Վարդուհի Պարտագճեան
Հայ Օգնութէան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Տօնավաճառի յանձնախումբի իրագործումով` Նոյեմբեր 4ի առաւօտեան` Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի Տարեկան Տօնավաճառի բացման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Կոմիտաս Աւագ. Քահանայ Փանոսեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի հերթապահ Վաչէ Գըլըպոզեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վարսենիկ Սարգիսեան, ՀՕՄի Գանատայի Շրջ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Նաթալի Մանուկեան, Սիլվի Օհանեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր եւ ՀՕՄուհիներ:
Տօնավաճառի Յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետուհի Յասմիկ Բաբիսեան: Ան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ վարչութեան կատարած ներդրումներուն, ձեռնարկի յաջողութեան ի խնդիր, բարձր գնահատեց յանձնախումբի անդամները, որոնք հաւատքով, ծառայութեան յանձնառութեամբ, զոհողութեան ոգիով, անվերապահօրէն սոյն աշխատանքը իրագործեցին: Ինչպէս նաեւ սուրիահայ ընկերուհիները, որոնք չզլացան իրենց նուիրական մասնակցութիւնը բերելու :
Ան ըսա․ ” Տօնավաճառը մասնաճիւղիս մեծագոյն ձեռնարկն է: Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի առաքելութեան ծառայող ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գոյատեւման երաշխիքը հանդիսացող ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանին, որուն ծով կարիքներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութիւնը տարեկան յատկացում մը կը կատարէ:
«Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ Վաչէ Գըլըպոզեան գնահատեց մասնաճիւղին լայնածաւալ գործունէութիւնը, սրբազան աշխատանքը, վերյիշելով Սուրիահայութեան ներգրաւումը ՀՕՄի շարքերէն ներս:
ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Իռէն Թիլիմեան ներկայացուց 2017 տարեշրջանի Տօնավաճառի բացման ժապաւէնի հատման պատուին արժանացած վաստակաշատ ընկերուհի Զարուկ Չատըրեանի կենսագրականը: Ան վեր առաւ անոր ծառայասէր, աշխատունակ ոգին, երկար տարիներու վաստակը ՀՕՄի շարքերէն ներս, որուն անդամակցած է 1981ին, նախ որպէս ԼՕԽի անդամ, ապա շարունակելով իր գործունէութիւնը ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի ընդմէջէն: Չատըրեան 2016ին արժանացած է 35 տարիներու անդամակցութեան զարդասեղին: Զանազան պաշտօններու կողքին, ան երկար տարիներ մաս կազմած է Տօնավաճառի յանձնախումբին: ՀՕՄը միշտ եղած է իր սրտին մօտիկ:
Հայր Սուրբի օրհնութեամբ Տօնավաճառը բացուած յայտարարուեցաւ՝ երկու օրերու տեւողութեամբ:
Մօտաւորապէս 30 հայ թէ օտար տաղաւարներէն, որոնք զիրար կը գերազանցէին իրենց ճոխութեամբ, իւրայատուկ էր ՀՕՄի հայկական տաղաւարը« որ կը յատկանշուէր հայրենիքէն բերուած արտադրութիւններու բարձր որակով:
ՀՕՄի կրպակը այցելուին հրամցուց տպածոյ անձերոցներու եւ այլ արտադրութիւններու՝ յատկապէս տօնական առիթներու համար պատրաստուած որակաւոր հաւաքածոյ մը:
Իսկ ՀՕՄի խոհանոցը՝ շնորհիւ նուիրեալ ՀՕՄուհիներու փորձառու եւ բծախնդիր աշխատանքին, հարուստ էր հայկական տոհմիկ համադամ ճաշերու եւ անուշեղէններու տեսակներով, որոնք գնահատուեցան հայ թէ օտար գնորդներու կողմէ:
Սրահին գաւիթի մասը յատկացուած էր փոքրիկներու յատուկ յայտագրին:
Այս տարուան վիճակահանութիւնը կը պարունակէր զանազան տեսակի պարգեւներ, որոնցմով բախտաւորուեցան գաղութին անհատներ:
Աննախընթաց տարի մըն էր, զոր բոլորեց ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը՝ յանձնառու ոգիով եւ նուիրումով: Միշտ հաւատալով, որ ՀՕՄի նուիրեալներու գործերուն վաստակը պիտի դառնայ կանացի այս հզօր կազմակերպութեան հպարտութեան դափնեպսակը: