Նինա Խաչիկեան Նշանակուած է ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Քաղաքականութեան Հարցերով Խորհուրդի Անդամ


(News.am)- Լոս Անճելըսի քաղաքապետի` միջազգային հարցերով առաջին տեղակալ Նինա Խաչիկեան նշանակուած է ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան քաղաքականութեան հարցերով խորհուրդի անդամ։

Կը նշուի նաեւ, որ խորհուրդի կազմին մէջ են այնպիսի յայտնի գործիչներ, ինչպէս ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Մատլէն Օլպրայթն ու Հենրի Քիսինջըրը:

Դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ Խաչիկեան նախապէս եղած է ԱՄՆ դեսպան Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան կից: Իր ծառայութեան ընթացքին ան արժանացած է Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրագոյն պատուաւոր պարգեւին:

Ան նաեւ եղած է Ամերիկեան առաջընթացի կեդրոնի (Center for American Progress) գիտաշխատող ու աւագ փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ ասիական քաղաքականութեան գծով համաղեկավար նախագահ Օպամայի նախընտրական արշաւի ժամանակ 2012-ին: Դեսպան Խաչիկեան նաեւ եղած է RAND ասիա-խաղաղովկիանոսեան կեդրոնի տնօրէնը ու աշխատած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին մէջ 1998-1999 թուականներուն: Ան բազմաթիւ գիրքերու, զեկոյցներու ու յօդուածներու հեղինակ է:

Խաչիկեան հիմնադիր է Ամերիկայի մէջ ծառայող կին դեսպաններու միութեան, որուն կազմին մէջ ներառուած է աւելի քան 200 գործող եւ նախկին դեսպան, շարք մը կազմակերպութիւններու համահիմնադիր է, խորհուրդներու անդամ եւ այլն: