Ես Սիրահարուած եմ Հայոց Լեզուին. Երուսաղէմի Համալսարանի Փրոֆէսոր


«Նիուզ»․- Երուսաղէմի հրէական համալսարանին մէջ մօտ 40-50 ոչ հայ ուսանողներ կ՝ուսումնասիրեն հայոց լեզու, հայկական մշակոյթ ու պատմութիւն, կ՛ըսէ համալսարանի դասախօս, փրոֆէսոր Մայքլ Սթոուն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան։

Աւստրալացի Մայքլ Սթոուն սկսած է դասաւանդել գրաբար դեռ 1967ին: 2007ին ան թոշակի անցած է, սակայն դեռ կը դասաւանդէ: Վերջերս ան ուսանողներու խումբի մը հետ, առաջին անգամ, գրաբարէն բանաստեղծութիւն թարգմանած է եբրայերէնի: «Թարգմանութիւնը պիտի հրապարակուի գրական ամսագիրներէն մէկուն մէջ», նշած է ան:

Անոր խօսքով համալսարանին մէջ կայ նաեւ Հայաստանի մշակոյթի ու պատմութեան դասընթացք: «Ես Աւստրալիոյ մէջ մեծցած են, ու շատ լեզուներու տիրապետած են: Իմ փրոֆէսորս ինծի անգամ մը ըսաւ՝  «լաւ պիտի ըլլար՝ հայերէն սորվէիր»: Ես սկսայ սորվելու դասախօս Աւետիս Խանճեանի հետ, որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի, ու ես պարզապէս սիրահարուեցայ հայոց լեզուին», պատմած է ան:

Փրոֆէսըր Սթոուն ուսումնասիրած է ոչ միայն հայոց լեզուն, այլեւ հայոց պատմութիւնն  ու մշակոյթը, որ անոր խօսքով՝ ազդեցութիւն ձգած է ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:

Ան նաեւ պատմած է Հայաստանի մէջ հրեաներու եւ Սուրբ հողի վրայ հայերու ներկայութեան մասին ամենահին վկայութիւններու մասին: Սթոուն նշած է, որ Նազարէթի մէջ յայտնաբերուած են հայերէն տառերով քարեր, որոնք 5րդ դարու տարեգրուած են: Այսպիսով կարելի է ենթադրել, որ այդ գրութիւնները եղած են դեռ Մեսրոպ Մաշտոցի կենդանութեան օրօք:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ հրեաներու ներկայութեան` Սթոուն յիշեցուցած է, որ 90ականներուն Եղէնիսի մէջ յայտնաբերուած է գերեզման մը, ուր պահպանուած են եբրայերէն կամ արամերէն լեզուներով գրութիւններ: Այդ քարերը տարեգրուած են 13-14 դարերով: