Արցախի Մէջ Ամուսնութիւններուն Թիւը Աճած է, Ծնունդներունը՝ Նուազած


«Արցախփրես»,- Արցախի Արդարադատութեան նախարարութեան Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութեան (ՔԿԱԳ) տուեալներով` 2021-ի առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ արձանագրուած է 715 ամուսնութիւն եւ 94 ամուսնալուծութիւն:

Նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, ցուցանիշը աճած է 607֊ով:

«Ընդհանուր առմամբ` 2020-ի առաջին կիսամեակին համեմատ` այս տարուան առաջին կիսամեակին ծնունդներու արձանագրութիւններու թիւը նուազած է 326-ով. նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին անիկա կազմած է 987: ՔԿԱԳ տրածքային բաժիններուն կողմէ կատարուած է 6.952 գործողութիւն, որոնց քանակը, 2020-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 4.236-ով: Նշուած գործողութիւններուն դիմաց պետութիւնը գանձած է 5.455.000 ՀՀ դրամ պետական տուրք: Նախորդ տարուան համեմատ աճած է 2.589.000 ՀՀ դրամով,», ըսած է նախարարութեան պատասխանատու Կարինէ Սաֆարեան:

Ան ըսած է, որ 9.167 գրանցման գործողութիւններուն համար գանձուած է 9.667.000 դրամ պետական տուրք:

Ըստ անոր` հաշուետու ժամանակաշրջանին ՔԿԱԳ-ի կողմէ պետական պիւտճէի մուտքագրուած է 15.213.000 ՀՀ դրամ պետական տուրք, իսկ գործակալութեան կողմէ արտապիւտճէ մտած է 2.824.300 ՀՀ դրամ: