Ստեփանակերտի Նոր Թաղամասի Շինարարարութիւնը Ընթացքի Մէջ է


Նորակառոյց շէնքերու շինարարութենէն պատկերներ

«Արցախփրես»․-  Ստեփանակերտի Տիգրան Մեծ փողոցի յարակից տարածքին մէջ կառուցուող նոր բնակելի թաղամասի շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին:

Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Մարթա Դանիէլեան կը տեղեկացնէ, որ նոր թաղամասը բաղկացած պիտի ըլլայ 3 մասնաշէնքերէ։ «Կատարուած են հիմքերու եւ նկուղային յարկերու պատերու կառուցումը: Նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին նկուղային յարկի ծածկի համար»։

Թաղամասին շինարարութիւնը կ’իրականացնեն «Կապաւոր» եւ «Պանտ»  ընկերութիւնները:

Թաղամասը կը կառուցուի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ», նշած է Դանիէլեան եւ աւելցուցած, որ բազմաբնակարան շէնքերու կառուցումը կ’աւարտուի եւ անոնք կը բնակելի կը դառնան 2023-ին: