«Երանի Որ Իւր Ազգի Ազատութեան Կը Զոհուի…»


2020-2021 տարեշրջանի ՀՕՄի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտները

Լոռի Պէրպէրեան

Վեց տարի առաջ էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով «Մեր Հայրենիք»ը երգեցի վարժարանիս նախակրթարանի բոլոր աշակերտներուն հետ։ Շատ փոքր էի։ Չէի գիտէր, թէ ատիկա յատուկ առաւoտ մըն էր։ Տակաւին տեղեակ չէի, որ առաջին քայլս կ’առնէի դէպի կեանքիս ամենահաճելի հանգրուաններէն մէկը։ Տակաւին ծանօթացած չէի այն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք ինծի արդէն որդեգրած էին իբրեւ իրենց սեփական զաւակը։ Տակաւին չէի ճանչնար երկրորդ տունս։ Շա՜տ փոքր էի։

Սակայն, հիմա երբ վերջին անգամը «Մեր Հայրենիք»ը երգեցի իմ սուրբ դպրոցիս մէջ, կանգնած էի գաղութին յաջորդ սերունդին առջեւ՝ քիչ մը մեծցած։ ՀՕՄի ամառնային ճամբարի ծաղիկ դասարանին առջեւ կանգնած՝ կը դիտէի 4-5 տարեկան հայորդիներս, որոնք իմ մանկութեանս պէս, տակաւին լուր չունէին արժէքը իրենց ապրած յատկանշական օրուան։ Այս գիտեմ, որովհետեւ իրենց կը դիտէի, երբ ոմանք նուագուող քայլերգին լրջօրէն կը հետեւէին, ոմանք իրենց սեղանի վրայի խաղալիքներով մտազբաղ էին, եւ ոմանք ալ բռնուած էին, ըստ երեւոյթին, անհետաձգելի խօսակցութիւններու։ 

Բոլոր միւս առաւօտներուն նման, կրնայի իրենց շեշտել քայլերգը յարգելու կարեւորութիւնը, սակայն այդ առաւօտ միակ բանը որ մտքէս կ’անցնէր այն անդրադարձն էր, թէ այդ վերջին անգամը պիտի ըլլար, որ «Մեր Հայրենիք»ը պիտի լսէի դեռ նոր աւարտած դպրոցիս մէջ։ Այս գաղափարը մտքիս մէջ ծամելով, զիրենք դիտեցի հպարտութեամբ, բայց, անկեղծօրէն, նաեւ նախանձով։ Այս պահէն սկսեալ անոնք պիտի վայելէին իրենց տակաւին անծանօթ գաղութի մը անսահման սէրն ու հոգատարութիւնը։ Իսկ ես՝ իմ վերջին վայրկեաններս կ’ապրէի իբրեւ մայրական սիրով պարուրուած դպրոցիս աշակերտ։ 

Ուրեմն, սկսայ բարձրաձայն երգել իմ հայրենի քայլերգս աշակերտներուս շշմած դէմքերուն դիմաց։ Այս անգամ՝ շատ լաւ գիտակցելով արժէքը օրուան։ Երբ հասաւ «Երանի որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի» բաժինը, պահ մը կեցայ։ Այդ խորհրդանշական տողը դպրոցի մէջ ամէն օր լսելով արդէն իսկ գործադրելու սկսեր էի նոյնիսկ միջավայրիս մէջ։ Այդ վայրկեանին հասկցայ իսկական յարգը այն սերունդին, որ ինծի իր իսկ օրինակով սորվեցուց իմաստը քայլերգին։ Այն սերունդը, որ ճիգ չխնայեց ինծի օգնելու, սիրելու ու քաջալերելու առաջին քայլերէս մինչեւ վերջինը։ Այն սերունդը, որ իր անձնական կեանքէն զոհողութիւններ ըրաւ իր ազգի նոր սերունդին ապագան ապահովելու համար։ Այն նոյն սերունդը, որ ինծի լաւապէս զինեց՝ սիրելու ու դաստիարակելու գալիք սերունդը։

Եւ վերջապէս հասկցայ, որ այնքան ատեն որ սրտիս մօտիկ կը պահեմ երկրորդ ընտանիքէս քաղած կեանքի դասերս՝ ես կը մնամ դպրոցիս յաւերժական աշակերտը։ Այս վերջին դասը ըմբռնած՝ սուրբ քայլերգս եռանդով աւարտեցի։