Տիրուկին Հետ․ «Աստուած Մեծ է»


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


– Արաբերէն գիտես, չէ՞, _ անգլերէնով հարցուց տնօրէնուհին։

– Անշո՛ւշտ, _ պատասխանեցի։

– Խօսակցութիւն մը թարգմանելո՞ւ չափ, _ շեշտեց կասկածելով։

– Ի հարկ է, մայրենի լեզուի պէս կը խօսիմ ու կը գրեմ, անհոգ եղէք, _ վստահեցուցի։

– Ո՜հ, շատ լաւ։ Քանի մը օր ետք արաբախօս ծնողք մը պիտի ունենանք, օգնութեանդ կարիքը ունինք, կարելի է՞, _ հարցուց ու յօժարութիւնս առնելէ ետք ժամադրութիւն տուաւ ծնողքին։ 

Երկու օր ետք հանդիպեցանք անոնց։ Աշակերտուհիին մայրն ու տնօրէնուհին կը փորձէին հաղորդակցիլ, սակայն երկու տարբեր լեզուներով, իսկ ես վրաս վերցուցած էի թարգմանելու պարտականութիւնը։ Օրէնքներն ու պարտաւորութիւնները բացատրուելէ ու ընկալուելէ ետք, գլուխն ու մազերը սեւ լաչակով ծածկած կինը (աշակերտուհիին մայրը) ինծի դարձաւ եւ հարցուց։

– Դուք ո՞ր երկրէն եկած էք, ի՜նչ լաւ արաբերէն կը խօսիք։

– Ես հա՛յ եմ, սակայն ծնած եւ ապրած եմ Սուրիա, _ պատասխանեցի, ու շարունակեցի դպրոցի տնօրէնուհիին թելադրանքները թարգմանել։

– Ի՞նչ, հա՞յ ըսիք։ Հը՜մ, ուրեմն հա՜յ, _ զարմացած բացագանչեց ան։

– Այո՛, հայ եմ: Անցեալին` սուրիահայ, ներկայիս` գանատահայ։ Իսկ դուք ո՞րտեղացի էք։ 

Կինը այնքան զարմացած հարցուց այդ հարցումը, որ այդ վայրկեանին կարծեցի, թէ հայերուն մասին բնաւ լսած չէր, գաղափար անգամ չունէր, ու ճիշդ այդ պատճառով միտքէս այպանեցի զինք։

– Մենք Սէուտական Արաբիայէն եկած ենք։ Գիտէ՞ք, իմ ողորմած մեծ մայրս հայ էր։ Ի՜նչ գեղեցիկ կին էր Խաթուն մեծ մայրս։ Ա՜խ, ի՜նչ հմայիչ աչքեր ունէր ան։ Նայէ՛, աղջկաս աչքերը ճիշդ մեծ մօրս աչքերն են, _ ըսաւ ան ու քիչ մը հեռուն խաղալիքներով տարուած դուստրը կանչելով` «Նայեցէ՛ք», ըսաւ ու հրճուանքով ցոյց տուաւ անոր սիրուն աչքերը։ 

– Մեծ մայրդ՝ հա՞յ,… եւ ինչպէ՞ս հասած է հոն։ Ո՜հ, վստահ ջարդի ժամանակ անա…

– Այո՛, այո՛։ Այն ատեն շատ փոքրիկ աղջնակ էր եղեր, ջարդէն փրկելու համար մեծ հօրս հետ ամուսնացուցած են զինք, _ ընդհատեց խօսակիցս, _ Է՜հ, ի՜նչ քաղցր ձայն ունէր ան։ Հայերէնով կ’երգէ՜ր ու կու լար։ Քանի մը հայերէն նախադասութիւններ ալ կը կրկնէր նեղուած կամ յուզուած պահուն։ Ես ու մեծ քոյրերս այդ խօսքերը գոց սորված էինք` առանց անոնց իմաստները հասկնալու։ Մեծ մայրս տարիներ առաջ ողորմած եղաւ եւ իր երգերն ու խօսքերը մոռցուեցա՜ն, գացի՜ն։

Տնօրէնուհին աչքերը լայն-լայն բացած երկուքիս դէմքը եւ շարժումները կը դիտէր ու չէր հասկնար եղելութիւնը։ 

Այդ վայրկեանին գլխուս մէջ կատաղի փոթորիկներ յառաջացան։ 106 տարուան ցաւի ու պոռթկումի կայծակներուն սպիտակ ափերէն տարածուած անձրեւները՝ արցունքի վերածուած, կաթիլ առ կաթիլ հոսեցան աչքերէս։ Անգլերէնն ու արաբերէնը մոռցած, միայն հայերէն բառեր կ’արտաբերէի աղի համ զգացող շրթունքէս ու` «Անմեղ զոհ մը եւս։ Անապատներուն մէջ, թուրքին եաթաղանէն փրկուած եւ արաբին կնութեան տրուած հմայիչ աչքերով դժբախտ զոհ մը, որուն շառաւիղները, վստահաբար, անորմէ ժառանգած են ո՛չ միայն արտաքին գեղեցկութիւնը, այլեւ հայու իւրայատուկ կէները. բայց ափսո՜ս…», կ’ըսէի ես ինծի։ 

–  What is going on? (Ի՞նչ տեղի  կ’ունենայ), _ զարմացած հարցուց տնօրէնուհին։ 

– Այս տիկնոջ մեծմայրը հա՛յ է եղեր, ճիշդ ինծի պէս, հա՛յ _ ըսի արցունքներս սրբելով։ 

– Ի՜նչ լաւ։ Արդէն երջանկութեան արցունքներդ կը փաստեն խանդավառութիւնդ։  Եկէ՛ք մեր գործը շարունակենք եւ ուրիշ մանրամասնութիւններու ետեւէն չիյնանք, _ ժպտելով թելադրեց ան։ 

Շարունակեցի՛նք։ Շարունակեցինք, բայց փոթորկած հոգիս խաղաղութիւն չգտաւ։ Է՜հ, երջանկութի՞ւն, խանդավառութի՞ւն, թէ ցա՛ւ ու կսկիծ։ Մեր մղձաւանջը կրակէ շապիկի պէս կպած է մեր մաշկին ու միայն մե՛նք կը հասկնանք անոր պատճառով թափուած արցունքներուն դառնութիւնը։

Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրինք այս վիշտով եւ անդադար պայքարինք մեր խլուած իրաւունքին, հողին,  պատիւին եւ արժանապատութեան համար… ի վերջոյ  ե՞րբ պիտի գայ արդար դատաստանին ժամը։ Դժբախտաբար, այսօր, մէկ դար առաջուան անսպիացած վէրքերով մղկտացող մեր սրտերը` նոր կողոպուտներու, հազարաւոր զոհերու ու հայկական հողերու կորուստին անտանելի վիշտովը անխնայ կը խարտուին ու կ’արիւնին։

Հայուն սեւ ճակատագիրը օր ըստ օրէ աւելի թանձր մրուրով կը գրուի, եւ այդ մրուրը կամայ-ակամայ կը հոսի մեր դէմքին ու մենք սեւերես կը դառնանք՝ բանիւ եւ գործիւ։ Մեր երեսի մրուրը սրբող անհատը կը պահանջուի այսօր, որպէսզի գայ ու մեր Սուրբ լերան գագաթի սպիտակովը լուսցնէ մեր ազգին ճակատը եւ արեւահամ դարձնէ մեր օրերը։

Հանդիպումը հասած էր աւարտին։ «Ցտեսութիւն», մաղթելով հրաժեշտ տուինք իրարու։ Արաբախօս կինը քանի մը քայլ առնելէ ետք, յանկարծ ետեւ դարձաւ ու՝ «Յիշեցի՜, յիշեցի՜։ Խաթուն մեծ մօրս խօսքերէն մէ՛կը յիշեցի», գոռաց ու սառնորակ ջուրի նման սրտիս հրդեհը մեղմացնող հետեւեալ հայերէն բառերը բացագանչեց.

– Աստուած մե՛ծ է, աղջի՛կս։ Աստուած մե՛ծ է։