Մանուկներու պատմութեան ժամ
Թ. Տ.
Թորոնթոյի մէջ Փետրուար ամիսը սովորաբար բուք ու բորանէն հեռու` տուներուն մէջ, կրակարաններուն առջեւ կծկուելու ամիս է. Կամ` աւելի արկածախնդիրներուն կամ մարզանքով հետաքրքրուողներուն համար` քաղաքէն դուրս, լեռներու վրայ սահելու ամիս:
Սակայն, տարբեր էր Փետրուարը այս տարի. մշակութային ձեռնարկներով ողողուն ամիս մը, հակառակ սաստիկ ցուրտին, անդադար տեղացող ձիւնին, սառուցեալ անձրեւին, որոնք իրարու հետ եկան քաղաքը ճերմակ ու սահուն տափաստանի մը վերածել, մանաւանդ` ամսուան առաջին կիսուն:
Իսկ այս վիճակին ստեղծած տրամադրութենէն դուրս գալու համար, աւելի յարմար ի՞նչ միջոց կայ արդեօք, քան` ծիծաղը. ուրեմն հակիրճ` Վահէ Պէրպէրեանի մենախօսութեան մասին:
“ՈՒՐԵՄՆ” մենախօսութեան ներկայացումը ծրագրուած էր Համազգայինի ՙԴէմ Դիմակ՚ թատրոնին կողմէ, 10 եւ 11 Փետրուարին, համբաւաւոր ՙԵրգ Հայաստանի՚ երաժշտախառն թատերական ներկայացումէն մօտ երեք շաբաթ անց։ Փակագիծ մը բանալով կ’արժէ նշել, թէ ՀՀ ժողովրդային արտիստ Աշոտ Ղազարեանի, հմայիչ դերասանուհի-երգչուհի Արփի Գաբրիէլեանի ու սիրուած, տաղանդաւոր դերասան Ռաֆայէլ Երանոսեանի կատարողութեամբ՝ ՙԵրգ Հայաստանի՚ ներկայացումը (բեմադրութիւնը՝ Արշալոյս Յարութիւնեանի) մեծապէս խանդավառած էր Թորոնթոն, 26 Յունուարին։
Փետրուարը հազիւ թեւակոխած, ՙՈւրեմն՚ի երկու ելոյթներուն տոմսերը սպառեցան․ Ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, երրորդ ներկայացումը կազմակերպուեցաւ 13 Փետրուարին։ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումներուն ծանօթ անձը գիտէ, թէ ինչ կ’ակնկալէ․ Պէրպէրեան իր նիւթերը կը վերցնէ կեանքէն, ժողովուրդէն, մեր առօրեայէն․ չի վարանիր, չի զտեր, չի մեղմացներ․ կու տայ այնպէս ինչպէս որ ինք համադրած է՝ ազատ, անկեղծ, անկաշկանդ։ Ինչպէս հանդիսավար Վարագ Պապեան իր բացման խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ․ ՙԱյս սրահին մէջ հաւաքուողներուս համար Վահէ Պէրպէրեանը անծանօթ անուն, անծանօթ դէմք չէ։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր,« իր սրամիտ մենախօսութեամբ, կրցած է,« արտօնած՝ մեր ազգը պաշտպանող վահանը մէկ կողմ դնել և շատ պարզ ձեւով մեր ոտքերը տնկել ու խնդալ» ։ Եւ այդ ալ ըրաւ հանդիսատեսը․ երէցն ու երիտասարդը, Հայաստանցին, Սուրիահայը, Պարսկահայը, Լիբանահայը, Գանատահայը, Իրաքահայը․․․ ՙՀամազգային՚ թատերասրահը բերնէ բերան լեցնող հայը նստեցաւ եւ մօտ երկու ժամ բարձրաձայն խնդաց իր կեանքին, կենցաղին, յարաբերութիւններուն, համոզումներուն մասին առանց դադարի, երերայաջորդ պատումներուն ականջալուր։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի գիրքերու եւ խտասալիկներու վաճառքը՝ կազմակերպուած Գրատարած-գրադարանի յանձնախումբին կողմէ։
Փոքրերու Պատմութեան Ժամ
Կիրակի՝ 11 Փետրուար 2018ին, հաւանաբար Գլաձոր մասնաճիւղի պատմութեան էջերուն անցնի իբր ամենէն բազմակողմանիօրէն ծանրաբեռնուած օրերէն մին․ երեք տարբեր ձեռնարկներ՝ ՙՈւրեմն՚ի երկրորդ ելոյթը, Փոքրերու Պատմութեան ժամ յայտագիրը եւ Պարարուեստի ելոյթ՝ մէկ օրուան մէջ։
Համազգայինի ՙՅարութիւն Մանուկեան՚ գրադարանին մէջ հաւաքուած էին խումբ մը փոքրիկներ՝ մասնակցելու Փոքրերու Պատմութեան Ժամ ծրագիրին, որ Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, ամսական հերթականութեամբ տեղի կ’ունենայ 2017էն ի վեր։
Գրական յանձնախումբէն Արմինէ Թորիկեանի եւ Արտա Տէր Յակոբեանի կողքին՝ իբր պատմող մեզի հետ էր ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտ Հայկ Յարութիւնեանը։ Բարձր գնահատելի եւ օրինակելի է մանաւանդ Հայկին մասնակցութիւնը։
Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ՙԹուղթէ տոպրակով իշխանուհին՚ եւ ՙՄանիշակագոյն, կանաչ եւ դեղին՚ մանկական գիրքերու պատումին․ ապա, բարեկենդանի թեմային շուրջ ձեռային աշխատանք տեղի ունեցաւ, մէկ ժամուան յայտագիրը բոլորելով գոյնզգոյն դիմակներու պատրաստութեամբ։
Դպրոցի դասապահերէն անդին՝ ահաւասիկ փոքրիկները հետաքրքրող, ուսանելի,« միաժամանակ ազգօգուտ նախաձեռնութիւն մը եւս Գլաձոր մասնաճիւղի ձեռնարկներու շարքին։
Children’s Spring Festival
Նոյն օրը՝ 11 Փետրուարին, մինչ սառուցեալ անձրեւը կը տեղար, Համազգայինի Արցախ Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծերու խումբէն որոշ անդամներ կը պատրաստուէին մեկնելու դէպի Metro Toronto Convention Centre, John Bassett մեծ սրահին մէջ պետական ճանաչում ստացած 2018 Children’s Spring Festivalի յայտագիրին մասնակցելու։ Դժբախտաբար, խումբէն ոմանք չկրցան իրենց մասնակցութիւնը բերել քննութիւններու պատճառով։ Աննախընթաց այս առիթը շնորհուած էր Համազգայինին, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Դոկտ․ Կէնկ Թանի գրասենեակին եւ Youth Future կազմակերպութեան միջնորդութեամբ։
Երկու բաժիններու վրայ երկարող՝ երեք ժամուան ծրագիրին աւարտական պարերն էին ՙԵս իմ անոյշ Հայաստանի՚ (Գովք Հայաստանի) աղջիկներու հեզաճկուն պարն ու ՙԱւարայր՚ տղոց յաղթական պարը, պարուսոյց Արեւիկ Մարտիրոսեանի բեմադրութեամբ։
Երբ օտար եւ պատկառելի սրահի մէջ նստած, շուրջդ ոչ-հայ հանդիսատեսներով շրջապատուած ըլլաս ու յանկարծ հնչէ քուկդ, հոգեհարազատդ, յուզումէդ բառերը դուրս չեն ելլեր․․․ թէեւ կ’ուզես պոռալ, որ բոլորը գիտնան թէ այդ մէկը քուկդ է։
ՙԵս իմ անոյշ Հայաստանի՚ն կլանած էր ամբողջ սրահը․ եթերային կապոյտին մէջ, մեր չքնաղ աղջիկները (սիրայօժար դիմայարդարումը՝ Մարիա Գարակէօզեանի) այնքան նուրբ ու սահուն անցան բեմէն, մերթ բացուելով, մերթ միանալով ու միշտ զիրար ամբողջացնող ներդաշնակ շարժումներով եւ վերջապէս՝ մեծ ու փոքր Մասիսներու ուրուագիծով, ապահովելով ներկաներուն բուռն ծափերը։ Անմիջապէս յաջորդեց Արա Գէորգեանի ՙԱւարայրը՚․ այս անգամ տղաքը իրենց առնական, համաչափ շարժումներով տպաւորեցին հանդիսատեսը․ Արամ Սապոնճեանի եւ Մարինա Գալուստեանի հակիրճ մենակատարումները յաւելեալ փայլք տուին պարին, որ ամբողջացաւ հանդիսատեսին որոտընդոստ ծափերով։
Բարձր գնահատուեցաւ Համազգայինի մասնակցութիւնը․ ժրաջան աշխատանքը իր փայլուն արդիւնքը տուաւ, յաւելեալ փորձառութիւն եւ ընկերային հաճելի պահեր պարգեւելով մասնակցողներուն։
Կեանք Ու Կռիւ 1 Եւ 2
Համազգայինի Նուռ Ֆիլմի Փառատօնի յանձնախումբի գործունէութեան դաշտին մաս կը կազմեն տարուան ընթացքին, Փառատօնէն անդին՝ յատուկ նպատակի մը համար կազմակերպուած ցուցադրութիւնները։
Մհեր Մկրտչեանի Կեանք ու Կռիւ 1 եւ 2 շարժապատկերներու ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 24 Փետրուարի գիշերը, ՙՀամազգային՚ թատերասրահէն ներս․ հասոյթը՝ ի նպաստ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին։ Երկու ֆիլմերուն նիւթը Արցախեան պատերազմն է․ երկրորդը՝ Շուշիի ազատագրութենէն 25 տարի անց՝ քառօրեայ պատերազմին վրայ կեդրոնացած է։ Յուզիչ պահեր, սէր, ընկերութիւն, մարդկութիւն, ազգայնութիւն, հայրենասիրութիւն, սխրանք, յուսախաբութիւն․․․վերջապէս՝ կեանք ու կռիւ։
Համագործակցութեան այս քայլը բարձր գնահատելի է, կրթական մարզին ի նպաստ՝ Համազգայինի ներդրումը առաւել եւս զարգացնելու։ Համազգայինի Նուռ Ֆիլմի Փառատօնի յանձնախումբի ընդհանուր գործունէութեան լաւատեղեակ ըլլալու համար կը հրաւիրենք ձեզ, որ այցելէք pomegranatefilmfestival©com կայքէջը։
Զարեհ Խրախունի
Վերջապէս, Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին Զարեհ Խրախունիի մասին, 25 Փետրուարին, Լանա Տէր Պետրոսեանի ներկայացումը վերջ կը դնէ Փետրուարի ձեռնարկներուն, միաժամանակ առիթ տալով, որ Գրական յանձնախումբի կողմէ վեց տարիներէ ի վեր շարունակուող Հաւաքներուն տարեդարձը յիշատակուի, Խմբակի անդամներէն շատերու ներկայութեան։ Հաւաքի բացման խօսքը փոխանցեց Գրական յանձնախումբէն Արտա Տէր Յակոբեանը․ Ընթերցումով իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի 7րդ կարգի աշակերտ Նանսի Սապունճեանը։ Հաճելի էր նաեւ լսել Խրախունիի աշակերտներէն Աղաւնի Արսլանի տպաւորութիւնները։ Մանրամասնութեան համար ընթերցել Յարութիւն Դերձակեանի գրութիւնը։
Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներուն ընդմէջէն չենք յաւակնիր ամբողջական վերլուծումներ կատարել այս կամ այն գրողին մասին, կամ մասնագիտական դիտանկիւնէ արժեւորել, գրաքննադատել կամ գնահատել այս կամ այն գրողն ու իր գործը, այլ՝ միայն առիթ ընծայել պատանիին, երիտասարդին, սեղմ եւ ապահով միջավայրի մէջ, հայերէն լեզուով հայ գրականութենէն դէմք մը ներկայացնելու, գործ մը ընթերցելու, արտասանելու։ Վահան Տէրեանէն մինչ Պարոնեան, Էմին ու Դուրեան, Սեւակ ու Վարուժան եւ դեռ շատ աւելին․․․ քառասունէ աւելի հաւաքներու ընդմէջէն զրոյցի նիւթ դարձած են Համազգայինի ՙՅ․ Մանուկեան՚ գրադարանէն ներս․ կարդացուած են, կեանքի կոչուած են ու պիտի շարունակուին կենդանի մնալ, շնորհիւ մեր գրասէր երիտասարդութեան ու իրենց քաջալեր հանդիսացող հաւատաւոր Համազգայնականներու, նուիրեալ դաստիարակներու, ազգայիններու։