Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Կարէն Կարապետեանի Հանդիմումը Չկայացաւ․ Փաշինեան Կոչ Ըրաւ Մայիս 1ին «Հեղեղելու Երեւանի Փողոցները»


Այսօր Առաւօտեան ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան միջեւ «Մարիօթ» հիւրանոցին մէջ նախատեսուած հանդիպումը չկայացաւ։

ՅԻշեցնենք, որ հանդիպման մասին յայտարարած էր Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 26ի հանրահաւաքի ընթացքին:

Կարէն Կարապետեանի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեան յայտարարութիւն տարածեց՝ նշելով, որ «Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հրաւէրը նախորդէն փորձնականօրէն չի տարբերիր,այդ իսկ պառճառով Կարէն Կարապետեանի պատասխանը նոյնն է, ինչ նախորդ անգամ: Բանակցութիւնները, ուր մէկ կողմը բացառապէս կը թելադրէ օրակարգ, իսկ միւսը չի կրնար օրակարգ ներկայացնել՝ չեն կրնար համարուիլ բանակցութիւններ»:

«Բացի այդ, Կարէն Կարապետեան կը մնայ այն տեսակէտին, որ լրատուամիջոցներուն առջեւ բանակցութիւններու իրականացումը արդէն իսկ կ՝ենթադրէ, որ բանակցութիւններուն նպատակը որեւէ արդիւնք արձանագրելը չէ:

«Այդ իսկ պատճառով մասնակցիլ «բանակցութիւններ»ու, որոնք լուծումներ գտնելու հաւանականութիւն չունին, վարչապետի պաշտօնակատարը կը համարէ անհեռանկարային»:

Կարէն Կարապետեանի կարծիքով, Փաշինեան պէտք է ընդունի բոլոր խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն ուղղուած Հանրապետութեան նախագահի առաջարկը՝ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները համատեղ քննարկելու մասին»:

Փաշինեան լրագրողներուն ըսաւ, որ Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպումը չէ կայացած, քանի որ «Հանրապետական կուսակցութեան մէջ լիակատար շփոթ կը տիրէ»:

«Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց Կարապետեանը չէ եկած, սա շատ պարզ փաստ է: Մեր ծրագիրը կը մնայ նոյնը` քայլ առ քայլ առաջ պիտի շարժինք, պիտի շարունակենք ցոյցերը: Քաղաքական ճգնաժամը Հայաստանի մէջ չէ լուծուած, եւ մենք պէտք է աշխատինք լուծման ուղղութեամբ` ցոյցերու եւ բանակցութիւններու միջոցով», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն Մայիս 1ին “հեղեղելու Երեւանի փողոցները”:

«Այս պահուն կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի քաղաքացիներուն` Մայիս 1ին` առաւօտեան ժամը 8:00ին, ըլլալ Երեւան եւ հեղեղելու փողոցները, հրապարակները, որոնց շարքին` Ազգային ժողովի յարակից փողոցները», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնին ՀՀԿ ներկայացուցիչի ընտրուելու հնարաւորութեան` Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Եթէ Հանրապետականը ընտրուի որպէս վարչապետ, ապա ճգնաժամը պիտի չլուծուի, եւ մենք մեր խաղաղ ցոյցերուն միջոցով պիտի փորձենք բացատրել Հանրապետականներուն, պարոն Կարէն Կարապետեանին, ինչպէս ըրած ենք Սերժ Սարգսեանի պարագային, որ ան չի հասկնար երկրի իրական քաղաքական իրավիճակը»: