Հայրենադարձ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Եւ Լիւսի Վանա Կարապետեան՝ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Եւ Օգնական


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9րդ յօդուածի 1ին մասով՝ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը նշանակեց սփիւռքի նախարարի տեղակալ:

Նշենք, որ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախապէս կը բնակէր Լա Քրեսենթա: Ան ողբացեալ Հրայր Տէր Գրիգորեանի եւ Արմինէ Տէր Գրիգորեանի զաւակն է: Հրայր Տէր Գրիգորեան վաստակաւոր հասարակական գործիչ էր, ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՅԴ Լա Քրեսենթայի «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէիութեան մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի օգնական կը դառնայ հայրենադարձ Լիւսի Վանա Կարապետեան։ Լիւսի Վանա Կարապետեան 2012 թուականին Հալէպէն տեղափոխուած է Հայաստան, ուր ստացած է իր բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրատուական բաժանմունքին մէջ։ 2017ի Սեպտեմպերէն Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրատուական բաժանմունքի «Հասարակութեան հետ կապեր եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւններ» մասնագիտական ծրագիրի ուսանող է։

Կարապետեան գերազանց կերպով կը տիրապետէ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ գիտէ արաբերէն, անգլերէն եւ թրքերէն։