«Սիվիլնեթ»․- Յունիս 6ին, ամերիկահայ միլիառատէր, բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեան կը դառնար 100 տարեկան: Ան կարեւորագոյն անձանցէն մէկն էր, որ նպաստեց Լաս Վէկասը խաղատուներու քաղաք դարձնելու գործին: Քըրք Քըրքորեան գործարարի կենսագրութեան յայտնի դրուագներէն է, որ երեք անգամ գնած եւ վաճառած է MGM Studios ընկերութիւնը եւ ամէն անգամ` շահոյթով: Քըրքորեանի յայտնի գործարքներէն է նաեւ տարբեր ժամանակներու Chrysler եւ General Motors ընկերութիւններու բաժնետոմսերու ձեռքբերումը: 2015ին Forbesը Քըրք Քըրքորեանի ունեցուածքը գնահատած է 4,2 միլիառ տոլար:
Կը ներկայացնենք միջազգային մամուլին մէջ տեղ գտած գործարարին մահուան ու տարբեր ժամանակներու անոր տուած հարցազրոյցներէն հատուածներ:
Քըրք Քըրքորեան ծնած է 1917ի Յունիս 6ին հայ ներգաղթեալներու ընտանիքի մը մէջ: Ինչպէս գործարարը պատմած է Los Angeles Timesին, 2005ին, ան անցանկալի երեխայ եղած է. երբ մայրը` Լիլի Քըրքորեան, իմացած է, որ յղի է, հայ տարեց կանանց խորհրդով փորձած է ընդհատել յղիութիւնը, սակայն երբ չէ յաջողած, ստիպուած` լոյս աշխարհ բերած է Քըրքը:
Քըրքի հայրը` Ահարոն Քըրքորեանը, ձեռներէց էր, սակայն հազիւհազ կրնար հոգալ ընտանիքին կարիքները: 1969ին Fortune ամսագրին Քըրք Քըրքորեան պատմած էր, որ մանուկ ժամանակ ընտանիքը ստիպուած եղած է քսան անգամ տեղափոխուելու:
Չկապուիլ ոչ մէկ բանի
Los Angeles Timesը (LA Times) կը գրէ, որ ընտանեկան պատմութենէն Քըրք քաղած է երկու դաս. նախ` շատ չկապուիլ այն բաներուն, որոնք ունէր, քանի որ ատոնք կրնային այլեւս իրեն չպատկանիլ: Պարբերականի թղթակից Տայալ Թորգըրսընի` 1974ի «Քըրքորեան. ամերիկեան յաջողութեան պատմութիւն» գրքին մէջ ձեւակերպուած է Քըրքորեանի այդ մօտեցումը. «Ես չեմ ամուսնացած որեւէ բանի հետ»:
Հօր կրած տառապանքներէն քաղած երկրորդ դասը հետեւեալն էր` խաղասեղանին չդնել ամբողջ ունեցուածքը, որովհետեւ ձախողելու պարագային յաջորդ անգամուան համար ոչինչ կը մնայ:
Պատանի Քըրք եղբօր օրինակով զբաղած է բռնցքամարտով, ապա` տարուած երկինքով եւ ընդունուած օդաչուներու դպրոց: Քըրք ընդամէնը ութ տարի յաճախած է դպրոց եւ սկսած է փոքր տարիքէն աշխատելու:
«Ես դպրոց չեմ յաճախած, վաղ տարիքէս սկսած եմ աշխատելու, զբաղած են առքուվաճառքով: Շատ գործեր ունեցած եմ», կը մէջբերէ Bloombergը Քըրքի հազուագիւտ հարցազրոյցներէն մէկը:
Քըրք Քըրքորեան յայտնի է անով, որ երեք անգամ գնած եւ վաճառած է MGM Studios ընկերութիւնը, ամէն անգամ` շահոյթով:
«Քըրքորեանը կ՛անուանեն այսօրուան Լաս Վէկասը կերտած մարդը, որ հիմնած է խաղատուներու եւ շքեղ հիւրանոցներու ցանցեր», կը գրէ բրիտանական BBCն:
Համեստ միլիառատէրը
Առաջին խաղատունը Քըրքորեան Լաս Վէկասի մէջ բացաւ 1960ին, իսկ 1962ին սկսաւ անշարժ գոյք գնել քաղաքին մէջ` մինչ այդ վաճառելով իր հիմնած օդանաւային ընկերութիւնը, որ յետագային ետ պիտի գնէր:
Ատոր հետ մէկտեղ, ինչպէս կը գրէ LA Timesը, Լաս Վէկասի մէջ ոչ մէկ հիւրանոց կը կրէ Քըրք Քըրքորեանի անունը: Ան ընդհանրապէս հրապարակայնութիւն չսիրող մարդ էր. չէր սիրեր հարցազրոյցներ տալ եւ յաճախել հրապարակային ձեռնարկներու:
«Քըրքորեան շատ չէր մանսակցեր իրեն պատկանող ընկերութիւններու բաժնետէրերու հետ հանդիպումներուն մեծ մասին, իսկ երբ մասնակցէր քիչ կը խօսէր», կը գրէ New York Timesը:
«Ես ունիմ 30-40 տարուան ընկերներ, որոնց հետ հանդիպումները կը գերադասեմ նոր ծանօթութիւններու հետ,- 1999ին The Las Vegas Review-Journalին տուած բացառիկ հարցազրոյցին ժամանակ ըսած էր գործարարը: – անիկա, որ շատ միջոցառումներու չեմ յաճախեր եւ հրապարակային չեմ, չի նշանակեր, որ հանրութեան դէմ եմ»:
«Մարդ, որուն պատկանած է MGM սթուտիոն, «Օսքար» մրցանակաբաշխութիւնը կը դիտէ հեռուստացոյցով», 2005ին գրած էր LA Timesը:
«Քըրքորեան Ամերիկայի` հանրային տեսանկիւնէ ամենահամեստ միլիառատէրերէն էր, որ չորս տասնամեակ լուռ մնացած է այն պատճառով, որ 1971ին մամուլի կողմէ մեղադրուած է մաֆիայի հետ կապեր ունենալուն մէջ», Financial Timesը Քըրքորեանը այսպէս կը բնութագրէ եւ կը մէջբերէ Լաս Վէկասի նախկին քաղաքապետ Օսքար Գուտմընին, որ ըսած էր. «Ան գամի պէս ամուր էր, մուկի պէս՝ լուռ, եւ յարգուած՝ բոլորին կողմէ»:
Ժամանակին կանգ առնել
Քըրք Քըրքորեանի մասին նաեւ կը պատմեն, որ հմուտ խաղցող էր, ինչպէս մտերիմները կ՛ըսէին` վեցերորդ զգայարանով:
«Ան կը խաղար բոլորի պէս` երկար ժամանակ մնալով խաղասեղաններու մօտ: Անեկդոտ կայ այն մասին, թէ ինչպէս Քըրքորեան եկած է Վէկաս ընկերներուն հետ, ուղարկած անոնց իրերը սենեակներ եւ նստած խաղի: Ընկերները կորսնցուցած են իրենց ամբողջ գումարը, վերցուցած են պայուսակներն ու վերադարձած տուն: Գիտակցելով, որ խաղի այս ձեւը շահութաբեր չէ, Քըրքորեան որոշած է կրճատել խաղը», գրած է LA Timesը ու նկատած, որ Քըրքորեան խաղալու ատեն միշտ իմացած է իր սահմանը, եւ եթէ բոլորը այդպէս վարուէին, անոր խաղատուները կը սնանկանային:
Քըրքորեան կերտեց այսօրուան Լաս Վէկասը
Իր գործարքներուն մէջ նոյնպէս հմուտ էր եւ թերեւս բնազդաբար զգալով, թէ ուրկէ կարելի է շահոյթ ստանալ, Քըրքորեան ներդրումներ ըրաւ Լաս Վէկասի մէջ: Ան կառուցեց այն, ինչ կառուցեց եւ գնեց քաղաքի ամենայայտնի կառոյցները, որոնց շարքին` Bellagioն եւ Mirageը:
«Շատ մարդիկ ինծի հարցուցած են` կանխատեսա՞ծ ես արդեօք այս կամ այն: Պարզապէս բախտս բերած է: Ես մտածած եմ, որ եթէ վաստակիմ 50 հազար տոլար, կ՛ըլլամ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը», 2005ին The Timesի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր Քըրք Քըրքորեան: