Հինգ Հազար Վարդեր (Մարտ 8-ի առիթով)


Եռաբլուրին մէջ հանգչող մեր նահատակները

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Այս շաբաթ հազարաւոր վարդեր պիտի նուիրուին ու թարմացնեն հայ կնոջ երիտասարդ հոգին։ 

Կանանց եւ Գեղեցկութեան Տօնի առթիւ երջանկութիւն պիտի պարգեւեն վարդերը, զանոնք ստացող ու աչքի լոյսի պէս պահող մայրերուն, քոյրերուն, դստրերուն, ուսուցչուհիներուն, ընկերուհիներուն եւ կողակիցներուն. սակայն հինգ հազար վարդեր, որոնք պիտի ծաղկէին, հրապուրիչ դառնային ու այսօր իրենց բոյրը տարածէին Հայաստանի տարածքին գտնուող հինգ հազար տուներէ ներս` պիտի փոխեն իրենց տարիներու ընթացքը ու նոր ապրումներով լիացած, նոր երջանկութիւն պիտի համտեսեն։

Այդ բազմերանգ վարդերը օրեր շարունակ երազեցին այր մարդու մը ձեռքը, որ հոգատարութեամբ պիտի հպէր անոնց թերթին, ընտրէր սրտին մօտիկը ու խնամքով շալկէր եւ անոյշ խօսքեր հիւսելով նուիրէր զայն այն քնքուշ էակին, որուն սրտի զարկը պիտի ցնցէր վարդի իւրաքանչիւր թերթիկը։ 

Հիմա, հինգ հազար վարդեր կան, որոնք կեանքով եռուն կը շնչեն ու նոր արեւներ կը խոստանան. սէր ու խինդ կը բուրեն անկանխատեսելի ճամբայ բռնող վարդերը։ Այո՛, անկանխատեսելի, որովհետեւ իրենց հիւսած երազները պիտի մնան հոն, ուր վարդագոյն էր ամէն ինչ, ուր յաղթանակի կենարար ջուրով եւ աղօթքի շշնջիւնով փաթթուած էր անոնց բողբոջը ու արեւներէն քաղած էր այտերուն կարմիրը։

Անցեալին` սիրող աչքերը երջանկութեան արցունքով պարուրող, նորափթիթ մօր երկունքը մոռցնող, առողջացած հիւանդին գիրկին մէջ ծաղկող, հարսներուն ճակատը լուսաւորող եւ գիրքերու խոնաւցած էջերուն վրայ հաւատարմութեամբ քնացող, ուսուցչուհիի մը գրասեղանին` բիւր վաստակը վկայող եւ կնոջ աչքերուն փայլքը վառող վարդերը Մարտի 8 երազեցին այսօր ու այր մարդու բազկի զարկին կարօտ մնացին։

Հինգ հազար վարդեր իրենց երազած ճանապարհէն դուրս ելան ու փոխան տաքուկ գիրկի` նահատակի պաղ շիրմաքարին անքուն հսկեցին։ Գարնան արեւը ըմպած, սարսափահար աշխարհին յոյսի երգեր ներշնչող անհասցէացած վարդերը այսօր գտան իրենց տէրերը եւ հանգչեցան մեր նահատակներուն ոտքին տակ ու՝ « Ձեզի պէս հերոսներ ծնած մայրերուն տօնը շնորհաւոր», խօսքը լսեցին ու հպարտացան Եռաբլուրի հերոսին լամբակին հանգչելով։ Անոնց բոյրը հասաւ աշխարհի բոլոր հայ մայրերուն, որոնք լսեցին՝ «Շնորհաւոր Մարտի 8՝ աշխարհի ամենագեղեցիկ հայ մայր, տօնդ շնորհաւոր շնորհալի հայ կին։ Դեռ քանի՜- քանի՜ հազար մարտիկներ աշխարհ պիտի բերէք ու անոնցմով ազգովին պիտի լիանանք»։