Քեսապի Փոքրիկներու Թաքուն Ձիրքերու Յայտնաբերման Մրցաշարք


«Գանձասար»․- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Մայիս 21ին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ Քեսապի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն թաքուն ձիրքերը յայտնաբերելու համար մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ:

Մրցաշարքին նպատակը աշակերտներու մրցակցութեան ոգին զարգացնելը չէր միայն, այլ՝ անոնց մէջ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն արթնցնելն ու անոնցմէ շատերուն թաքուն ձիրքերը երեւան հանելը:

Մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր ընթերցանութիւն, արտասանութիւն, մեներգ եւ գծագրութիւն: Մրցումին մասնակցեցան 9 ընթերցող, 7 ասմունքող, 19 մեներգող եւ 33 գծագրող փոքրիկներ:

Ոմանք բեմին վրայ նախ կաշկանդուեցան, ապա աւելի ինքնավստահ շարունակեցին իրենց ներկայացումը, ուրիշներ համարձակօրէն արտայայտուեցան, այնուամենայնիւ այս մրցաշարքը բոլոր աշակերտներուն համար եզակի առիթ մը հանդիսացաւ բեմահարթակին վրայ հանդէս գալով իրենց թաքուն ձիրքերը յայտնաբերելու:

Դատակազմի անդամներն էին.- գիւղիս Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր հովիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, նախկին տնօրէն եւ դաստիարակ Աբրահամ Կարճիկեան եւ ուսուցչուհի Սեւան Մանճիկեան, իսկ օրուան բեմավարն էր երիցուհի Սեդա Շաքարեան-Զերենցեան:

Բացման խօսքով Յուշիկ Մանճիկեան-Ղազարեան յայտնեց, որ այս աննախընթաց մրցաշարքին նպատակն է քաջալերել փոքրիկները, բացայայտել անոնց շնորհքը:

Վարչութիւնը մասնակիցները գնահատեց խորհրդանշական նուէրներով, իսկ առաջնակարգները գնահատագիրով:

Բեմայարդարման մեկենասն էր Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, որ իւրաքանչիւր մասնակից աշակերտի երգարան մըն ալ նուիրեց:

Մրցաշարքը խանդավառեց փոքրիկները եւ խրախուսեց զիրենք՝ զարգացնելու իրենց ձիրքերը:

Հուսկ, Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան իր սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց ձեռնարկը: