Ռիդա Շահինեան՝ Արաբական Աշխարհի Հիւլէական Բնագաւառի Առաջին Կին Բժիշկը


«Ազդակ»,- Lիբանանահայ Ռիդա Շահինեան պիտի դառնայ արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը։

Ռիդա Շահինեան ծնած է 28 Յունիս 1987-ին, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, համալսարանական ուսումը՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականը 2009-ին: Ապա, անցած է Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան, ուրկէ ստացած բժշկութեան MD վկայականը 2013-ին, որմէ ետք նոյն հունին մէջ մասնագիտացած ռատիոբանութեան (radiology) մէջ եւ աւարտած 2018-ին: Նոյն տարին դարձեալ վերադարձած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան` մասնագիտանալու համար հիւլէական բժշկութեան (nuclear medicine) մէջ: Ան իր մասնագիտական ուսումը պիտի աւարտէ սեպտեմբեր 2021-ին:

Մասնակցած է զանազան ասպարէզներու նախապատրաստական աշխատանքներու Լիբանանի լաւագոյն հիւանդանոցներուն մէջ եւ վկայուած է American Heart Association-ի կողմէ: 2019-ին աշխատած է Պսալիմի «Middle East» հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ ռատիոբան: Մասնակցած է նաեւ զանազան բժշկական պրպտումի եւ հրատարակչական աշխատանքներու. մինչեւ հիմա ունի 8 հրատարակութիւն` վերջինը հրատարակելով Յունիս 19-ին, որ կը վերաբերի PET/CT քննութեան մէջ գործածուող նիւթի մը կապին` գեղձերու նախնական քաղցկեղի արտայայտման մէջ:

Շահինեան անդամ է լիբանանեան եւ համաշխարհային բժշկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքային, Հիւսիսային Ամերիկայի ռատիոբանական միութեան (Radiological Society of North America), Հիւլէական բժշկութեան ամերիկեան քոլեճին (American College for Nuclear Medicine) եւ այլն:

Բժշկական մարզի նորութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, Շահինեան մասնակցած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ զանազան սեմինարներու եւ համագումարներու, թէ՛ իբրեւ մասնակից, թէ՛ իբրեւ դասախօս:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ծաւալած իր գործունէութեան, Շահինեան 2011-էն 2016 անդամակցած է ԱՖՀԻԼ-ի թմրամոլութեան դէմ պայքարող «Հորիզոն» կեդրոնին իբրեւ դասախօս: