«Մետիամաքս»․ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վերջին տարիներուն Իրանի մայրաքաղաքին մէջ յայտնուած ամերիկեան զօրքերը կը կարօտնային հայրենիքը: Անոնցմէ շատերը կ՛երազէին գարեջուր վայելել աւանդական ձեւով` չիփսով: Այն տարիներուն Թեհրանի մէջ գարեջուրի պակաս չկար, իսկ չիփս ոչ ոք կը պատրաստէր:
Թեհրանի մէջ բնակող Գուրգէն Դանեղեանը չոր միրգ պատրաստելու մասնագէտ էր: Տեսնելով ամերիկացիներու կողմէ չիփսի նկատմամբ պահանջարկը, տեղի հայկական ճաշարաններէն մէկը անոր կ՛առաջարկէ զբաղիլ չիփսի արտադրութեամբ:
Գուրգէնի որդին` Ռոման Դանեղեանը կը յիշէ, որ հայրը սկիզբը կը հրաժարի` պատճառաբանելով, որ ծանօթ չէ չիփսի պատրաստութեան ձեւին, բայց յետոյ միտքը կը փոխէ:
Այդպէս Դանեղեանները կը դառնան Թեհրանի մէջ առաջին չիփս արտադրողները:
«Առաջին անգամ ամէն ինչ շատ դժուար ընթացաւ: Արհեստագիտութեան ծանօթ չէինք եւ չէին գիտեր, որ մինչեւ պատրաստելը պէտք է հեռացնել գետնախնձորի ոսլան: Գետնախնձորը ամբողջովին կը չփշրուէր: Ինչ-որ տեղէ հայրս ճշդեց, որ գետնախնձորի ոսլան նախապէս պէտք է հեռացնել: Ատկէ ետք արդէն կը լեցնէինք մեծ կաթսաներու մէջ, կը սպասէինք մինչեւ ոսլան նստի եւ ապա տապկենք: Հօրեղբայրս յատուկ կտրոց պատրաստեց, որմով կը կտրտէր գետնախնձորը», կը յիշէ Ռոմանը, որ այն ժամանակ 9-10 տարեկան էր:
Անոր խօսքով` ամբողջ գործը իր ընտանիքը կ՛ընէր: Ունէին նաեւ երկու պարսիկ կին օգնականներ, որոնք պատրաստ չիփսերը կը լեցնէին յատուկ տոպրակներու մէջ:
«Ամէն օր հօրեղբայրս պատրաստ չիփսերու տուփերը կը լեցնէր հսկայ թուղթէ տոպրակներու մէջ, հեծանիւով կը տանէր եւ կը յանձնէր ճաշարաններուն: Երբ պատուիրատուներուն քանակը աւելցաւ, աշխատանքի ծաւալը շատ աճեցաւ: Բայց հօրեղբայրս կը հասցնէր միայնակ տեղափոխել ապրանքը», կը պատմէ ան:
Ռոմանին խօսքով` հակառակ փոքր տարիքին, ինքն ալ կը մասնակցէր արտադրութեան:
«Չիփսի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ձէթը ես տուն կը հասցնէի` երկու ծանր անօթներով: Շատ կը յոգնէի, բայց որքան ալ տարօրինակ էր, չէի քրտներ: Անգամ մը որոշեցի, որ ատիկա պէտք է ուղղել, եւ մեր տան դիմացով հոսող առուի ջուրով ձեռքս թրջեցի ու քսեցի ճակատիս, իբրեւ թէ քրտինք էր», ծիծաղելով կը յիշէ ան:
Սկզբնական շրջանին չիփսը մէկ տեղ կ՛ուղարկէին, ապա ժամանակի ընթացքին պատուերներ ունէին քանի մը ճաշարաններէ:
«Գարեջուրի հետ չիփսը շատ արագ կը սպառէր: Ճաշարաններու օգուտը, ի հարկէ, գարեջուրն էր, իսկ չիփսը միջոց էր, որ աւելի շատ գարեջուր սպառեր», կ՛ըսէ Ռոմանը:
Այս եկամտաբեր արտադրութեամբ ընտանիքը զբաղած է շուրջ մէկ ու կէս տարի, մինչեւ 1946 թուականի Հայաստան հայրենադարձուիլը: