Արշօ Զաքարեան
Արփի Ազնիւ Շամլեան Մերաս հասակ առած է գրասէր« երաժշտասէր եւ Հայ լեզուին պաշտպան եղող ընտանիքի մը մէջ, Պոլիս։ Հայրը «Մարմարա» թերթի արտօնատէրն էր. զայն կանուխէն կորսնցուց։
Երիտասարդութեան՝դաշնակ նուագելու իր տաղանդը զարգացուց Փարիզի մէջ£ Ամուսնացաւ Մկօ Մերասի հետ եւ հաստատուեցան Գանատա« ուր ունեցան երկու մանչերª Սուրէն եւ Սարօ£ Արկածի պատճառաւ փթամատը վնասուելուն պատճառով Արփիի երաժշտական ասպարէզը կիսատ մնաց։
Թորոնթոյի գաղութի կազմաւորման տարիներուն մեծ ներդրում ունեցած է Արփին՝ որպէս ՀՕՄուհի եւ ուսուցիչ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանին մէջ, ապա՝ ՀՕՄի ամառնային դպրոցին մէջ։ Հոն ծիլ առաւ Արմէնիա պարախումբը« որ հետագային զարգացաւ եւ փառատօներու մասնակցեցաւ՝ ներկայացնելով թորոնթոհայ գաղութը։ Արփին ոչ միայն դաշնամուրի ընկերակցութիւնը կ’ընէր այլ նաեւ յանձն կ՛առնէր այն բոլոր կազմակերպական մանրամասնութիւնները, զորս պարախումբ մը կը կարօտի ելոյթ ունենալու համար։ Թորոնթոյի Գարաւան փառատօնին Երեւան տաղաւարի ուրախութեան եւ խանդավառութեան աղբիւրն էր այդ պարախումբը,որ 9 օրեր անընդհատ կը պարէր։
1979ին Օնթարիոյի վարչապետ Bill Davisէն ստացաւ Woman of the Year պատիւը իր տարած բազմատեսակ գործունէութեան համար հայ եւ գանատական կեանքին մէջ։ Իսկ ՀՕՄը 2002ին ՀՕՄի օրուայ տօնակատարութեան առթիւ Արփիին պատուեց իր յատուկ ներդրումին համար՝ թորոնթահայ գաղութին մէջ։
1974ին Արփին հիմնեց Արփի Մանկամսուրը եւ Մանկապարտէզը։ Հոն յաճախեցին հայ եւ օտար երեխաներ։ Իր ուսուցիչներուն հետ այդ երեխաներուն տուաւ հոգածութիւն« լեզուական եւ մարմնային կարողութիւններ,ճկունութիւններ,խնամք,գուրգուրանք եւ մանաւանդ ինքնավստահութիւն ու սէր արուեստի հանդէպ։ Մօտակայ դպրոցներու հայ աշակերտներուն համար հիմնեց Արփի ուսումնարան։Հոն հայեցի դաստիարակութիւն տուաւ՝երգ, պարի, արուեստի եւ հայերէն լեզուի միջոցաւ։ Ան կազմակերպեց իր աշակերտներուն համար Հայաստանագնացութիւններ։ 44 տարուան ընթացքին լման սերունդ մը առիթը ունեցաւ Արփի Մանկապարտէզի եւ ուսումնարանի միջոցաւ իր մշակոյթը սորվելու,ծանօթանալու եւ վայելելու։
Արփի իր անհուն սէրը դէպի իր ազգը յայտնեց իր անհամար օգնութիւններով ըլլայ այդ երկրաշարժի աղէտէն վիրաւորեալներուն եւ որբերուն․հայրենի արուեստագէտներուն, նոր Գանատա հաստատուած ընտանիքներուն թէ հայրենիքի մէջ կարօտեալներուն։Այս բոլորը ըրաւ առանց ֆանֆարի եւ ցուցամոլութեան։ Օրինակ. իր աշակերտներուն հետ նուէրներ առաւ ու տարաւ աղետեալ գօտիի երեխաներուն։Իր ըրած բարիքներուն տեղեկացանք միայն պատահաբար։
Արփի Մերասի յուղարկաւորութեան ընթացքին քրոջ դուստրը եւ թոռնուհին նաեւ իր 5 թոռները արտայայտուեցան իրենց ստացած յատուկ սէրին,ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին։
Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ,ուր Դոկտ. Շաքէ Տէյիրմէնճեան Թոքմանեանը հակիրճ ձեւով նկարագրեց Արփին անդրադառնալով անոր սրտակից եւ հասկցող հոգիին։Արփին մարդկային սէրով վարակեց իր շրջապատը, յատկապէս իր աշակերտները։Ան երբեք չտատամսեցաւ անկարելին կարելի դարձնելու նպատակին մէջ։
Եկեղեցւոյ գաւիթը ցուցադրուած էին իր հարազատներուն հետ զանազան առիթներով նկարուած լուսանկարները£ Բացայայտ էր այդ նկարներէն իր ոգեւոր ուղին կեանքի հանդէպ, իր մօտեցումը եւ անսահման սէրը դէպի երեխաները։
Զարմանալի չէր, որ եկեղեցին հայ եւ օտար սգակիցներով լեցուն էր: Անոնք եկած էին իրենց վերջին յարգանքի տուրքը տալու սիրելի Արփիին, որուն արարքներու յիշատակը եւ օրինակը միշտ թարմ պիտի մնայ։
Ան իր անունին՝Արփիի պէս ջերմութիւն սփռեց շուրջը եւ իր երկրորդ անունին՝Ազնիւի պէս տուաւ մաքուր սրտով եւ համեստութեամբ։