«Ոսկէ Ծիրան» 16-րդ Միջազգային Կինոփառատօնը Սկիզբ Առաւ


Փառատօնի հիւրերը կ՛անցնին կարմիր գորգին վրայէն։

Կաննի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակի այս տարուան դափնեկիր Չուն-Հօ Փոնի «Մակաբոյծը» ֆիլմի ցուցադրութեամբ Յուլիս 7-ին Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկիզբ առաւ Երեւանի ամենայայտնի մշակութային իրադարձութիւններէն մէկը` «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը:

Մէկ շաբաթ շարունակ մշակութասէր հանրութիւնը հնարաւորութեան կ՛ունենայ դիտելու  համաշխարհային յայտնի ֆիլմեր:

«Ոսկէ Ծիրան»-ի անուանի հիւրերը, մրցութային եւ ոչ մրցութային ծրագիրերու մասնակիցները,  հանդիսաւոր արարողութենէն առաջ անցան կարմիր գորգով, լուսանկարուեցան ու բարի մեկնարկ մաղթեցին կինոփառատօնին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթերցուեցաւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը, ուր կ՛ըսուէր․ ««Ոսկէ ծիրան»ը դարձած է Հայաստանի մշակութային այցեքարտը թէ’ Հայաստանի մէջ եւ թէ’ անկէ դուրս: Պէտք է արժեւորել այս փառատօնի դերը շարժանկարի աշխարհին մէջ նոր կամուրջներ ստեղծելու համար: Այդ կամուրջներով Հայաստան եկած են եւ կը շարունակեն գալ օսքարակիր բեմադրիչներ, դերասաններ, փառատօնի բազմաթիւ հիւրեր:  Այդ կամուրջներով է, որ անոնք կը բացայայտեն Հայաստանի հոգեւոր եւ նիւթական գեղեցկութիւնը, կը հիանան անոր հմայքով, կը տարուին գրաւչութեամբ, կը հաստատեն մարդկային ջերմ փոխյարաբերութիւններ, կը հիմնեն բարեկամական եւ գործընկերային կապեր»:

Փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան ըսաւ, որ այս տարի «Ոսկէ Ծիրան»ը փոփոխութիւններ կրած է. փոխուած է փառատօնի ղեկավար կազմը, ձեւաւորումը, տարբերանշանը եւայլն: «Չէ փոխուած մեր գլխաւոր գործընկերը` «Վիւասել-ՄԹՍ»-ը, որ չափազանց ուրախալի է մեզի համար: Մենք, ինչպէս միշտ, Ռալֆ Իրիկեանի հետ կ՛ազդարարենք  փառատօնի բացումը: Յուսամ` այսպէս կ՛ըլլայ նաեւ ապագային»,- շեշտած է Խաչատրեան:

16-րդ միջազգային փառատօնն աշխարհի տարբեր երկիրներէն ստացած է մասնակցութեան աւելի քան 740 յայտ: Ցուցադրութեան համար ընտրուած են ֆիլմեր Կաննի, Պեռլինի, Ռոթերտամի շարժանկարի փառատօներու խաղացանկերէն:

Այս տարի պիտի ըլլան միջազգային լիամետրաժ (խաղարկային եւ վաւերագրական), ինչպէս նաեւ կարճամետրաժ ֆիլմերու տարածաշրջանային մրցոյթներ, «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» խորագրով արտամրցութային ծրագիր: Կան նաեւ արտամրցութային ծրագիրներ: