Գանատահայութիւնը 206 Հազար Տոլար Գոյացուց Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Թելեթոնին


Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի  Մարմինի կազմակերպութեամբ լիբանանահայութեան ի նպաստ թելեթոն-նուիրահաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 020-ին:

Նշեալ դրամահաւաքին սրտի խօսքերով ու ելոյթներով հանդէս եկան հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, ՀՅԴ Երիտասարդական, Պատանեկան եւ Ուսանողական միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄականներ, Համազգայինի անդամներ, ՀՕՄի անդամներ, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեցին լիբանանահայութեան եւ կոչ ուղղեցին գանատահայութեան՝ իրենց լուման բերելու տագնապալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին ի նպաստ: Հայրենի եւ Սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութիւնը երանգ տուաւ նուիրահաւաքի յայտագրին։

Դրամահաւաք-թելեթոնին գոյացաւ 206 հազար գանատական տոլար (152 հազար ԱՄՆ տոլար):

Նուիրատուներու եւ բարերարներու ցանկը շուտով կը հրատարակուի։

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի։ Առցանց նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ յղումով.

https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

Թելեթոն-նուիրահաւաքի յայտագիրը կրնաք դիտել հետեւեալ տեսանիւթով։