Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր տիկնոջ` Պրիժիթ Մաքրոնի հետ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ դրաւ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Անոնց կ՛ուղեկցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ, կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէեան:
Մաքրոն նաեւ յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ եղեւնի տնկեց:
Այնուհետեւ Մաքրոն շրջայց կատարեց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ արձանագրութիւն ձգեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: «ծանր ապրումներով ու յուզմունքով այսօր այստեղ ենք: Ֆրանսայի անունէն ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ բոլոր անոնց, որոնք ինկան` «արեւը առած իրենց աչքերուն մէջ», անոնք, որոնք` «միայն ապրիլ կ՛ուզէին»: Ֆրանսան քօղազերծած է Ցեղասպանութիւնը դեռ 1915ին մտաւորականներու կողմէ: Եւ ան ընդունած է երեխաներն եւ ընտանիքները, որոնք կը փախչէին ցեղասպանութենէն, եւ որոնք մեր ազգը աւելի պանծացուցին:
Ֆրանսան երբեբք չի մոռնար եւ պիտի պայքարի ճշմարտութեան ու ճանաչման համար:
Այս տխուր խոնարհումը անոնց համար, որոնք ինկան: Մեր եւ գալիք սերունդներուն համար», գրած է ան:
Ֆրանսան օրէնքի ուժով եւ բանաձեւով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ նախաձեռնութիւն կար քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, սակայն ընդունուած փաստաթուղթը մերժուեցաը ֆրանսայի Սահմանադրական խորհրդին կողմէ: