Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, որ ընդառաջելով վարչապետ Փաշինեանի կոչին՝ համաձայնեցաւ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, կոչ ըրաւ հայ ժողովուրդին, յատկապէս Հայաստանի երիտասարդութեան՝ անոնց թելադրելով քաղաքականութեան մէջ իրենց ներգրաւումը՝ ի խնդիր դրական փոփոխութիւններու ձեռքբերման:
«Ես երջանիկ եմ բաժնելով իմ գիտելիքները այս յուզիչ պահուն, մա՛նաւանդ որ կրնամ այդ մէկը կատարել: Հայ ժողովուրդն է, որ պէտք է կատարէ այդ քայլը՝ նախքան վարչապետը, երեսփոխանները կամ դատաւորները, այլ ոչ թէ ես, կամ Սփիւռքը: Հայ ժողովուրդը եւ երիտասարդութիւնը, որոնք արդէն երկար ժամանակ է կը լռէին, պէտք է զբաղին քաղաքականութեամբ, պէտք է գտնեն միջոցը պահպանելու այդ մասնակցութիւնը եւ զայն վերածելու դրական փոփոխութեան միտումի: Բայց այդ չի նշանակեր, որ մարդիկ ամէն օր բողոքի ցոյցեր պէտք է կազմակերպեն: Անոնք պէտք է ներգրաւուին թոյլ չտալու համար վերջին երկու-երեք տասնամեակներու սխալները», ըսաւ տնտեսագէտը Լոս Անճըլըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը. քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման ընթացքին:
Տարօն Աճէմօղլու աւելցուց, որ քաղաքացիները պէտք է ըլլան զգօն, գտնեն լրասփիւռներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու վերահսկողութեան ճիշդ ճամբան, որպէսզի վստահ ըլլան, որ նոր ղեկավարութիւնը նախորդին շարունակութիւնը չէ, այլ՝ դրական փոփոխութեան երաշխաւորը: