105-ամեայ Վերապրող Էօժէնի Փափազեան Թորոնթոյի Մէջ Կնքեց Իր Մահկանացուն


Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջին վերապրողներէն գանատահայ Էօժէնի Փափազեան (Գոգորեան-Երկանեան), 14 Յունուար 2020-ին, Թորոնթոյի մէջ կնքեց իր մահկանացուն:

Ան 105 տարեկանի սեմին կը գտնուէր:

Էօժէնի Փափազեան ծնած է Թուրքիոյ Սամսոն նահանգի Սեւ Ծովի ափին գտնուող Իոնիէ գաւառին մէջ, 1915-ին: Ան բնաւ չէ ճանչցած իր ծնողները: Հայրը 1915-ին զինակոչուած է եւ չէ վերադարձած, իսկ մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք:

Էօժէնի ունեցած է երկու քոյր` Արուսեակ եւ Ազնիւ, երեք եղբայր, երեք մօրաքոյր եւ քեռի, որոնց բնաւ չէ հանդիպած:

1915-ի տեղահանութիւններուն սկիզբը իր ընտանիքի բոլոր անդամները կ’ապաստանին լեռները, ապա կ’իջնեն ձոր, ուր կը ծնի Էօժէնին: Մօր տկար վիճակը տեսնելով`հարազատները խորհուրդ կու տան, որ հոն թողու իր նորածին զաւակը, բայց մայրը չ՛ընդունիր: Նորածինը կ՛անուանուի Ոսկի, նկատի առած անոր աստուածատուր գեղեցկութիւնն ու ոսկեգոյն մազերը: Սակայն գաղթի ուղիներուն վրայ մայրը կ՛աւանդէ իր հոգին:

Երեք տարի մեծ մայրը կը խնամէ զինք, որմէ ետք, երբ այլեւս անկարող կ’ըլլայ, զինք կը յանձնէ որբանոց: Էօժէնիի ոդիսականը կը շարունակուի, երբ կը յայտնուի Յունաստանի որբանոցներէն մէկուն մէջ, շնորհիւ Ամերիկեան Օգնութեան Միութեան, որ փրկելով 13 հայ որբեր` զանոնք կ’ուղարկէ Յունաստան: Հայ ընտանիք մը կ’որդեգրէ Էօժէնին եւ կը տանի Գահիրէ, ուր յետագային կը հանդիպի իր ամուսնոյն` Կարապետ Գոգորեանին, եւ 15 տարեկանը հազիւ բոլորած՝ կ’ամուսնանայ անոր հետ:

1973-ին Գանատա ներգաղթելով կեանքի մնացեալ հանգրուանը կ’անցընէ Թորոնթոյի մէջ։ Էօժէնիի ժառանգը՝ 5 զաւակ, 9 թոռ, 14 ծոռ եւ 1 կոռ: