Նիւթապաշտութեան Գործօնը Եւ Մենք Համաճարակի Ընթացքին


Մովսէս Ս. Հերկելեան

 

Սիրելի’ ընթերցող՝

Ի հեճուկս համաճարակին կեանքը կը շարունակուի…: Ու պիտի շարունակուի մինչեւ որ մարի, այնպէս ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներ: Սակայն գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ անոր հետեւանքները (անգործութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն) խոհեմաբար ու ճիշդ կերպով դիմագրաւելու եւ անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու խնդիրը:

Փորձագէտներէն շատեր համոզուած են, որ անսպասելիօրէն ի յայտ եկած այս տնտեսական տագնապը հնարաւոր է, որ աւեր գործէ ամենայառաջադէմ ու ամենաբարգաւաճ երկիրներու մէջ իսկ: Եւ ըստ իրենց՝ եթէ այսպէս շարունակուի, կը նախատեսուի,  որ ասկէ ետք երկրագունդի տարածքին սովամահութենէ աւելի մարդ կրնայ մեռնիլ քան՝ «գորոնա» ժահրէն: Նկատի առէք, որ ըստ «worldoinfo» կայքին, իւրաքանչիւր քսանչորս ժամուան ընթացքին, այսինքն ամէն  օր, աշխարհի տարածքին միայն անօթութենէ կը մեռնի աւելի քան երեսուն հազար (30,000) մարդ, որոնց մահացութեան դրդապատճառը պայման չէ որ «գորոնա» ժահրին հետեւանքով ըլլայ: Այո՛, օրապահիկով ապրող ժողովուրդի գոյատեւումը վտանգուած կը թուի ըլլալ ու ապագան՝ մռայլ: Անհաւանական չէ, որ անկանխատեսելի տագնապներ եւս ստեղծուին՝ ըլլայ տնտեսական, ընկերային, կենցաղային եւ նոյնի’սկ առողջապահական ոլորտներէ ներս, որոնց հետեւանքով մարդկային փոխյարաբերութիւններու չափանիշները վերատեսութեան ենթարկուին ու կեանքին մէջ (ըլլայ դրական թէ ժխտական) անսպասելի փոփոխութիւններ տեղի ունենան: Երեւոյթը մասնակի բնոյթ չունի, այլ առանց խտրականութեան կը շարունակէ տարածուիլ միջազգային ամենավստահելի կարծուած հարթակներու վրայ իսկ: Դժուար թէ մօտիկ ապագային (թէկուզ նոր արժեչափերով) կեանքը հունաւորուի ու ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ, թէկուզ առաջուան նման: Անուամենայնիւ սակայն հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է, որ ժամանակը իր անվերադարձ բնոյթով կեանքը կ’ուղղորդէ ու կը ներդաշնակէ, համաձայն բնութեան տարերային  օրինաչափութիւններուն: Իսկ բնութեան քմայքին ենթակայ Մարդը միշտ չէ, որ հնարաւորութիւնը կ’ունենայ իր «Ես»ի ներքին թելադրականութեան համապատասխան ապրելու ու գոյատեւելու: Ահաւասիկ հո’ս է, որ Ժամանակն ու Տարածութիւնը կը շեղին իրենց ծիրէն ու Մարդ Արարածը կ’անճրկի, ահազանգի կը մատնուի ու անդոհանքը կը շարունակուի ու կը տարածուի… Թէև ոչ անվերադարձ:

Բայց,

Այդ նոյն հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է նաեւ, որ այդ միեւնոյն անճրկած ու ահազանգի մատնուած Մարդ Արարածը շրջանցելէ ետք բոլոր տեսակի փորձութիւնները, կրցած է գոյատեւել ու շարունակել կեանքը, յենուելով՝ մարդկային նոր ու տարբեր արժէքներու ու չափանիշներու վրայ, որոնք իրենց բարոյականութեան բնոյթով նախ Բանական Մարդը կը զանազանեն Անբան Արարածներէն ու կեանքը կ’իմաստաւորեն, այս անգամ յենուելով ոգեղէն համապատասխան սկզբունքներու ու տեսլականներու վրայ:

Խօսքը՝ Ոգեղէն եւ Նիւթեղէն արժէքներու միջեւ ընթացող յաւիտենական մրցակցութեան մասին է անկասկած:

Իմ արուեստասէր ու լայնամիտ ընթերցո՛ղ, գուցէ կարիք չկար այսքան խորանալու հարցին մէջ ու մտնելու մարդկային խոր ու առեղծուային ծալքերէ ներս: Սակայն, եթէ վերջին տասնամեակներուն քիչ թէ շատ հետեւած ես միջազգայնօրէն ընդունուած ու գնահատուած տարբեր տեսակի (մասնաւորապէս յանձնառու) արուեստներու խթանման ու տարածման գործընթացին, նշմարած ըլլալու ես, որ թէ ուղղակիօրէն եւ թէ անուղղակիօրէն մէկ կողմէ առաջ կը մղուի մարդ անհատը առանձնացնելու, աւելի անձնասէր (էկոյիստ) ու հաճոյամոլ դարձնելու ձգտումը, եւ միւս կողմէ աշխատանք կը տարուի Մարդը մարդկայնացնելու, ազնուացնելու ու կեանքը գեղեցկացնելու գեղագիտական գործօնը: Նիւթապաշտութեան ու ոգեղէն արժէքներու գնահատման միջեւ շղթայազերծուած պայքարը ստեղծուած է նախամարդու մարդկայնացման ընթացքին ու կը շարունակուի  ցայսօր: Այս նիւթաբարոյական յաւիտենական «մրցակցութեան» մէջ, ուժային կշիռը գրեթէ միշտ թեքուած է նիւթապաշտութեան կողմը ու մարդուն մղած՝ դէպի անասնական բնազդներու բացայայտման ու զարգացման, որոնք մէկ կողմէ մարդկային էութիւնը ապականելու եւ ոգեղէն արժէքները նսեմացնելու հակագեղագիտական գործընթացքին կը ծառայեն եւ միւս կողմէ ոչ միայն վայրագութիւնը կը խթանեն, այլեւ կ’աւերեն նոյնինքն մարդու կողմէ եւ յանուն մարդու բարօրութեան համար ստեղծուած ողջ մշակոյթը: Այս յոռի երեւոյթին հակազդելու  համար, այդ նոյն մարդու բանականութիւնը հազարամեակներու ընթացքին ստեղծեց բազում ու բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններ, վարդապետութիւններ ու համապատասխան կրօնքներ ու օրէնքներ, որոնք սակայն իրենց մարդասիրական առաքելութեան մէջ մասամբ միայն յաջողած կը թուին ըլլալ: Այս ճգնաժամային օրերուն, թէեւ մարդկային վերաբերումները, ըլլան անոնք նիւթական օգնութեամբ, բարոյական աջակցութեամբ, անձնազոհութեամբ ու մասամբ նորին, թէեւ ի զօրու են ու կը գործեն իրողապէս, այնուամենայնիւ նիթապաշտութենէ ծնած ընչաքաղցութիւնն ու աթոռամոլութիւնը կը շարունակեն իրենց աւերները գործել: Մեծապետական ամբաստանութիւններն ու զրպարտութիւնները նոր թափ կը ստանան, պատերազմները կը շարունակուին, համաճարակային շահագործումներու տեսակները կը բազմանան ու կը բազմապատկուին, ու մարդ անհատը կ’ենթարկուի  ակամայ ստեղծուած «չարագործութեան» քմայքներուն:

Հարցը պարզացնելու համար նշենք, որ համաճարակը, ոչ միայն անկոչ ու տհաճ հիւրի նման, եկած ու մտած է մեր տուներէն ու առհասարակ կեանքէն ներս, ոչ միայն ինքզինք կը պարտադրէ այլեւ նոյնի’սկ կը սպառնայ մեր կեանքին ու անուղղակիօրէն  ի նպաստ նիւթապաշտութեան կը բանի: Մինչ ոգեղէն արժէքներու հաւատացողները  կը փորձեն վանել անասնականը իրենց մէջէն, ընչաքաղցներն ու աթոռամոլները առիթը կ’օգտագործեն, պարզապէս իրենց դիրքերը ամրապնդելու ու յագուրդ տալու իրենց վայրագ  բնազդներուն: Եւ այսպէս, պայքարը կը շարունակուի ու ապագան յղի կը մնայ (դրական, թէ ժխտական) նորութիւններով ու անակնկալներով:

Իմ լաւատես ընթերցող, այո՛, հարկաւոր է հարցը դիտել նաեւ հակառակ կողմէն եւ նկատի առնել որ բնական աղէտները, երբեմն դրական արդիւնքներ ալ տուած են: Օրինակի համար հին ատեն, Եգիպտական Փարաւոնական ժամանակներուն Նեղոս գետը ամէն տարի գարնան կը յորդէր, զայն կը համարէին ԱՂԷՏ ու դժբախտ պատահար, որովհետեւ ամէն ինչ կ’աւերէր: (Ի դէպ Հին Եգիպտացիները Նեղոս գետի յորդումը կ’անուանէին ու կը հնչէին «աշէտ» կամ ԱՂԷՏ, ճիշդ անպէս ինչպէս Հայերէնի մէջ: Աղէտ բառը միակ «պատահականութիւնը» չէ, կան բազմաթիւ, ըլլայ լեզուական, պատմական, թէ հոգեւոր ուղղակի առնչութիւններ, հայկական ու փարաւոնական մշակոյթներու մէջ, որոնք առանձինն ուսումնասիրութեան կը կարօտին): Եգիպտոսի Աղէտը յետոյ վերածուեցաւ ու համարուեցաւ «Աստուծոյ Պարգեւ», որովհետև առանց Նեղոսի յորդառատ ու արգասաբեր ամենամեայ ողողումներուն, ոչ հազարամեայ Փարաւոնական այդ հսկայ մշակոյթը պիտի ստեղծուէր, եւ ոչ ալ Եգիպտոսը պիտի կարողանար մինչեւ այսօր գոյատեւել: Նոյնն են նաեւ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն պարագաները. Շումեր-Աքքատական մշակոյթներու եւ Հինտուս ու Գանկէս գետերը հնդիկ ժողովուրդի համար: Այլ տեսակի օրինակներ եւս կան, ինչպէս. Հռոմէական ժամանակաշրջանին Ներոն կայսեր կողմէ Հռոմի հրդեհումը, եւ կամ Վիզուվի հրաբուխի ժայթքումը, որ հակառակ անոր որ երկու մշակութապէս ու տնտեսապէս զարգացած հռոմէական քաղաքներ ամբողջութեամբ հրաշէկ լաւայի տակ ծածկեց, այսօր հնագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ կը համարուի օրհնութիւն մը, հնագիտութեան համար:

Անշուշտ յիշեալ այս աղէտները թէեւ ուղղակիօրէն համեմատելի չեն “գորոնա” ժահրի գործած աւերի հետ, սակայն պատմութեան ընթացքին ի յայտ եկած համաճարակներէն, երբեմն մարդ արարածը քաղած է եւ գիտական եւ թէ բարոյական դասեր ու ստացած դրական արդիւնքներ եւս: Օրինակի համար, մեր օրերուն, աշխարհի կրթական համակարգը սկսած է վերատեսութեան ենթարկուիլ ու արդէն իսկ համալսարաններէն ու դպրոցներէն շատեր, ուսուցումը կը կատարեն հեռակայ կարգով՝ համացանցի միջոցով: Նոյն սկզբունքներէն մեկնելով, շատեր սկսած են տունէն աշխատիլ, իսկ ուրիշներ՝ նոյնիսկ միջազգային ժողովներ սկսած են համացանցի միջոցով կազմակերպել: Եթէ ուսուցման, աշխատանքի  եւ խոհրդակցութեան այս կերպերը  պաշտօնապէս որդեգրուին  ու համատարած դառնան, պատկերացուցէք ինչքան տարածք, ժամանակ, ուժանիւթ եւ կամ մթնոլորտի ապականում պիտի խնայուի մարդկութեան:

Իսկ մեզի համար կայ աւելին: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, «գորոնա» ժահրի հետևանքով, Մարտ մէկէն մինչեւ հիմա, այսինքն երկու ամսուայ ընթացքին հայրենիք վերադարձած են աւելի քան վաթսուն երեք հազար (63,000) քաղաքացի: Եւ եթէ առնուազն քանի մը ամիս եւս հայրենադարձութիւնը շարունակուի նոյն թափով, պատկերացուցէք ազգային գետնի վրայ ինչքան մեծ շահ ապահոված պիտի ըլլանք:

Այնպէս որ, մեզի կը մնայ այս համամարդկային աղէտը ընդունիլ նաև իբրեւ փորձառութիւն, տալով անոր նոր իմաստաւորում ու նոր գնահատում եւ փորձել դրական արդիւնքներ ու դասեր քաղել անկէ:

Իմ իրատես ընթերցո՛ղ, եթէ կ’ակնկալես, որ այս ընդհանուր ֆոնի վրայ գործող մարդկային փոխյարաբերութիւններն ու արժեչափերու խախտումները (ըլլան անոնք ժխտական, թէ դրական) վերատեսութեան ենթարկելու, վերլուծելու եւ համապատասխան կառուցողական լուծումներ առաջարկներ ներկայացնեմ. կրնամ յուսախաբ ընել քեզ, որովհետև այդ բոլորը իմ համեստ ուժերէն վեր կը մնան: Այս մէկը տարբեր տեսակի մասնագէտներու համադրուած ու բծախնդիր աշխատանք կ’ենթադրէ:

Իմ բանիմաց ընթերցո՛ղ, ես իմ համեստ մտածումներս շարադրեցի, եզրակացութիւնը կը վստահիմ քու առողջ դատողութեանդ: Այո’, այս դժուարին օրերուն մենք բոլորս  անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք ոչ միայն իրարօգնութեան՝ այլեւ կարծիքներու անկեղծ ու անշահախնդիր փոխանակման…:  Կարեւորը մարդկութեանը ակամայ պարտադրուած այս  տարօրինակ  ու տհաճ կացութաձեւը խելամտօրէն դիմակայելն է ու համբերութեամբ խուսանաւելը…: