Սուրբ Հոգին Աղբիւր Ներշնչման ու Մասամբ Նորին


Կիւվտէր

Մովսէս Ծիրանի

Հակառակ անոր որ մերօրեայ արուեստագէտը արդէն իսկ ձեռք բերած է ազատօրէն արտայայտուելու բացարձակ իրաւունք, տակաւին կան որոշ հանգամանքներ, որոնք կը շարունակեն «ուղղորդել» ստեղծագործողի ներշնչման ընթացքն ու սահմանափակել՝ անոնց լիարժէք կերպով արտայայտուելու կարողականութիւնը: Հինէն ի վեր արուեստի գեղագիտական ուժը, օգտագործուած ու նոյնի’սկ չարաշահուած է, ըլլայ քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, թէ այլ բնագաւառներէ ներս: Անոնք թէեւ մեծապէս նպաստած են արուեստի զարգացման ու տարածման, սակայն ինչ որ տեղ խոչընդոտած են նաեւ արուետագէտի ստեղծագործական թռիչքն ու սահմանափակած՝ անոր ներշնչման ոգեղէն ուժը:

Ժամանակին արուեստագէտը (նիւթապէս, թէ բաբարոյապէս) ուղղակիօրէն կախեալ էր պատուիրատուներէն, իսկ այսօր անուղղակիօրէն նաեւ՝ հաւաքորդներէն: Ի հեճուկս այս իրողութեան սակայն իրաւ արուեստագէտներէն շատեր, արհամարհելով նիւթական շահն ու արհեստականօրէն խոստացուած վարկը, կը ստեղծագործեն իրենց ներքին եսի թելադրանքներուն համապատասխան: Այս մէկը կենսական է արուետի զագացման համար, որովհետեւ, եթէ ի վերուստ շնորհուած ներշնչումը իր բնական ընթացքէն շեղի, հաւանական է որ յղացքը բովանդակային առումով ինչ որ չափով շահի, բայց գեղագիտականօրէն որակը կը տուժէ: Իսկ երբ պատուիրատուի գեղարուեստական ակնկալութիւններն ու արուեստագէտի ներշնչման մղումները ուղիղ համեմատին իրարու, արդիւնքը կ’ըլլայ փայլուն ու գեղագիտականօրէն համոզիչ:

Սկսեալ մարդու մարդկայնացման ժամանակներէն, ստեղծագործողները կը զգային ու կը հաւատային, որ գոյութիւն ունի իրենց կարողութիւններէն վեր գերբնական ուժ մը, որ որոշ պահերու թափ կու տայ իրենց երեւակայութեան ու կը խթանէ ստեղծագործական կիրքը: Այս մէկը կը նշանակէ թէ ներշնչման բնոյթը անհատական է եւ ոչ թէ ընդհանրական: Սակայն, որովհետեւ այս մէկը ձեռնտու չէր հին աշխարհի ղեկավարներուն, անոնք արուեստի գործերը կը համարէին երկնատուր ու անոնց իրականացումը կը վերագրէին աստուածներու կամքին, այսինքն ներնչումը պէտք է որ ընդհանրական համարուէր եւ ոչ թէ անհատական: Անոնք մէկ կողմէ կը նսեմացնէին արուեստագէտնրուն դերը եւ միւս կողմէ կը զրկէին զանոնք հեղինակային իրաւունքներէ: Այս պատճառով ալ արուաստագէտներուն հետ կը վարուէին իբրեւ արհեստաւորներու, ստեղծագործական բաժինը վերագրելով աստուածներուն: Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ փարաւոնական մշակոյթը, ըլլայ բովանդակային թէ ոճային առումներով, հազարամեակներու ընթացքին մնացած է գրեթէ նոյնը: Հին Եգիպտացի կերպարուեստագէտները իրենց վարպետներուն հետ համատեղ, արհեստաւորի նման պէտք է որ աշխատէին ու իրագործէին պատուիրատուներու, այս պարագային քրմական դասի եւ ազնուականութեան պահանջքները, իբրեւ աստուածային կամքի արտայայտութիւն, հիմնուած՝ կրօնական (կաղապարուած) Սուրբ Օրէնքներու վրայ: Նոյնը կարելի է ըսել հին աշխարհի գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մասին: Ինչպէս. Շումեր-աքքատական, Ինգա-Մայական, չինական, հնդկական, եւ այլն:

Հին Յոյներու պարագան ուրիշ էր: Թէեւ հոս եւս պատուիրատուն քրմական դասն ու ազնուականութինն էր ու կրօնքին ազդեցիկ դեր վերապահուած էր, բայց արուեստագէտները ձեռք բերած էին արտայայտուելու որոշ ազատութիւն, որովհետեւ անոնք ի տարբերութիւն Հին Եգիպտացիներուն, չկարողանալով բարձրանալ աստուածներու մակարդակին ու անմահանալու, աստուածները իջեցուցին իրենց մակարդակներուն ու հաղորդեցին անոնց մարդկային նկարագիր ու յատկութիւններ: Մեկնելով այս սկիզբունքներէն, հելլեն արուեստագէտները ոչ միայն որոշ չափով հնարաւորութիւն ունէին իրենց անհատականութեան դրոշմը դնելու արուեստի գործերուն վրայ, այլ նաեւ ոճային առումով յաճախ կը տարբերուէին իրարմէ: Եւ պատահական չէ, որ Հին Յոյները ունէին պաշտամունքի արժանի ինը նեշնչման աղբիւրներ (Մուսաներ), որոնցմէ իւրաքանչիւրը արուեստի տեսակ մը կը հովանաւորէր:

Հին հռոմէացիները իրենց գործնապաշտութեան հետեւանքով չկրցան գերազանցել յոյները ու, առանց կարենալ «անհատականացնելու» անոնց մշակոյթը, մնացին անոնց շուքին տակ:

Քրիստոնէութեան ժամանակաշրջանին, սրբանկարչութեան արտայայտչաձեւերն ու բովանդակութիւնը, համաձայն քրիստոնէական վարդապետութեան փոխուեցան: Սրբանկարիչները կորսնցնելէ ետք հեթանոսական որոշ ազատութիւններ, աւելի եւս կաշկանդուեցան, սուրբերու կերպարները ոգեղինացուելով վերացարկուեցան ու իրապաշտութեան հողի վրայ՝ նահանջեցին:

Ըստ քրիտոնէական հաւատքի, ներշնչման աղբիւրն ու հովանաւորը Սուրբ Հոգին է, որ սրբանկարչութեան մէջ կը պատկերուի Աղաւնակերպ, թէեւ երբեմն կը ներկայանայ նաեւ իբրեւ կենսատու լոյս, ջուր կամ կրակ: Սրբանկարիչները, Հին Եգիպտական արուեստագէտներու նման, կը հաւատային, որ իրենք կատարողն են պարզապէս, իսկ սրբանկարի բուն հեղինակը Սուրբ Հոգին է: Այս պատճառով ողջ սրբանկարչութիւնը (իր ամենալայն իմաստով) կ’իրագործուէր յատուկ քրիստոնէական աստուածաբանական սկզբունքներով (թապուներով), ըլլայ ոճային թէ բովանդակային առումներով: Թէև պատկերելու արհեստագիտութիւնը, սկզբունքներն ու ոճային ու բովանդակային իմաստաւորումները գրեթէ նոյնն էին: Սակայն քրիստոնեայ ազգերն ու առանձին յարանուանութիւնները, իրենց մշակութային առանձնայատկութիւններուն համապատասխան մակարդելէ ետք կերպարուեստը, տարբերակիչ դպրոցներ ստեղծեցին, որոնց մէջ ի յայտ եկան նաեւ զօրաւոր ահատականութեան տէր սրբանկարիչներ: Այսպիսով քրիստոնէական արուեստը հեռանալով իրապաշտութենէն, ուժ տուաւ հոգեւոր աժէքներու իմաստաւորման ու դրսեւորման, շրջանցելով աշխարհիկ կեանքն ու կենսասիրութիւնը, որոնք հեթանոսական կը համարուէին, հետեւաբար նաեւ՝ մերժելի:

Իտալական վերածնունդը եկաւ ու կարճ ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ եւրոպական միւս երկիրներու մէջ, իր հետ վերականգնելով ու վերարժեւորելով նաեւ հեթանոսական կենսասիրութիւնն ու առհասարակ աշխարհիկ կեանքը: Արուեստագէտները հետզհետէ աւելի ու աւելի սկսան ձերբազատուիլ կաշկանդումներէ. թէեւ անոնցմէ շատեր դժուարութեամբ կրցան ձեռք բերել ստեղծագործելու ազատութիւն ու ինքնատպութիւն: Օրինակի համար, ֆլամանտական դպրոցի ռահվիրան՝ Ռուպէնզը, իր հասուն տարիքին միայն, երբ արդէն գտած էր իր ներշնչման աղբիւրը՝ տասնըվեցամեայ Հելէնը, բարոյապէս ինքզինք հաստատած ու նիւթապէս ապահովուած, կրցաւ մերժել նոյնիսկ թագաւորներու պատուէրները ու սկսաւ ստեղծագործել իր ներշնչման ու ներքին թելադրանքներուն համապատասխան: Ան ոչ միայն սկսաւ դրսեւորել մերկ մարմնի կրքոտ շարժումներն ու անոնց կանացի հմայքը, այլ նաեւ արտայայտեց կեանքի հրճուանքն ու բնութեան կենսախինդ գեղեցկութիւնը: Թէև Ռուպէնզը իր տեսակին մէջ միակը չէր, բայց քիչերու միայն վերապահուած էր նման բացառիկ առիթ: Ստեղծագործական թապուներէն հետզհետէ ձերբազատուած արուեստագէտը մեր օրերուն ոչ միայն բացարձակապէս ազատ է, այլ հասած է նոյնի’սկ սանձարձակութեան: Սակայն ստեղծագործական այս անիշխանական ազատութիւնը պայմանական է. եւ միշտ չէ որ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ արուեստի զագացման ու տարածման վրայ:

Այսպէս,

Բոլոր պարագաներուն, ներշնչումը վերացական ու խիստ անհատական ըլլալով հանդերձ, ոչ միայն կայ ու կը գործէ, այլ անոր ոգեղէն (դուք կրնաք ըսել աստուածային) միջամտութեան հզօրութենէն պայմանաւորուած կը թուի ըլլալ արուեստի գործի որակն ու գեղագիտական ներազդեցիկ ուժը: Համաձայն արուեստագէտի տրամադրուածութեան, անոր ստեղծագործելու ցանկութիւնն ու չկամութիւնը հաւասարապէս կը վկայեն ներշնչման առկայութեան կամ բացակայութեան մասին:

Արուեստագէտներ իրենց խառնուածքին կամ ակամայ ստեղծուած իրավիճակին համապատասխան, տարբեր ձեւով կ’ընկալեն ներշնչումը ու կը ստեղծագործեն, ինչպէս որ համաճարակի պատճառով ստեղծուած անախորժ կացութիւնը տարբեր տեսակի ազդեցութիւն գործեց արուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքի վրայ: Եւ որովհետեւ նախորդ մեր երկու յօդուածներու մէջ խօսած ենք համաճարակի ընթացքին ժամանակակից կարգ մը Հայ կերպարուեստագէտներու կեցուածքի, ու անոնց ստեղծագործական կեանքի բնոյթի մասին, այժմ կատարենք որոշ լրացումներ միայն:

Նախապէս մեր ներկայացուցած գլխաւոր երկու տեսակի արուեստագէտներէն բացի, կան ուրիշներ, որոնք պէտք ունին երկարատեւ ներշնչանքի, այսինքն «լիցքաւորման» (ճիշդ հասկցուելու համար գուցէ կարելի ըլլալ գործածել նաեւ «ստեղծագործական երկունք» բառակապակցութիւնը), իսկ «լիցքաթափման» համար՝ անոնք կը մտնեն գերլարուած ու մագնիսացած ոլորտներու մէջ, իսկ երբ ստեղծագործական հեշտանքը կը հասնի զենիթին, կը ծնի «երեխան», իբրեւ արուեստի յղացք: Այս տեսակներու ներշնչումը լիցքաթափման ուժգնութեան հետ, ուղիղ կը համեմատի լիցքաւորման աստիճանի գեղագիտական երկունքի: Նմանօրինակ ստեղծագործողներ էին. Վրոյր Գալստեանը, Փօլ Կիրակոսեանը, Զաւէն Խտշեանը, Թորոս Տէր-Յակոբեանը, Սէյրան Խաթլամաճեանը, Արկատի Պաղտասարեանը (Արկօ), Վիգէն Թադեւոսեանը, իսկ ժամանակակիցներէն՝ մեզի ծանօթ են Արա Ազատն ու Վահան Ռումէլեանը: Այս վերջիները իրենց տեսակին մէջ իւրայատուկ են, անմիջական ու հաղորդական: Անոնք իմ ճանչցած վերացապաշտ արուեստագէտներու մէջ, այն քիչերէն են, որոնց համար ներշնչումն ու ստեղծագործական պահը կարեւոր նշանակութիւն ունին: Այս կարգի արուեստագէտները, եթէ լիցքաւորուած ու ներշնչուած չըլլան, նոյնի’սկ եթէ փորձեն երփնագրել, արդիւնքը ձախող կ’ըլլայ: Իսկ երբ անոնցմէ ոմանք փորձեն ստեղծագործել առանց անմիջական ներշնչումի՝ հարկադրաբար, կը պատահի անսպասելին ու ոմանք կը փճացնեն իրենց իսկ ստեղծած թոյլ գործերը: Այս առումով, իմ ճանչցած արուեստագէտներէն, աչքիս առաջ բազմաթիւ գործեր ոչնչացուած են Փօլ Կիրակոսեանի, Թորոս Տէր-Յակոբեանի, Կիւվտերի, Բագրատ Գրիգորեանի, Սէյրան Խաթլամաճեանի, Վարուժան Վարդանեանի, Մկրտիչ Մազմանեանի, Արկոյի եւ այլոց կողմէ:

Ի վերջոյ բոլոր տեսակի արուեստագէտներուն համար ալ ներշնչումի հարցը թէեւ կը մնայ խորհրդաւոր, այնուամենայնիւ կենսական ու ճակատագրական դեր կրնայ կատարել անոնց ստեղծագործական կեանքէն ներս: Այս բոլորին զուգահեռ կան արուեստագէտներ, որոնք կ’ուզեն իրենց շօշափած թեման առաւելագոյնս մօտեցնել ճշմարտացիութեան եւ պէտքը կը զգան որոշ ուսումնասիրական աշխատանքներու: Այս երեւոյթը աւելի բնորոշ է, բովանդակալից ու կոթողային ստեղծագոծութիւններու պարագային յատկապէս գրողներու, որոնցմէ մէկը արդէն իսկ կայացած ու տաղանդաւոր գրող՝ Վահան Զանոյանն է: Ան նախ անգլերէնով կը գրէ իր վէպերը, ու ամերիկեան հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուելէ ետք միայն հայերէնի կը թարգմանուին անոնք: Ցարդ հրատարակած է երկու բանաստեղծական հատորներ ու չորս վէպեր: Այս օրերուն ի հեճուկս համաճարակի տաղտկալի ներկայութեան ան կ’աշխատի հինգերորդ վէպին վրայ: Եւ որովհետեւ իր գիրքերու պատումներու հենքը սկզբունքով պէտք է որ քաղուած ըլլայ իրական կեանքէ, ան կը սերտէ ու կը հաւաքէ վաւերագրական այն տուալները, որոնց միջոցով պիտի ձեւաւորէ վերջինի դիպաշարը: Իր նման իրաւ արուեստագէտի մը համար որոնումներու այս յարատեւ գործընթացը ստեղծագորութեան մաս կը կազմէ, ուր կարիքը կը զգացուի տրամադրուածութեան, հետեւաբար՝ ներշնչանքի: Տրուած ըլլալով որ ան կը շօշափէ (յաճախ ազգայինէն մեկնելով) համամարդկային՝ ընդհանրական թեմաներ, ու կը մատուցէ զանոնք ժամանակակից շունչով ու իւրայատուկ լեզուամտածողութեամբ, նախ կ’ընդունուի ու կը գնահատուի օտար շրջանակներու կողմէ, որմէ ետք միայն կը հասնի Հայ ընթերցողին: Նոյնի’սկ իր վէպերէն մէկը՝«Սրբազան Աւազուտքներ»ը Նիւ Եորքի «Գոլոմպիա» եւ Ժընեւի «Ուապըսթըր» համալսարաններու մէջ յանձնարարուած է իբրեւ ընտրովի ընթերցանութեան գիրք: Այս կարգի արուեստագէտի ներշնչման համար տեղեկատուուական ուսումնասիրութիւնները կենսական են, որովհետեւ կ’աշխուժացնեն ստեղծագործողի զգացական ցանցերը:

Եզրակացնելու համար աւելցնենք, որ ներշնչումի հարցը (թէև վիճելի). կը մնայ ի զօրու… բոլոր տեսակի արուեստագէտներուն համար, որոնց ստեղծագործական գործընթացին մէջ կենսական դեր կը կատարէ նաեւ մարդ էակի ինքնարժէքի էութենական որոնումը, ենթագիտակիցի ոլորտներէն ներս ու անոր լիարժէք դրսեւորումը, որմէ յաճախ կախեալ կրնայ մնալ արուեստի յաջողութեան աստիճանն ու մակարդակը:

Վարուժան Վարդանեան

Վարուժան Վարդանեան

 

Թորոս Տէր Յակոբեան

 

Արկօ

 

Արա Ազատ