Քնեսեթը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը


«Արմենփրես»․-Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) Փետրուար 14ին քուէարկութեան դրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւը, որ առաջադրուած էր «Եշ Աթիտ» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Եայիր Լափիտի կողմէ:

«Ճերուզալեմ Փոսթ»ի համաձայն՝ 41 երեսփոխաններ դէմ քուէարկած են եւ միայն 28 հոգի կողմ քուէարկած է անոր, ինչին իբրեւ հետեւանք բանաձեւը մերժուած է:

«Չկայ պատճառ, որուն համար Քնեսեթը, որ կը ներկայացնէ Հրէական Ողջակիզումէն անցած երկիր մը, չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու անոր նուիրուած յիշատակութեան օր չունենայ», ըսած է Լափիտ:

Հայ Դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան համոզուած է, որ Իսրայէլ ի վերջոյ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

«Օրինագիծը ներկայացուած էր ոչ մեր նախաձեռնութեամբ, ինչպէս մինչ այս, երբ մեր աշխատանքի արդիւնքով նման նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գար ընդդիմադիր «Մէերեց» կուսակցութիւնը: Նման օրինագիծ ներկայացնելու մասին քանի մը ամիս առաջ յայտարարած էր Եայիր Լապիդը՝ ինչ-որ առումով հաշուի առնելով իսրայէլա-թրքական յարաբերութիւններու վատացման փաստը», ըսած է Սեւան:

Ըստ անոր՝ այժմ Իսրայէլի մէջ, վարչապետ Նեթանեահուի դէմ կաշառակերութեան մեղադրանքներուն հետ առընչութիւն ունեցող ներքաղաքական որոշ գործընթացներ տեղի կ՛ունենան: Այդ գործին մէջ վկայ է «Եշ Աթիդ»ի առաջնորդ Եայիր Լապիդ:

«Վերջին շրջանին մենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ նախաձեռնութիւններով հանդէս չենք գար՝ չցանկալով շահարկել հայկական հարցը, հաշուի առնելով նաեւ համախոհական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ սուր պայքարը, քանի դեռ կառավարութիւնը չէ յաղթահարած իր ժխտողական կեցուածքը: Միաժամանակ, վստահ ենք, որ գալու է այն օրը, երբ Իսրայէլը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ հաշուի առնելով, որ հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները աւելի կը զարգանան եւ ամրապնդուին, ու այլեւս սառնութիւն չկայ», յայտնած է Յակոբ Սեւան: