ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Սկսաւ Երեւանի Մէջ


ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը, 14 Հոկտեմբեր, Երեւան 

“Ազդակ”,- Հոկտեմբեր 14-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, պետական,կուսակցական ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու եւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու:

Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեան ընթերցեց Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին յղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը հաստատէր, որ «մէկ դարէ ի վեր հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը իր նուիրեալ առաքելութիւնը կ՛արդիւնաւորէ` կրթելով մեր ժողովուրդին պատանի եւ երիտասարդ զաւակները, անոնց հոգիներուն մէջ զօրացնելով ազգանուիրումը եւ հայրենասիրութիւնը»:

Հանդիսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեան գիրը ընթերցեց ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէր, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական իմաստով մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ` առաքելութիւն է իր էութեամբ եւ նպատակով: «Մեր ազգային արժէքներու տարածման, հայակերտման ու հայապահպանման նուիրուած որեւէ կառոյց, նուիրական առաքելութեան մըն ալ լծուած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ», կը շեշտէր վեհափառ հայրապետը իր գիրին մէջ ու կը շարունակէր. «Այսպէս եղած է ՀՄԸՄ-ը հայ կեանքին մէջ ամէն տեղ. այս ոգիով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան լծուած հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կողքին դառնալով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահապանը, ջահակիրն ու առաքեալը»:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ այսօր մենք կանգնած ենք ժամանակակից աշխարհի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք շատ են ու բազմաշերտ, ունին զանազան դրսեւորումներ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Թէեւ քիչ չեն նաեւ ընդհանուր խնդիրները եւ մտահոգութիւնները եւս: ՀՄԸՄ պիտի փորձէ գտնել եւ ճիշդ կերպով ձեւակերպել բազմաթիւ հարցերու պատասխանները, արժեւորել եւ վերլուծել մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիմաց ծառացած խնդիրները, տեսնել անոնց խորքը եւ մշակել նոր, մեթոտապէս հարուստ ծրագիրներ, լուծման յստակ ուղիներ:

Հանդիսութեան Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնա-կան վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեան։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր եւ յառաջիկայ մօտիկ տասնամեակներուն կը հանդիսանայ կազմ ու պատրաստ ա՛յն միութիւնը, որ կրնայ առաւելագոյն յաջողութեամբ անխորտակելի պատնէշներ ու պարիսպներ կառուցել համաշխարհայնացման մահացու վտանգին դիմաց (ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը տեսնել առանձին):

Հանդիսութեան վերջին խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միութեան վերջին քառամեակի աշխատանքներուն վրայ եւ կատարեց կարգ մը մատնանշումներ: Անցնող քառամեակին ՀՄԸՄ իր մասնաճիւղը ունեցաւ Արցախի մէջ: Ամրապնդեց եւ ընդարձակեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոսկուայի մասնաճիւղին աշխատանքներուն: Նաեւ, միութիւնը ունեցաւ 8 նոր միաւորներ եւ մասնաճիւղեր աշխարհի տարածքին, ինչ որ դրական երեւոյթ է ընդհանուր նահանջի, այլասերման եւ օտարացման մեր օրերուն:

Վերջապէս, նշեց Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի անցնող քառամեակը յատկանշական է, որովհետեւ միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին, ան ստեղծեց երկար տարիներէ ի վեր անհրաժեշտութիւն նկատուող միութեան երիտասարդական բաժանմունքը, նախ` Եւրոպայի երիտասարդութիւնը համախմբող Վիեննայի 2017-ի հաւաքով ու ապա` Աթէնքի 2019-ի երիտասարդական Ա. համագումարով:

Շքանշաններու եւ ներկաներու գնահատանքի ծափողջոյններուն արժանացան միութենական իրենց երկարամեայ ծառայութիւններով ծանօթ ՀՄԸՄ-ականներ` Հրաչ Սիսեռեան` Ֆրանսայէն, Մանուկ Քէօշկերեան` Սուրիայէն եւ Քարլոս Սէֆէրեան` Արժանթինէն: Վերջինը հանդիսութենէն բացակայ ըլլալով, շքանշանը փոխանցուեցաւ անոր որդիին:

Պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ  Հոկտեմբեր 19-ը, իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Ծաղկաձորի մէջ։

Նախքան պաշտօնական բացման արարողութիւնը ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը կատարուեցաւ, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին։ Բացման հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին նուագով, մուտք գործեցին Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դրօշները, ապա խօսքեր արտասանեցին Ռոլանտ Շառոյեան, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ քանդակի հեղինակ Դաւիթ Մինասեան։

 ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումին ներկայ հիւրեր

Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը․ Կարմիր ժապաւէնի հատումը կը կատարեն՝ ձախէն աջ՝ Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, հիմնարկի դասախօսներէն Ռոլանտ Շառոյեան եւ Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան