Lիբանանահայ երեք երիտասարդներ՝ Սարհատ Արիստակէսեան,Արազ Կիտանեան եւ Յարութ Արթինեան ստեղծած են մօտաւորապէս 15,000 հայերէն երգեր ընդգրկող յատուկ ծրագիր էփը՝ https://yerkerapp.com/download.html , որ արդէն իսկ կը գործէ եւ հասանելի է բոլորին համար:
Այս ծրագիրով՝ արդի արհեստագիտական միջոցներով նորահաս սերունդին կը ներկայացուի հայերէն երգեր, որոնց թուաքանակը հաւանաբար շուտով բազմանայ։