Յարութիւն Դերձակեան
Հայաստան Համահայկան Հիմնադրամի տարեկան համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր Գանատայի հասարակապետութեան (Confederation )150-ամեակին, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 25-ամեակին, մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Նոյեմբեր 12-ին Հայ Կեդրոնի գեղեցիկ սրահին մէջ։
Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր ազատագրուած Արցախի վերաշինութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը բերելով գիւղերու մէջ օգտակար ծրագիրներ կ’իրականացնէ, ազգանուէր եւ մարդասիրական աշխատանք կը տանի, մինչեւ օրս իրականացնելով 72 մեծ ու փոքր ծրագիրներ։
Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով, մէկնաբանութեամբ՝ Արմէնիա Սարգիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Թալին Արթինեան-Քըլըպոզեանի։
Օրուան հանդիսավար Թէնի Նիկողոսեան ներկաները ողջունելէ ետք, պատուոյ հիւրերը մէկ առ մէկ ներկայացուց. ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Հայաստանի Հանրապետութէան Գանատայի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, հիւպատոս Սասուն Յովհաննէսեան, Հայաստանի Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Սուասլեան, հոգեւոր հայրեր, Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչ Խորէն Մարտոյեան, օրուան պատգամաբեր, խմբավար Փիթըր Ունճեան ու կողակիցը, եղբայրը Հայկ Ունճեան եւ կողակիցը, քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սրահը ամբողջութեամբ լեցնող եւ հիմնադրամի սատարող շուրջ 400 բարերարներու եւ համակիրներու բազմութիւն մը։
Նիկողոսեան անցնող 25 տարիներու ընթացքին հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներուն մասին փոխանցեց լայն տեղեկութիւններ, որոնցմէ յիշեց նորակերտ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մայրուղիներ, ջրամբարներ, կեանքի կեդրոններ, ուսումնական եւ մշակութային կեդրոններ եւ այլ հաստատութիւններ։
Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան խօսք առնելով ողջունեց Հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեան բոլոր մասնակիցները, ըսելով՝ “Հիմնադրամը կը շարունակէ իրականացնել իր բացառիկ առաքելութիւնը եւ բեղմնաւոր գործունէութեան շնորհիւ կը վայելէ մեր ժողովուրդի համակրանքն ու վստահութիւնը, ուշագրաւ է, որ Հիմնադրամը կը մէկտեղէ եւ կը միահիւսէ մեր բոլորի գաղափարները եւ միջոցները՝ համախմբելով եւ հզօրացնելով Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը”: Դեսպանը ընդգծեց եւ առանձնացուց մասնաւորաբար Թորոնթոյի մասնաճիւղի աշխատանքը, որ տարիներ շարունակ կ’ապացուցանէ իր ուժը եւ մեծ յաջողութիւններու հասնելու կարողութիւնը։ Դեսպան Մարտիրոսեան իւրաքանչիւր նուիրատուի անհատապէս շնորհակալութիւն յայտնեց՝ շեշտելով, որ 25 տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր տոլարներու ծրագիրներ իրականացան, միայն այս փաստը տուեալ աշխատանքի խօսուն վկայութիւնն է։ Դեսպանը Մկրտիչ Մկրտիչեանին յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնելով մաղթեց, որ նոյն կորովով շարունակէ այս ազգօգուտ աշխատանքները։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ սոփրանօ Արմէնիա Սարգիսեան իր քաղցր ձայնով շատ գեղեցիկ կերպով մէկնաբանեց իր յօրինած “Վարդան” անուն երգը, ջութակի ընկերակցութեամբ՝ տոքթ․ Հենրիկ Կարապետեանի, կիթառի ընկերակցութեամբ՝ Էտըմ Պէթսթոնի, որ աժնացաւ բոլորին ջերմ գնահատանքին։
Օփերայի սիրուած երգչուհի սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար․ նշանաւոր երգահան Արմէն Տիգրանեանի “Վարդիթեր” եւ Անուշ օփերայէն “Ամպի Տակից” երգերով հանդէս եկաւ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան-Քըլըպոզեանի։ Ան իր հրապուրիչ ձայնով ու անսայթաք մէկնաբանութիւններով հմայեց ներկաները՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։
Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի 25-ամեակի տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ կարկանդակի հատում՝ ձեռամբ դեսպանի եւ խմբավար Փիթըր Ունճեանի։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Հայր Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան։ Ճաշի տեւողութեան պաստառի վրայ ցուցադրուեցան 2016-ի ընթացքին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի զանազան մասնաճիւղերուն կատարած գործունէութիւնները։
Թորոնթոյի Հիմնադրամի երկարամեայ ժրաջան ու անխոնջ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան հանդէս եկաւ հիմնադրամի վարչութեան անունով. ան Արցախի մէջ 2016-2017 տարեշրջանի շինարարական աշխատանքներու մասին նկարներով մանրամասն բացատրութիւններ տալէ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը սատարեն Թորոնթոյի հիմնադրամի գործունէութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ “Նոր Հայ Հորիզոն” հեռատեսիլին․ հայատառ մամուլէն “Թորոնթոհայ” ամսաթերթին․ “Լուսաբաց” շաբաթաթերթին․ Մոնրէալի “Ապագայ” եւ “Հորիզոն” շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ “Մարմարա” օրաթերթին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամի ձեռնարկներուն։ Մկրտիչեան յայտնեց, որ 2016-ին հանգանակային ճաշկերոյթէն գոյացած գումարներով Թորոնթոյի հիմնադրամը Ուխտասար գիւղին մէջ կը կառուցէ դպրոց մը, Խնձորիստան գիւղին մէջ կը կառուցէ համայնքային կեանքի կեդրոն մը, բազմազաւակ ընտանիքներու համար չորս առանձնատուներ եւ յաւելեալ ծրագիրներ։ Ապա ան ներկայացուց 2018ի մայր ծրագիրը, որ պիտի ըլլայ “ՙՋուրի Կեանք” բնաբանով ոռոգման ջուր մատակարարել գիւղերուն, որուն նպատակն է Արցախի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու համար օգնել հայ գիւղացիին։
Այնուհետեւ ցոյց տրուեցաւ օրուան հիւր բանախօս նախկին ջութակահար, Թորոնթօ Սիմֆոնի նուագախումբի եւ Սկովտիայի Արքայական Ազգային նուագախումբերու երաժշտական ու գեղարուեստական ղեկավար Փիթըր Ունճեանի մէկ տեսահոլովակը, որ կը ղեկավարէր Թորոնթօ Սիմֆոնի Նուագախումբը։ Ան ծնած է Թորոնթոյի մէջ հայ հօրմէ ու Սկովտիացի մօրմէ։ Մկրտիչեան հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւր բանախօս Ունճեանը եւ զայն հրաւիրէց, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։
Յայտնի խմբավար Փիթըր Ունճեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ իր կեանքի դրուագներու մասին, մասնաւորաբար շեշտեց, թէ երաժշտական կազմաւորման շրջանին ներշնչուած էր Լոնտոնի մէջ ջութակի ուսուցիչ Մանուկ Բարիքեանէն, Նիւ Եորքի մէջ՝ Իվան Կալամեանէն եւ ղեկավարութեան դասերու աշխատանքի ընթացքին Herbert von Karaya-էն։ 25 տարիներ Հիմնադրամի կատարած աշխատանքներուն անդրադառնալով սրտանց շնորհաւորեց բոլոր իրագործումներ, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով հրաւիրեց ներկաները մասնակցիլ հիմնադրամի ծրագրած կենսական բոլոր գործերուն։ Ունճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ 2018-ին պիտի այցելէ Հայաստան ու պիտի ղեկավարէ Հայաստանի Ֆիլարմոնիա նուագախումբը, որպէս հիւր ղեկավար։
Ունճեան իր խօսքերու աւարտին ներկաներու կողմէ բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ։ Ձեռամբ Մկրտիչեանի՝ խմբավար Ունճեանին նուիրուեցաւ Հայաստանի մէջ շինուած մանրակերտ երաժշտական երեք գործիքներ՝ ՙՈւտ, Թառ եւ Քամանչա, ինչպէս նաեւ 2010-ին National Geographic Travele-ի գրքոյկի նկարներու մրցոյթին ժողովուրդի քուէներով առաջնութեան մրցանակին արժանացած Մկրտիչ Մկրտիչեանի ոսպնեակէն դիտուած “Արարատ լերան” գունաւոր նկարը։ Իր միջազգային բազմամեայ երաժշտական վաստակին առ ի գնահատանք Փիթըր Ունճեանին Սփիւռքի նախարարութեան “Կոմիտաս” մետալի տուչութիւնը կատարուեցաւ ու շնորհաւորագիրը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ դեսպան Մարտիրոսեանի։
Մկրտիչեան փայլուն գաղափարը ունեցած էր կապ հաստատելու նշանաւոր ոտնագնդակի հայաստանցի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, որ ներկայիս Հայաստանի Ազգային խումբի եւ Անգլիոյ Մանչէսթըր Էունայթէտ խումբին մաս կը կազմէ։ Ան ձեռք ձգած էր Հենրիկ Մխիթարեանի կողմէ ստորագրուած մարզաշապիկը, որ աճուրդի դրուելով ապահովեց 25 հազար տոլար։
Որպէս դրամահաւաք տեղի ունեցաւ նաեւ զանազան ապրանքներու լուռ աճուրդ։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի շրջանի համալսարանական աւել քան 40 աշակերտներ։ Այս աշակերտներէն երեքը Հայաստան այցելելու իրաւունք շահեցան գրաւոր պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ կ’ուզեն Հայաստան երթալ եւ ինչպէ՞ս կրնան մասնակցութիւն բերել Հայաստանի բարգաւաճման։
Հիմնադրամի փոխատենապետուհի Հուրի Նաճարեան “Մենք կը կառուցանենք մեր ապագան” բնաբանով իր սրտի խօսքը փոխանցեց հետեւեալ կերպով “Հիմնադրամը հանդիսացած է բոլոր հայ կազմակերպութիւններու հաւաստիականը իր բազմահազար ծրագիրներու իրականացումով, բարելաւած է Արցախի եւ հայրենի աշխարհի կեանքը միաժամանակ գործ հայթայթելով մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, նաեւ ապահովելով շարունակական տնտեսական զարգացում մեր զոյգ հանրապետութիւններուն՚: Ան հրաւիրեց ներկաները նեցուկ կանգնելու իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Երեկոն իր աւարտին հասաւ Մկրտիչեանի շնորհակալութեան խօսքերով. այս առթիւ ան յայտարարեց՝ թէ նուիրահաւաքէն գոյացած է 670․000 գանատական տոլար, որուն 130․000 տոլարը նուիրուած է մեծ բարերար Պերճ Սրկ․ Լիւլէճեանի կողմէ, որ պիտի յատկացուի երկու գիւղերու ջրամատակարարման ծրագրին։