«Պահենք Երեխաները Ընտանիքին Մէջ» Ծրագիրին Շնորհիւ Ընտանիք Մը Եւս Կայուն Եկամուտ Ապահովելու Հնարաւորութիւն Ունեցաւ


«Եու քոմ» հաստատութեան եւ «Ուորլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած «Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» բարեգործական նախագիծին շնորհիւ` «Եու քոմ»ի բաժանորդները անցեալ ամիս եւս աջակցեցան մէկ ընտանիքի` կայուն եկամուտի աղբիւր ստեղծելու գործին մէջ: Այս անգամ աջակցութիւնը տրամադրուեցաւ Արագածոտնի մարզի գիւղական համայնքներէն մէկուն մէջ բնակող երկու զաւակներու տէր` Սերոբի եւ Ծաղիկի ընտանիքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ընտանիքը տեղափոխուած է համայնք, մէկ տարի առաջ: Ընտանիքի մօր առողջական խնդիրները լուծելու նպատակով անոնք ստիպուած` վաճառած են իրենց բնակարանը, իսկ մնացեալ գումարով` գիւղէն տուն գնած: Զաւակներէն Քնարիկը դպրոց կը յաճախէ, իսկ երկու տարեկան Գայեանէն տունն է` սիրող ու հոգատար ծնողներու եւ մեծ մօր ուշադրութեան տակ: Այս ընտանիքը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատ վիճակի մէջ: Տան մէջ չկայ որեւէ առողջապահական յարմարութիւն, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի ջեռուցման խնդիր:

Այս ընտանիքին չափահաս անդամները չունին հիմնական աշխատանք, իսկ անոնց եկամուտի միակ աղբիւրը Սերոբի եւ Գայեանէ մեծ մօր եղանակային աշխատանքն է` հովիւութիւնը եւ մօր` Ծաղիկի հիւանդութեան թոշակը: Համայնքին մէջ չկան աշխատատեղեր, եւ այս պատճառով կը բարդանայ կայուն եկամուտի ապահովումի հարցը:

«Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, հաշուի առնելով անասնապահութեան դերը ընտանիքի հասարակական-տնտեսական վիճակի բարելաւման գործին մէջ, Սերոբին տրամադրուած է կով, հաւ եւ անասնակեր` անասնապահական աշխատանքները սկսելու, սնունդի եւ վառելիքի հարցը որոշակի չափով լուծելու, ինչպէս նաեւ եկամուտ ապահովելու համար:

bahenk-1Ընտանիքին ծնողները վստահ են, որ այժմ արդէն կրնան ապահովել իրենց ընտանիքին առաջնահերթ կարիքները եւ երեխաները պահել տան մէջ` ծնողական հոգատարութեան տակ:

«Մենք շնորհակալ ենք «Եու քոմ»ի բաժանորդներուն` այս ծրագիրի կազմակերպման ուղղուած իւրաքանչիւր դրամի համար: «Եու քոմ» հաստատութիւնը, ինչպէս միշտ, կը կրկնապատկէ անոնց իւրաքանչիւր ներդրումը եւ ջանքեր կը գործադրէ, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ կրէ, եւ երեխաները մեծնան ծնողական սիրով ու ջերմութեամբ շրջապատուած», ըսած է «Եու քոմ» հաստատութեան տնօրէն Աշոտ Բարսեղեան:

«Ուորլտ վիժըն»ը բազմամեայ փորձ ունի խոցելի եւ անապահով ընտանիքներուն հետ աշխատանքի մարզին մէջ եւ իր փորձագէտներուն եւ ընկերային ծառայողներուն ջանքերով կը կազմակերպէ մասնագիտական աշխատանքներ` ընտանիքներու հետ մշակելով անհատական զարգացման նախագիծեր: Այս աշխատանքներուն առանցքային նպատակն է բարելաւել իւրաքանչիւր ընտանիքի ընկերային-տնտեսական վիճակը, որուն շնորհիւ ալ ծնողները կը շարունակեն երեխաները պահել ընտանիքի մէջ», ըսած է «Ուորլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղի ծրագիրներու տնօրէն Ժիրայր Էդիլեանը: