Նահանգապետ Տակ Ֆորտ ِԱյցելած է Ս. Աստուածածին Եկեղեցի եւ Հայ Կեդրոն


Հայր Գեղարդ Ծր. Վրդ. Քիւսպէկեան նահանգապետ Տակ Ֆորտին կը յանձնէ յուշանուէր մը:

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Յունուար 11ին, Օնթարիոյի Նահանգապետ Տակ Ֆորտ այցելեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Գեղարդ Ծր. Վրդ. Քիւսպէկեանի, Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ Եղիա Ծր. Վրդ. Գիրէճեանի, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ եւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Աղօթքի պահէն ետք, Հայր Գեղարդ ներկաներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց նահանգապետին, շնորհաւորեց զայն Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթներով, ինչպէս նաեւ` փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի օրհնանքն ու բարեմաղթանքները: Հայր Եղիա իր կարգին շնորհաւորեց նահանգապետը եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:

 Բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսքերէն ետք, Հայր Գեղարդ նահանգապետին յանձնեց յուշանուէր մը: Նահանգապետ Ֆորտ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Թորոնթոյի հայ գաղութին:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեան սրահէն ներս, ուր Նահանգային Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան խօսք առնելով ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Գաղութին բերած նպաստը Թորոնթոյի եւ առ հասարակ Օնթարիօ նահանգի համայնական կեանքին, յատկապէս վերջին տարիներուն Սուրիայէն ժամանած գաղթականներու առնչութեամբ տարուած հսկայական աշխատանքին: Պապիկեան յայտնեց, թէ՝ բոլոր անոնք որոնք վերջին տարիներուն հաստատուած են Գանատա, արդէն իսկ յաջող կեանքի մը ընթացքին մէջ մտած են՝ իրենց նպաստը բերելով Թորոնթոյի համայնական կեանքի զարգացման: Ան նաեւ նշեց Թորոնթոյի հայ յարանուանութիւններուն համագործակցութիւնը, որով հայ գաղութը որպէս մէկ մարմին կ՝ապրի եւ կը գործէ` պահելով մշակութային ինքնութիւնը հայ նոր սերունդներուն:

Նահանգապետը լսեց նաեւ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հակիրճ զեկոյցները, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ վեր առին համագործակցութեան ոգին: Իր կարգին, նահանգապետը գնահատեց հայ գաղութին կողմէ տարուած աշխատանքը, եւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութիս կողմէ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն համար:

Այնուհետեւ, Նահանգապետ Ֆորտ այցելեց Հայ Կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայ Կեդրոնի պատասխանատու մարմիներու ներկայացուցիչներուն հետ։