«Ժխտման Ճարտարապետները»․ Ճուլիըն Ասանժ, Ճոն Էւընս Եւ Այլք Կը Պահանջեն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


«Արմենփրես»․- Ամերիկեան դերասաններ Մանթել Ուիլեըմսի եւ Տին Քէյնի նախաձեռնութեամբ նկարահանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող վաւերագրական ֆիլմ մը, որ կը կոչուի «Ժխտման ճարտարապետները. ժխտուող ցեղասպանութիւնը շարունակուող ցեղասպանութիւն է»(‘Architects of Denial’): Ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները աւարտած են, անիկա պիտի ցուցադրուի սահմանափակ թատրոններու մէջ 2017ի Հոկտեմբերէն:

Ֆիլմին մէջ կը խօսին յայտնի դէմքեր, ինչպէս WikiLeaks­ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էւընս, ամերիկացի յայտնի իրաւապաշտպան, Genocide Watch կազմակերպութեան հիմնադիր Գրեգորի Սթանթոն, Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի աշխատակից, լրագրող Սիպել Էտմընտս, բրիտանացի յայտնի իրաւաբան Ճէֆրի Ռապըրթսըն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը վերապրածներ:

Փաստավաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ կողմէ պատմական փաստերու ժխտման, 1988­ին Ազրպէյճանի մէջ հայերու դէմ իրականացուած կոտորածներուն, 2016ի Ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ հայկական գիւղերու վրայ իրականացուցած յարձակումներուն, նոյնիսկ Թալիշի աւերման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան փաստի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ժխտողական դիրքորոշման մասին:

«Կան շատ փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր: Հզօր տէրութիւնները, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները, չեն ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան ամբողջ աշխարհով թշնամական լոպպիստական գործունէութիւն կ՛իրականացնէ` համոզելու, որ չկան յիշատակումներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»,­ ֆիլմին մէջ կը պատմէ Ճուլիըն Ասանժ:

 «Հայերու դէմ կիրառուած են ոչնչացման ամենադաժան միջոցները», կը­ պատմէ յայտնի իրաւաբան Ճէֆրի Ռապըրթսըն:

«Քանի որ Թուրքիոյ թոյլ տրուին հերքել իր կողմէ գործուած Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, միւս երկիրները կարծեցին, որ իրենք եւս կրնան իրականացնել զանգուածային սպանութիւններ եւ անպատիժ մնալ: Թուրքերուն համար Ցեղասպանութիւնը երբեք տեղի չէ ունեցած, սակայն հայերուն համար անիկա երբեք չէ աւարտած: Մենք պէտք է հիմա ամբողջութեամբ ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միւս բոլոր ցեղասպանութիւնները, քանի որ ժխտուող ցեղասպանութիւնը շարունակուող ցեղասպանութիւն է»,­ կը նշէ ֆիլմի արտադրող, յայտնի դերասան Տին Քէյն:

Ֆիլմին հեղինակները կոչ կ՛ընեն բոլորին համացանցի մէջ հնարաւորին չափ շատ կիսուիլ ֆիլմով` նպաստելով անոր մասին իրազեկութիւնը: