շտապեցին սահման: «Վստահաբար առաջին մեկնողներէն էինք, միայն Հերիկէն 6-7, իսկ մեր ամբողջ համայնքէն մօտ 45 հոգի մեկնեցանք առաջին գիծ եւ աշխուժօրէն մասնակցեցանք հայրենիքի պաշտպանութեան: Մեկնեցանք, քանի որ մենք շատ լաւ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ այստեղ կ՛ապրինք», հպարտօրէն կ՛ըսէ համայնքապետ Սիրակ Սողոմոնեանը:

Անոր ձայնին մէջ վստահութիւն եւ ուրախութիւն կը զգացուէր. համայնքապետը իսկապէս ուրախ է կառուցուած դպրոցին համար, ուրախ է, որ Հերիկ գիւղը այսուհետեւ պիտի ապրի լիարժէք կեանքով, ուրախ է, որ իր համայնքէն ոչ թէ մարդիկ պիտի հեռանան ու հեռացնեն իրենց զաւակները, այլ պիտի ձգտին իրենց զաւակները բերել այստեղ` մաքուր եւ յարմարաւէտ դպրոց յաճախելու:

Հերիկը արժանի է լաւագոյն ապագայի եւ պիտի ունենայ զայն:

«Հայրենասէր» կազմակերպութիւն