ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Ձմեռնային Բանակում


Ձմեռնային բանակումին մասնակցող ՀՄԸՄ-ականները

Փետրուար 21-էն 23, ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղը Camp Samac բանակավայրէն ներս կատարեց իր ձմեռնային բանակումը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 150  քոյրեր եւ եղբայրներ: Հակառակ ցուրտին եւ պաղին, սկաուտները անհամբեր կը սպասէին այս հետաքրքրական բանակումին:

Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:30-ին խումբերը հասան բանակավայր, ուր ստանձնեցին իրենց տնակները եւ բանակումի բացման արարողութիւնը կատարեցին «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Մասնակցողներուն բանակումի օրէնքները բացատրուեցան եւ խմբակներու բաժանումը տեղի ունեցաւ: Նշենք, որ այս տարի մասնաճիւղի փոքր Գայլիկներուն ու փոքր Արծուիկներուն առաջին ձմեռնային բանակումն էր։ Անոնք միացան իրենց աւագ քոյրեր-եղբայրներուն՝ կատարելով միասնական աշխատանքներ։ Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր յատուկ յայտագիրը, որ կը պարունակէր ազգային եւ սկաուտական դասախօսութիւններ, երգեր, սկաուտական խաղեր, լուսարձակով պատրաստուած նիւթեր եւ ձեռային աշխատանքներ:

Յաջորդ օրը, առաւօտեան, սկաուտները աշխուժութեամբ իրենց սկաուտական մարզանքը կատարեցին եւ նախաճաշեցին:  Ձմեռուան ձիւնի առիթը օգտագործելով խումբերը պատրաստեցին սայլակներ եւ իրարու հետ մրցելով  hաճելի եւ ուրախ պահեր անցուցին: Խմբապետական կազմը սկաուտներուն համար կազմակերպեց նաեւ scavenger hunt, երբ բոլոր խումբերը կը մրցակցէին համատարիք խումբերու հետ՝ ձգտելով յաջողութեան հասնիլ եւ առաջնութիւն ստանալ:

Ճաշէն ետք Գայլիկ եւ Արծուիկները կատարեցին փողկապի տուչութեան արարողութիւնը: Անոնք իրենց փորք տարիքով հանդերձ՝ բարձր գիտակցութեամբ կատարեցին Խոստումը, ինչպէս նաեւ կրկնեցին Վոհմակին եւ Երամին օրէնքները՝ արժանանալով դեղին փողկապին: Աքելան շնորհաւորեց անդամները՝ մաղթելով անոնց յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն ՀՄԸՄի շարքերէն ներս:

Բանակումի օրակարգը ամբողջութեամբ կատարելէ ետք խարոյկին ժամը հասած էր: Եղանակը հաճելի էր եւ սկաուտները մեծ խանդավառութեամբ ու հաճոյքով կատարեցին խարոյկահանդէսը: Հանդէսը սկսաւ կանչերով ու շարունակուեցաւ ազգային երգերով եւ զաւեշտով, որ ալ աւելի ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեց անդամներուն միջեւ։ Խարոյկահանդէսը ամբողջական չէր ըլլար առանց անուշեղէններու: Արդէն ճրագմարին ժամը հասած էր եւ սկաուտները պէտք էր պատրաստուէին յաջորդ օրուան:

Յաջորդ առտու մարզանքով սկսած յայտագիրը շարունակուեցաւ սկաուտական նստակեաց խաղերով. ապա բանակումի մասնակիցները սկսան բանակավայրը մաքրել եւ իրենց ապրանքները դասաւորել: Նորագիր Արենուշներն ու Պարմանուհիները նաեւ իրենց խոստումը կատարեցին եւ ստացան կապոյտ եւ գինեգոյն փողկապը՝ խոստանալով, որ յանձնառու պիտի ըլլան յաւելեալ պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու՝ տէր կանգնելով իրենց տուած խոստումին:

Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով:

Վերադարձի ժամը հասած էր՝ սկաուտները ձեռք ձեռքի բռնած ցտեսութեան երգը երգեցին. «Ցտեսութիւն մըն է եղբայր միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրարու կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»:

Սկաուտները վերադառնալով՝ իրենց հետ տարին նոր սորված գիտելիքներ, ունեցան գեղեցիկ յիշատակներ, իսկ ամենէն կարեւորը՝ խոստացան միշտ առաջնորդուիլ «Բարձրացիր Բարձրացուր» նշանաբանին գաղափարով:

 

Բանակումէն պատկերներ