ՀՕՄը Ամանորեայ Նուէրներ Բաժնեց Մատաղիսի եւ Թալիշի Փոքրիկներուն


Մատաղիսի դպրոցի աշակերտները նուէրներ կը ստանան ՀՕՄ-էն

Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի անդամները Դեկտեմբեր 25-ին այցելեցին Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս եւ Թալիշ գիւղերը եւ ամանորեայ նուէրներ յանձնեցին տեղւոյն աշակերտներուն ու մանկապարտէզներու սաներուն:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու եւ անհատ բարերարներու հովանաւորութեամբ՝ գրենական պիտոյքներ, խաղալիքներ, անձնական մաքրութեան միջոցներ, քաղցրեղէն ու հագուստի զանազան պարագաներ պարունակող տուփերը փոխանցուեցան յիշեալ երկու համայնքներու փոքրիկ բնակիչներուն:

ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշեց, որ վերջին անգամ ՀՕՄը Մատաղիս եւ Թալիշ այցելեց Դեկտեմբեր 2015-ին, ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ, եւ ներկայիս շատ ուրախ են՝ դարձեալ տեսնելու աշակերտներուն աշխուժութիւնը եւ եռուզեռը դպրոցներուն մէջ: «Դուք մեր հիւսիսային սահմանի պատուարն էք, մենք ձեր շնորհիւ հանգիստ կ՛ապրինք, որովհետեւ գիտենք, որ մեր հիւսիսային սահմանը անառիկ է: Ապրելով այս սահմանային գիւղին մէջ դուք ուժ կու տաք  մեր բոլորին», շեշտեց Արմինէ Յարութիւնեան:

Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցը ներկայիս ունի 106 աշակերտներ: Ըստ Դպրոցի տնօրէն Գեղամ Աղաջանեանի՝ վերջին տարիներուն, գիւղին դպրոցականներուն թիւը գրեթէ չէ փոխուած: Ըստ անոր՝ ՀՕՄը մնայուն կերպով կապի մէջ է դպրոցին հետ եւ կ՛աջակցի անոր։

«Երեխաները շատ կ՛ոգեւորուին, երբ կը զգան, որ սահմանին վրայ մենակ չեն: Իսկ 2016-ի Ապրիլէն ետք բոլորը շատ կարճ ժամանակով վերադարձած են, լծուած իրենց առօրեայ աշխատանքներուն։ Շահագործման յանձնուած դպրոցը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ բաւական վնասուած էր: Գանատահայութեան միջոցներով շատ կարճ ժամանակի մէջ անիկա վերանորոգուեցաւ, եւ Սեպտեմբերէն ամբողջովին հիմնանորոգուած դպրոցին մէջ դասեր կ՛ընենք: Եւ աշակերտները դպրոցի «վէրքերը» չտեսան», յայտնեց Աղաջանեան՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով գանատահայ Մկրտիչ Մկրտչեանին:

Թալիշի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցի ուսումնական տարին մեկնարկեց այս տարուան Նոյեմբեր 4-ին. ներկայիս այնտեղ ուսում կը ստանան 26 աշակերտներ:

Աւելցնենք, որ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները մասնակցեցան Մատաղիսի եւ Թալիշի դպրոցներու ամանորեայ գեղեցիկ հանդէսներուն, որոնց ընթացքին նուէրներ բաժնեցին բոլորին։

Մատաղիսի դպորցի աշակերտները Ամանորեայ հանդէսի ժամանակ

 

Սահմանամերձ Թալիշ գիւղի աշակերտները՝ Տօնածառին շուրջ