Գէորգ Չիչեան
“Հայերն Այսօր”,- Երուսաղէմի մէջ Մարտ 4-էն 21 տեղի ունեցած «Հայերը Երուսաղէմի մէջ» խորագիրով փառատօնի ծիրէն ներս ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, տուտուկահար Գէորգ Տապաղեան եւ երաժշտահան Վաչէ Շարաֆեան հանդէս եկած են տուտուկի եւ դաշնամուրի կատարումներով:
Երուսաղէմի մէջ գտնուելու պատեհ առիթը չկորսնցնելով` Գէորգ Տապաղեան յաճախ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար եւ գիշերը անցուցած այնտեղ: Այդ այցելութիւններուն ընթացքին տուտուկահարը մտածած է տուտուկի միջոցով իր աղօթքը բարձրացնել առ Աստուած:
«Եկեղեցւոյ տարբեր հատուածներու մէջ տարբեր կատարումներ հնչեցին` Տէր Ողորմեա, Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն, իսկ Հաւուն Հաւունը կատարեցի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանի մուտքին առջեւ: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ ըլլալը աննկարագրելի, հոգեպարար զգացողութիւններ կ’առաջացնէ, բառերով չես կրնար նկարագրել», ըսած է Տապաղեան եւ աւելցուցած, որ այդ գիշեր Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ գտնուող այլազգի ուխտաւորները կլանուած եւ հիացած լսած են կատարումները, որոնք անոնց համար իսկական բացայայտում մը եղած են: Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ առաջին անգամ ըլլլաով կը լսուէին տուտուկի հնչիւնները, եւ, ընդհանրապէս, որեւէ գործիք, բացի երգեհոնէն, Տաճարին մէջ առ այսօր չէ հնչած: Ան Մեծ Պահքին ընդառաջ աւելի տպաւորիչ, ազդու եղած է եւ իրենց աւելի մօտեցուցած Տիրոջ:
Գէորգ Տապաղեանի կարծիքով իւրաքանչիւր հայ պէտք է այցելէ Երուսաղէմ, զգայ Սուրբ Յարութեան տաճարի խաղաղեցնող մթնոլորտը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու ինքզինքդ եւ վերարժեւորելու ապրած կեանքդ:
«Տպաւորուած եմ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հայր սուրբերու եւ սարկաւագներու ընդունելութենէն, անոնց կատարած աշխատանքէն։ Անոնք ամէն ջանք կը գործադրեն` Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական արժէքները եւ հայկական ներկայութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ: Անոնք հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներ են», իր խօսքը ամփոփած է տուտուկահարը:
Աւելցնենք, որ երկրորդ անգամ տեղի ունեցող փառատօնը կազմակերպուած էր Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարան»ի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի համագործակցութեամբ: