Հայաստանի եւ Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը


ԵՐԵՒԱՆ,- Հոկտեմբեր 18-ին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի ԱԳ նախարար Ֆրանսուա-ֆիլիփ Շամպայնի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Մնացականեան մասնաւորապէս ընդգծեց Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի յանցագործութիւններուն, ներառեալ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսապահովման ենթակառուցուածքներու շարունակ թիրախի տակ առնուելուն, կրօնական պաշտամունքի վայրերու եւ մշակութային կեդրոններու ռմբակոծման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայ ռազմագերիներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի անթոյլատրելիութիւնը:

Անդրադառնալով կրակմարի վերաբերեալ Հոկտեմբեր 10-ի եւ Հոկտեմբեր 17-ի համաձայնութիւններուն` նախարարը ընդգծեց ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու չիրականացման Ազրպէյճանի ապակառուցողական գործելաոճը: Ան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը հրադադարի ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ:

Ողջունելով հոկտեմբեր 17-ին ձեռքբերուած մարդասիրական զինադադարը` նախարար Շամփէյն ընդգծեց զայն պահպանելու եւ կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ստուգման մեքանիզմներու ներդրումը: Գանատայի ԱԳ նախարարը, իր աջակցութիւնը յայտնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն, ընդգծեց արտատարածաշրջանային դերակատարներու` հակամարտութեան չմիջամտելու անհրաժեշտութիւնը: 

Մնացականեան իր հերթին բարձր գնահատեց Գանատայի ղեկավարութեան սկզբունքային որոշումը` իրականացուող հետաքննութեան ծիրէն ներս կասեցնել Թուրքիա ռազմավարական նշանակութեան ապրանքներու արտահանման թոյլտւութիւնները: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հնարաւոր է հակազդել բացառապէս միջազգային հանրութեան վճռական եւ գործօն ջանքերուն միջոցով: