ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսեանին Հետ Հարցազրոյց՝ 2021-2022 Տարեշրջանի Վերամուտին Առթիւ


Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արդիւնաբեր տարեշրջան մը աւետող, ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանը սկսած է։ Արգասաբեր եւ ապահով տարեշրջանի մը ակնկալիքով զրուցեցինք տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսեանի հետ՝ ծանօթանալու վարժարանին մշակած նոր ծրագիրներուն, ձեռնարկած փոփոխութիններուն եւ համավարակէն պաշտպանուելու նպատակով անոնց որդեգրած նոր քայլերուն։

 

Ռաֆֆի Սարգիսեան

              Ռաֆֆի Սարգիսեան

Հարցում- Համավարակի տագնապը տակաւին առկայ է, սակայն ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը գրկաբաց ընդունած է իր աշակերտութիւնը, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ նախաքայլերով իրականացած է վարժարանին վերամուտը։

Պատասխան- Այս տարի եւս, նախորդ տարուան նման՝ Covid 19-ի մարտահրաւէրին դէմ յանդիման գտնուելով հանդերձ, մեր վարժարանին դռները բացինք մեր սիրելի աշակերտները դիմաւորելու: Դպրոցին օրէնքները ներկայիս համապատասխան են անցեալ տարուան մեր ունեցած օրէնքներուն։ Այս տարի աւելի ուշադրութիւն կը դարձնենք քաղաքին եւ նահանգին սահմանած առողջապահական օրէնքներուն, ուստի ջանքեր չենք խնայած ապահով եւ առողջ միջավայր մը ստեղծելու մեր աշակերտներուն։ Անոնք ուրախութեամբ դպրոց կը յաճախեն, այդ ուրախութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնենք իրենց աչքերուն մէջ։ Մենք ալ մեր կարգին միշտ զգոյշ կ’ըլլանք, որպէսզի մեր աշակերտները հետեւին ձեռք լուալու, իրարմէ հեռաւորութիւն պահելու եւ դիմակ կրելու բոլոր սովորութիւններուն, որպէսզի առողջապահական կանոններուն ուշադիր ըլլալով կարենանք բաց պահել մեր վարժարանը եւ երկուստեք` անձնակազմ ու աշակերտութիւն, իրարու ներկայութիւնը վայելենք եւ ուսման ուղին բռնած լուսաւոր ապագայ մը կերտենք իւրաքանչիւրին համար։

 

 Հ– Դպրոց յաճախող աշակերտութեան թիւը նախորդ տարուան համեմատ աւելցա՞ծ, թէ պակսած է։ Արդիական ինչպիսի՞ նախաքայլեր առնուած են՝ ի օգուտ աշակերտութեան։

Պ․- Նախորդ տարուան թիւին հետ բաղդատելով, այս տարի աւելի մեծ թիւով աշակերտներ որոշած են դպրոց յաճախել։ Ամսական դրութեամբ ընտրութեան առիթ տուած ենք ընտանիքներուն, որոշելու իրենց զաւակին՝ դասպահերուն ներկայ գտնուելու դրութիւնը (տունէն կամ անձամբ դպրոց յաճախելով)։ Անշուշտ դասաւանդելու եւ սորվելու նախընտրելի միջոցը վարժարանէն ներս անձամբ ներկայութիւնն է, անոր համար ալ յաճախ կը քաջալերենք ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակները դպրոց ղրկեն։ Չորրորդէն մինչեւ 12-րդ դասարանի մեր աշակերտները համացանց եւ Google Classroom  օգտագործելու նորարար միջոցներէն կ’օգտուին։ 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ iPad, իսկ 6-րդէն 12-րդ դասարանի աշակերտները՝ Chromebook, որպէսզի անոնք կարենան քայլ պահել արդի դասաւանդման միջոցներուն եւ լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք բերեն։

 

Հ– Սոյն տարեշրջանին ամէնօրեայ վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւը յստա՞կ է։

Պ․-ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը, իր բոլոր բաժիններով` Ռուբինա Մանկամսուր, Պապայեան Մանկապարտէզ, Գոլոլեան Նախակրդարան եւ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարան, իրենց աշխատանքը կը շարունակեն՝ լաւագոյնս ծառայելու աշակերտներուն։ Մօտաւորապէս 620 աշակերտներ ունինք։ Դասարաններ ունինք, որոնց մէջ աշակերտութեան թիւը արդէն ամբողջացած է։ Մեր յոյսն է, որ եկող տարեշրջաններուն կարենանք ընդլայնել մեր վարժարանը, հետեւաբար հնարաւորութիւն կ’ունենանք բոլոր դիմող աշակերտները ընդունելու։ Անշուշտ ամէն ամիս ծնողները կրնան որոշել, եթէ այդ ամիս իրենց զաւակը կ’ուզէ անձամբ միանա՞լ մեզի կամ առցանց մասնակցիլ դասապահերուն եւ այդ պատճառով իսկ թիւի որոշ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։

 

Հ– Արդեօք նախկին տարեշրջաններուն նման ուսուցիչները նախապատրաստական դասընթացքի հետեւեցա՞ն։

Պ․- Մենք, որպէս ուսուցչական կազմ, նախքան դպրոցին սկսիլը Google Classroom-ի օգտագործման միջոցները սերտեցինք՝ վերյիշելու նորարար միջոցներու օգտագործումը, որպէսզի լաւագոյնս ներկայացնենք զանոնք մեր աշակերտներուն եւ օգտակար դառնանք անոնց։ Մեր ժրաջան ուսուցիչները միօրեայ վերաորակաւորման դասընթացքի հետեւեցան եւ կրցան առաղջապահական գետնի վրայ նոր գիտելիքներ ձեռք բերել։ Անոնք, մասնագէտներու միջոցաւ, պատրաստուեցան, որպէսզի կարենան աշակերտներուն օգտակար դառնալ՝ լուծելու մանաւանդ այնպիսի հոգեբանական խնդիրներ, որոնք կը յառաջանան մեր աշակերտներուն մօտ՝ COVID-19-ի պատճառով. Այս ամէնը ըրինք, որպէսզի պզտիկներուն ո՛չ միայն ակադեմական գիտելիքներով զինենք կամ ֆիզիքական գետնի վրայ իրենց կարողութիւնները զարգացնենք եւ առողջ պահենք զանոնք, այլ՝ միեւնոյն ժամանակ անոնց մտային եւ հոգեբանական առողջութիւնը ապահովենք դպրոցէն ներս։

 

Հ– Աւարտական դասարանի աշակերտներուն դասերը ինչպէ՞ս կ’ընթանան, արդեօք հոգեպէս պատրա՞ստ են անոնք, դէպի ապագայ իրենց նախաքայլերը առնելու։

Պ․- Աշխատանքի լուծուեցանք 12-րդ կարգի աշակերտներուն համար՝ իրենց նախընտրած համալսարանի եւ ուսումնարանի դիմումները պատրաստելու գծով, անշուշտ իրենց բացատրութիւններ եւ ցուցմունքներ տրուեցան, որպէսզի յստակ կերպով ընտրեն ուսման գծով իրենց նախասիրած ճիւղը եւ ըստ այնմ՝ մենք ալ գրանցենք զանոնք, իրենց նախընտրած բաժինէն ներս։

 

Հ– Նախորդ տարիներուն բաղդատմամբ, արդեօք յուսադրող ի՞նչ նորութիւններ կամ փոփոխութիւններ կան դպրոցէն ներս։

Պ․- Նախորդ տարին իրաւունք չունէինք դպրոցէն ներս երգելու, սակայն այս տարի փոփոխութիւններէն մէկը այն է, որ իրաւասութիւնը ունինք երգելու եւ նուագելու, եւ այս մէկը մեծ հաճոյք կը շնորհէ մեր աշակերտներուն, որովհետեւ անոնք շատ կը սիրեն հայերէն երգեր սորվիլ ու երգել։ Նուագախումբի դասերը վերսկսան, անշուշտ որոշ օրէնքներով։ «Արամ Խաչատրեան» նուագախումբը անցեալ տարուան առցանց դասապահերէն դուրս ելլելով ուրախ մթնոլորտի մէջ պահեց մեր աշակերտները։ Վարժարանիս «Արամ Խաչատրեան» նուագախումբը, «Գանձասարի Սոխակներ» եւ «Կռունկ» երգչախումբերու մասնակիցները կը պատրաստուին երգելու եւ նուագելու այն յոյսով, որ պիտի կարենան առցանց համերգ տալ կամ բեմի վրայ ելոյթներ ունենալ։ Վերադասաւորած ենք տօները յիշելու եւ նշելու իւրայատուկ ձեւեր։ Օրինակի համար՝ այսօր մեր 12-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ՝ յայտարարութիւններով, ասմունքով եւ սրտի խօսքեր ըսելով տօնեցինք Սեպտեմբեր 2-ի եւ Սեպտեմբեր 21-ի՝ Արցախի եւ Հայաստանի Անկախութեան զոյգ տօները։ Յաճախ յարմար ձեւեր պիտի որդեգրենք միջոցառումներ կազմակերպելու, տօները նշելու կամ աշակերտական խորհուրդի ընտրութիւնները կատարելու՝ անշուշտ այս ամէնը կախեալ է կառավարական օրէնքներէն։

 

Հ– Ամենայն բծախնդրութեամբ սերտուած եւ յաջողութեամբ ընթացք առնող տարեշրջանին սեմին ինչպիսի՞ սրտի խօսք կ’ուզէք ըսել եւ որո՞նց կ’ուղղէք այդ խօսքը։

Պ․- Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ուուցչական կազմին եւ ողջ անձնակազմին, որոնք իսկապէս ճիգ չխնայեցին լաւագոյն ձեւով պատրաստուելու վերամուտին եւ հոգատարութեամբ մօտեցան մեր աշակերտներուն։ Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր համայնքին, որ օգտակար դարձած է վարժարանին եւ աշակերտներուն՝ վարժարանիս կրթական մարմինին հաստատած օրէնքներուն հետեւելու գծով։ Շատ յստակ է, որ վերջերս համավարակին պատճառով դժուար տարեշրջաններ ունեցանք, սակայն բոլորիս ջանքերով կը շարունակենք ապահով մթնոլորտ մը ստեղծելով շարունակել մեր կրթական համակարգը, որպէսզի մեր վարժարանը շարունակէ ծաղկիլ եւ իր առաքելութիւնը կատարել՝ ի շահ մեր աշակերտներուն եւ մեր գաղութին։ Մեծ շնորհակալութիւն վարժարանիս կրթական մարմինին, որ ամէն ջանք ի սպաս կը դնէ լաւագոյն պայմանները ստեղծելու մեր վարժարանին եւ աշակերտութեան։

Բարի վերամուտ եւ յաջողութեամբ լի բարեբեր տարեշրջան մը կը մաղթեմ բոլորին։