Արցախ Պատրաստ է 100-150 Լիբանանահայ Ընտանիք Ընդունելու


 «Սիվիլնեթ»,- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռախօսազրոյց ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ եւ անդրադարձած Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումին: Այս մասին ըսած է Արցախի նաագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Նախագահը յայտարարած է, որ մենք պատրաստ ենք 100-150 ընտանիք ընդունելու Արցախի մէջ: Ատիկա նորութիւն չէ, եւ այս պարագայով չէ պայմանաւորուած: Այդ մտադրութիւնը եղած է նաեւ անցեալին` կապուած Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային – տնտեսական ծանր իրավիճակին հետ: Առաւել եւս այս պայթումէն ետք, նախագահը խօսած է Արամ Ա․-ի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ինչպէս ընտանիքներու ընդունման, այնպէս ալ տարբեր աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու առումով: Այսինքն, բոլոր հնարաւորութիւններով այսօր Արցախը պատրաստ է օգնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովորդին», ըսած է նախագայի մամլոյ խօսնակը:

Պէյրութի մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած ուժգին պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 78-ի, աւելի քան 4000-ը վիրաւորուած է (Օգոստոս 5-ի կէսօրուան դրութեամբ): Զոհուածներուն մէջ կան վեց հայեր: