Սարգիս Համպոյեանի Յիշատակին (1935-2018)


Ար­շօ Զա­քա­րեան


Յու­նո­ւար 21ին մեզ­մէ ֆի­զի­քա­պէս բաժ­նո­ւե­ցաւ Պա­րոն Սար­գիս Համ­պո­յեա­նը։

Համպոյանի ծառայութիւնները թորոնթոհայ գաղութին անհամար են. ան ա­ռաջ­նոր­դած, կազ­մա­կեր­պած եւ ղե­կա­վա­րած է թո­րոն­թո­հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրաց դա­սե­րը եւ ցան­կագ­րած է հայ­կա­կան գրա­դա­րան­նե­րը, ծրագ­րած է Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը, զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու եւ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նարկ­նե­րը։ Եւ այս բո­լո­րը կա­տա­րած է կա­մա­ւոր կեր­պով՝ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով։

Իր մեծ սէրն էր հայ մշա­կոյ­թը՝ իր զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րով։ Սի­րեց ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ըլ­լայ այդ ե­կե­ղե­ցա­կան, թէ դա­սա­կան։ Դպրա­պետ էր զա­նա­զան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ։ ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բը կազ­մեց եւ ղե­կա­վա­րեց տա­րի­ներ՝ հայ­կա­կան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հրամց­նե­լով օ­տար թէ հայ հա­սա­րա­կու­թեան։ Սի­րեց հայ գիր­քը եւ գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Դա­սա­ւան­դեց Հա­յե­րէն, կազ­մեց ՙԾաղ­կա­քաղ՚ խո­րա­գի­րով եր­կու հա­տոր­ներ, ուր հա­ւա­քեց ընտ­րա­նի քեր­թո­ւած­ներ եւ գրու­թիւն­ներ։ Կազ­մեց գրա­կան խմբակ մը ՙՄաշ­տոց՚ ա­նու­նով, ամ­սա­կան դրու­թեամբ կը հա­ւա­քո­ւէին խումբ մը գրա­սէր­ներ ու­սում­նա­սի­րե­լու հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րը։ Թո­րոն­թո­հայ հե­ղի­նակ­նե­րուն թի­կունքն էր, կը սրբագ­րէր, կը քա­ջա­լե­րէր, նոր գի­րե­րու նա­խա­բա­նը կը պատ­րաս­տէր եւ գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւե­լէն ետք, կամ զայն կը ներ­կա­յաց­նէր եւ կամ շնոր­հա­հան­դէ­սի հան­դի­սա­վա­րու­թիւ­նը կը ստանձ­նէր։ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նական ե­կե­ղե­ցիի եւ Հա­մազ­գա­յի­նի ՙՅա­րու­թիւն Մա­նու­կեան՚ գրա­դա­րան­նե­րու գիր­քե­րու ցան­կագ­րու­մը կա­տա­րեց տա­րի­ներ՝ մեծ բծախնդ­րու­թեամբ։

Մի­ջին Ա­րե­ւել­ք ապրած շրջանին դա­սա­ւան­դած է զա­նա­զան Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ, ի մի­ջի այ­լոց՝ Մել­քո­նեան Կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան եւ ու­սու­ցի­չի կո­չու­մը շա­րու­նա­կած է Գա­նա­տա։ Վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րուն Հոլ­թըն Փի­լի Շա­բա­թօ­րեա­յի հո­գա­տարն էր։

Փա­ռա­ւոր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­նո­ւար 27ին, Մի­սի­սո­կա­յի Սուրբ Վար­դան Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, հա­րա­զատ­նե­րու, ըն­կեր­նե­րու եւ ծանօթներուն կող­քին, ներ­կայ էին Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, դպրաց դա­սե­րու ան­դամ­նե­րը, Հայ­կա­կան զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու, ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ գրա­դա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ՙՄաշ­տոց՚ գրա­կան խմբա­կի գրա­սէր­նե­րը, հե­ղի­նակ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ։

Սար­գիս Հան­պո­յեան ե­ղաւ հո­գա­տար եւ գուր­գու­րա­ցող ա­մու­սին Լիւ­սիին, հայր՝ Հրա­կին եւ Հու­րիին, մեծ հայր՝ իր ու­թը թոռ­նե­րուն։ ԱՆոնք միակ հայ ըն­տա­նիքն էին, որ 25 տա­րի­ներ բնա­կե­ցան Ան­թի­կո­նիշ, Նո­վա Սքո­շա նա­հան­գը։ Տան լե­զուն հա­յե­րէն էր։ Ըն­տա­նեօք ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­յը՝ լա­ւա­գոյն ձե­ւով։

Ան վե­րապ­րո­ղի զա­ւակ էր, ծնած էր Հա­լէպ։ Կա­նու­խէն ծնող­քը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը նկա­տած են իր ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը հան­դէպ ե­րաժշ­տու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան։ Ու­սա­նած էր Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քը, Aleppo College, ա­պա՝ AUB մաս­նա­գի­տա­նա­լով պատ­մու­թեան մէջ։ 1967ին հաս­տա­տո­ւած էր Թո­րոն­թօ եւ հե­տե­ւած էր գրա­դա­րան­նե­րու գի­տու­թեան Թո­րոն­թո­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ St․ Francis Xavier հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նին պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղած էր։ Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու աղ­բիւր­ներ փնտռող ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար այս գրա­դա­րա­նա­պե­տի կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ օգ­նու­թիւ­նը օ­րի­նա­կե­լի եւ կա­տա­րեալ էր։ Իսկ Ան­թի­կո­նի­շի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի գրա­դա­րա­նի չորս պա­տե­րը յանձ­նած էին ի­րեն, որ կազ­մէ գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րու ցան­կը։ Իր հանգս­տեան տա­րի­նե­րուն փո­խադ­րո­ւեցաւ Օք­վիլ, բայց ան եր­բեք հան­գիստ չը­րաւ։ Ա­ռանց դա­դա­րի, գան­գա­տի եւ կամ դժկա­մու­թեան այ­լեւ միայն պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, ո­գե­ւո­րու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ ծա­ռա­յեց իր շատ սի­րած մշա­կոյ­թին։

Հայ գա­ղու­թի զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը գնա­հա­տած են Պա­րոն Սար­գիս Համ­պո­յեա­նի ե­զա­կի եւ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը։ Հոտ­կեմ­բեր 1, 2Օ17ին, Սուրբ Վար­դան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տէր Միւ­րոն Սար­գի­սեա­նի եւ ծխա­կան խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բարձր շքան­շա­նով։ Իսկ Հոկ­տեմ­բեր 11ին, Հա­մազ­գա­յի­նի գրա­դա­րա­նի վե­րա­բա­ցու­մին, Հա­մազ­գա­յի­նը հայ մշա­կոյ­թի այս ծա­ռա­յին յայտ­նեց իր խոր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը՝ ա­նոր նո­ւի­րե­լով իր շատ սի­րած Կո­մի­տա­սի գիրք ալ­պոմը։

Բարձր բա­րո­յա­կա­նով այս հայ մշա­կին տե­ղը թա­փուր պի­տի մնայ, ափ­սո՛ս։ Ինչ­պէս իր տղան՝ Հրա­կը, ը­սաւ. ՙԱս­տո­ւած հո­գին լու­սա­ւո­րէ՝ ինչ­պէս որ ինք մեր հո­գի­նե­րը լու­սա­ւո­րեց իր իսկ օ­րի­նա­կով՚: