Մատաթ Բ. Մամուրեան
Փետրուար 10ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ՙԲարեւ՚ Կեդրոնը Valentineի տօնին առթիւ կազմակերպած էր ՙՍիրոյ երեկոյթ՚ թեմայով պարանցիկ խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ շքեղօրէն զարդարուած ՙՄակարոս Արթինեան՚ սրահին մէջ:
Կարճ ժամանակի ընթացքին սրահը լեցուած էր աւելի քան 250 ներկաներով, որոնք բուռն կարօտը ունէին անցեալի օրերը վերյիշելու Մարթէն Եորկանցի երգերուն ընդմէջէն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալստեան խօսքերով հանդէս եկաւ Սելլա Գալթաքճեան` ներկաներուն մաղթելով ուրախ ժամանց: Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան շնորհաւորեց սոյն երեկոյթը իրականացնող յանձնախումբի անդամները` Ֆրանս Գանտահարեան, Այտա Աֆարեան, Սիլվա Մէրմէր, Սեզա Նազարեան, Թիլի Իշնար, Սուզաննա Յարութիւնեան, Սիպիլ Քիւրքճեան, Անի Սարվարեան, ինչպէս նաեւª Լեւոն եւ Սելլա Գալթաքճեաններ, որոնց անսակարկ նուիրումին արդիւնքն էր մտերմիկ եւ հաճելի այս երեկոն: Ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Սեղանները դասաւորուած էին ճաշակաւոր եւ համադամ նախուտեստներով, որոնց յաջորդեց համեղ ճաշերու անթերի սպասարկութիւնը։ Անհամբերութեամբ սպասուած ժամը հասած էր, երբ բեմ կը բարձրանար երկար տարիներու հանրածանօթ եւ համբաւաւոր երգիչ Մարթէն Եորկանցը, որուն թաւշային ձայնին ու զգայուն երգեցողութեան շնորհիւ պարահարթակը անբաւարար կը մնար պարողներուն համար։ Ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն․ բախտաւորները շահեցան գեղեցիկ նուէրներ։
Ժամերը անզգալիօրէն սահեցան ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Առաւօտեան վաղ ժամերուն ներկաները ակամայ բաժնուեցան սրահէն՝ յայտնելով իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը։