Բացայայտէ՛ Հայաստանը Կամաւոր Աշխատանքի Միջոցով


Խումբ մը կամաւորներ պտոյտի ընթացքին, Օգոսռոս 2016։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեանը

Կամաւոր աշխատանքը մարդուն կու տայ ծառայելու, նուիրուելու եւ ատոնց ընդմէջէն ինք իր կարողութիւնները հասկնալու եւ բացայայտելու կարելիութիւն։ Իսկ երբ կամաւոր աշխատանք կը տանիս հայրենիքի մէջ, կը ծանօթանաս Հայաստանին, մասնակից կ՛ըլլաս անոր առօրեային, կը վերագտնես ինքնութիւնդ ու կը բացայայտես ունակութիւններդ, այդ բոլորը կրնան շրջադարձային դեր ունենալ կեանքիդ մէջ։  Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքի եւ Հայաստանը բացայատելու հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն Birthright Armenia կամ “Դէպի Հայք” եւ Armenian volunteer Corps (AVC) կազմակերպութիւնները:

Յասմիկ Հայրապետեան

Birthright Armeniaի եւ AVCի տարած գործունէութեան ծանօթանալու նպատակով` “Թորոնթոհայ“ը հարցազրոյց մը ունեցաւ վերոնշեալ կազմակերպութեանց ընկերային լրատուութեան եւ շուկայականութեան տնօրէն Յասմիկ Հայրապետեանի հետ։

 

– Տիկ Հայրապետեան,  խնդրեմ  կ՛անդրադառնա՞ք, թէ ինչպէ՛ս  ծնունդ առած են այս կազմակերպութիւնները։

– 2004 թուականին Ամերիկայէն Էտիլ Յովնանեան, որ Հրայր Յովնանեանի դուստրն է, հիմնեց Birthright կազմակերպութիւնը, տեսլական ունենալով, որ ամէն հայ պէտք է գայ հայրենիք՝ փորձառութիւն ունենալու։ Բայց այդ փորձառութիւնը պէտք է զբօսաշրջիկի փորձառութենէն տարբերուի, որովհետեւ մէկ-երկու շաբաթով եկող զբօսաշրջիկը կը տեսնէ Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ շատ ուրախ կը վերադառնայ իր ապրած երկիր։ Իսկ երբ ան՝ որպէս կամաւոր, կ՛ապրի տեղացի հիւընկալ ընտանիքի մէջ, կ՛այցելէ գիւղերը, կը շփուի գիւղացիներու հետ, ամէնօրեայ հայ իրականութեան եւ առօրեային մէջ կ՛ապրի, ամբողջովին ուրիշ փորձառութիւն կ՛ունենայ։  Էտիլ Յովնանեանի տեսլականն ալ այդ էր, որ ամէն հայ երիտասարդ պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ գալու Հայաստան եւ ոչ զբօսաշրջիկի աչքով տեսնելու հայրենիքը։

-Ինչո՞ւ երկու կազմակերպութիւն, ինչո՞վ կը տարբերին Birthrightն ու AVCին։

– Birthrightն ու AVCին երկու քոյր կազմակերպութիւններ են։ Birthright Armenian միայն ծագումով հայ կամաւորներու համար է, իսկ AVCին թէ՛ օտարներու եւ թէ՛ հայերու, բայց տարիքային սահմանափակումով։ AVCին կրնան դիմել 21 տարեկանէն բարձր օտարներ, իսկ եթէ հայ են 32էն բարձր տարիքի պէտք է ըլլան։ Birthrightը հայ երիտասարդներուն համար է, որոնք  պէտք է ըլլան 21-32 տարեկան, իսկ 32 եւ աւելի եղողները, կրնան AVCի միջոցով դիմել։ Բայց վերջինիս պարագային մենք ոչ մէկ ձեւով ծախսերը կը հոգանք (coast cover չենք ըներ), այն պատճառով, որ անոնք մասնագիտական տարիքի մէջ են եւ կրնան իրենք իրենց ծախսերը հոգալ։

Եկող տարի Birthrightը 15 տարեկան պիտի ըլլայ. արդէն 15 տարի է Հայաստանի մէջ կը գործենք, եւ այս 15 տարիներուն ընթացքին աւելի քան 1700 մասնակից ունեցած ենք 48 տարբեր երկիրներէ։

Այս տարի միայն 216 կամաւոր ունեցանք 21 երկիրներէ, իսկ անցեալ տարի 222 կամաւոր, որովհետեւ դեռ 20 տարեկաններն ալ կ՛ընդունէինք, իսկ այս տարի տարիքային շէմը փոխուեցաւ 21ի, որովհետեւ կը մտածենք, որ կամաւորը որքան հասուն ըլլայ փորձառութիւնը աւելի սահուն կ՛ընթանայ։

Ամէն տարի թիւը կ՛աճի եւ ամէն տարի աւելի շատ կամաւորներ կ՛ունենանք։ Թիւի աճին մէջ մեծ դեր ունին մասնակիցները, մանաւանդ օտարերկրացիները։ Երբ անոնք իրենց շրջապատին մէջ կը պատմեն իրենց լաւ փորձառութեան մասին՝ անուղղակի քարոզչութիւն կը տանին։

Այսպիսով՝ շղթայի նման տարիէ տարի կամաւորներուն թիւը կը շատնայ։

-Ի՞նչ գործառոյթներ կը կատարէ կազմակերպութիւնը։

– Կամաւորներուն համար ծրագիրը ունի երկու կարեւոր պայման․ մասնակիցները  պէտք է շաբաթը 30 ժամ կամաւոր աշխատանք տանին, այսինքն՝ չեն կրնար գալ եւ բան չընել։ Ատոր համար մենք ունինք 800 եւ աւելի գործընկեր կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ մեր կամաւորները կ՛աշխատին։ Հիմնականը հասրակական կազմակերպութիւններ (NGO) են, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կամ որեւէ նախարարութեան մէջ աշխատանք կրնան ընել։ Նայած մասնակիցը ի՛նչ փորձառութիւն ունի եւ ի՛նչ կ՛ուզէ ընել, կամ տուեալ կազմակերպութիւնը այդ մարդու կարիքը ունի, թէ՝ ոչ։

Կամաւորը կրնայ մէկէ աւելի կազմակերպութիւններու մէջ աշխատիլ։ Կրնայ ինք իր պարտադիր ժամերը բաժնել, օրինակ՝ օր մը աշխատիլ որբանոցի մէջ, քանի մը օր իր մասնագիտութեամբ, ինչպէս graphic designer եւ այլն։ Որովհետեւ հիմա մարդիկ շատ կարողութիւններ կամ հմտութիւններ ունին, կրնան քանի մը գործ ընել։ Օրինակ՝ մէկը կար, որ marketingի բնագաւառին մէջ կ՛աշխատէր, բայց յոգնած էր այդ գործէն, կ՛ուզէր շուներ պահել, մենք զինք ուղարկեցինք Գիւմրիի “Dogs of Gumri” ընկերութիւն, որ շուներ խնամէ։ Կարեւորը կամաւորը ուզէ աշխատիլ եւ մենք իրեն գործ կը հայթայթենք։

Սկիզբը կամաւորներուն համար անվճար հայերէնի դասեր կու տանք, որ պարտադիր պայման է։ Կախուած իրենց հայերէնի իմացութիւնը ինչ կարգի է, խումբեր կը կազմենք եւ հայերէն կը սորվեցնենք։ Շատեր կան, որ արեւմտահայերէն գիտեն, բայց անգլերէնով կը շփուին, մենք իրենց կը ստիպենք, որ հայերէն խօսին։ Օրեր կան, որ հայերէն խօսելու օր է, երբ կամաւորները պարտադիր պէտք է հայերէն արտայայտուին։ Կը քաջալերենք ո՛չ միայն իրարու հետ շփուին, այլ նաեւ տեղացիներուն հետ խօսին, որ շատ աւելի կը ստիպէ իրենց հայերէն խօսելու։

Կեցութեան պարագային, մասնակցիներուն կ՛առաջարկենք կա՛մ հիւրընկալ ընտանիքի հետ ապրիլ, կամ՝ սենեակ վարձել։ Կրնամ ըսել, որ մօտ 50 տոկոս եւ աւելին կը նախընտրեն հիւրընկալ ընտանիքի հետ մնալ, որովհետեւ մենք ծախսը կը ծածկենք։

Մենք ցանկ ունինք հիւրընկալ ընտանիքներու, որոնք տասը տարիէն աւելի մեզի հետ կը գործակցին։ Հիւընկալ ընտանիքի մէջ իրենք առանձին սենեակ ունին եւ՝ ատաւօտեան նախաճաշ։

Այս փորձառութեան հետ կապուած շատ հետաքրքարական պատմութիւններ ունինք։ Օրինակ՝ Գանատայէն երիտասարդ մը իմացաւ որ իր հիւընկալ ընտանիքին մաման-պապան եկեղեցիով չեն ամուսնացած, որովհետեւ սովետի ատեն այդպէս բան չկար։ Տղան ըսաւ, որ ես ձեզի պիտի ամուսնացնեմ եւ ձեր խաչեղբայրը պիտի ըլլամ։ Ամուսնացուց զանոնք եւ իրենց կնքահայրը եղաւ։

Կը պատահի, որ շատ-շատ կ՛ընկերանան իրարու, յաճախ կ՛ըսեն host մայրիկ եւ host հայրիկ։ Կը պատահի, որ երբ դարձեալ գան Հայաստան, կ՛երթան անոնց տունը կ՛ապրին։

-Կամաւորներուն Հայաստան գալու հիմնական դրդապատճառը ի՞նչ է։

-Պատճառները շատ տարբեր են։

Հայերու պարագային՝ առաջ մասնակիցներուն մեծ մասը Ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդներն էին։ Անոնք իրենց ծնողներէն եւ տատիկ-պապիկներէն, որոնք Սովետի պատճառով հնարաւորութիւն չեն ունեցած գալու Հայաստան, շատ լսած են Հայաստանի մասին, եւ այսօր իրենք հնարաւորութիւն ունին գալու եւ տեսնելու հայրենիքը։

Իսկ վերջին տարիներուն կը նկատենք աշխատանքային գաղթականներու (labor migration) սերունդները։ Այն մարդիկ, որոնք 90ականներուն արտագաղթեցին Հայաստանէն, հիմա իրենց երեխաները կ՛ուզեն վերադառնալ Հայաստան, յատկապէս Ռուսիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։ Յաճախ կ՛ըսեն, որ ծնողքս պատմած է, որ Հայաստանը շատ վատ վիճակ ունէր, սեւ ու մութ տարիներ, պատերազմ եւ այլն։ Իսկ հիմա ամէն բան լաւ է եւ հոս շատ հնարաւորութիւններ կան։

Պատճառներէն է նաեւ գործի փորձառութիւն ունենալը։ Որովհետեւ Հայաստանը շատ փոքր է եւ աշխատանքի լաւ հնարարութիւն ունենալը աւելի հեշտ, հոս կու գան։ Օրինակ մը տամ․ եթէ մէկը կ՛ուզէ UNի մէջ internship (փորձնական շրջան) անցնիլ՝ բայց Նիւ Եորքի մէջ ատիկա դժուար է, հոս մենք կը զանգենք UN գրասենեակ եւ կ՛ըսենք, որ այսինչ անձը կ՛ուզէ կամաւոր աշխատիլ ձեր քով, շատ դիւրին զայն կ՛ընդունին։ Այդպիսով իր CVին մէջ կ՛երեւի, որ ինք Հայաստանի մէջ UNի գրասենեակ աշխատած է եւ իր երկրին մէջ stand out է։

Մէկ այլ պատճառ, Giving back ընել (բարիք փոխադարձել) իրենց համայնքներուն։

Մենք կ՛ըսենք, որ Birthrightը ինքնութեան բացայայտման ճանապարհորդութիւն է։ Ատիկա ոչ միայն հայրենիք տեսնելու, կամ լաւ ասպարէզ ունենալու համար է, այլ նաեւ անձը բացայայտելու մեծ փորձառութիւն։ Շատերու, իրենց կամաւոր աշխատանքը աւարտելէ ետք, կը հարցնենք, թէ ի՞նչ տուաւ քեզի այս ճամբորդութիւնը, մեծ մասը կ՛ըսէ, որ ասիկա իրենք զիրենք բացայայտելու ճամբորդութիւն եղած է։ Որովհետեւ հոս իրենց յարմարաւետութեան գօտիէն  դուրս են, նոր մարդոց կը ծանօթանան, նոր շրջանակ կը կազմեն, կը հասկնան, թէ իրենք ինչ կրնան ընել իրենց միջավայրէն հեռու գտնուելով․ աւելի շատ կը կոփուին, կը մեծնան, կը հասուննան, իրենք զիրենք կը հասկնան։

-Հիմնականօրէն ի՞նչ բնագաւառներու մէջ կ՛աշխատին կամաւորները։

-Շատ-շատ տարբեր բնագաւառներու․ Մենք՝ գործակցելով 800էն աւելի գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ՝ կամաւորին ցանկութեան եւ նախասիրութեան համեմատ  իրեն գործ կ՛առաջարկենք։ Օրինակ՝ մասնակից ունինք, որ Fund rising կ՛ընէ, ուրիշներ՝ marketing, graphic design, մանկավարժութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ կ՝աշխատին, անգլերէն կամ այլ լեզուներ կը սորվեցնեն, կամ կենդանաբանական այգիին մէջ կենդանիները կը խնամեն։

-Իսկ Երեւանէն դուրս  աշխատելու ցանկութիւն ունեցողներ կ՛ըլլա՞ն։

– Այո, այս տարի Երեւանէն բացի, գրասենեակ ունինք նաեւ Գիւմրիի մէջ։ Որովհետեւ շատ կամաւորներ կ՛ուզեն Գիւմրի երթալ, այդ իսկ պատճառով գրասենեակ բացինք նաեւ այնտեղ։ Ամէն տարի 3-4 ամիս ծրագիր ունինք Վանաձորի մէջ։ Տարին 3 անգամ չորսօրեայ ճանաչողական պտոյտ կը կազմակերպենք դէպի Արցախ՝ ծանօթանալու Արցախի առօրեային, բանակին, զինուորներուն հետ շփուելու հնարաւորութիւն կը ստեղծենք, անոնց հետ հաց կ՛ուտեն։ Արցախի պտոյտէն ետք շատեր կը փափաքին հոն երթալ կամաւոր աշխատանք տանիլ, հոն գործընկերներ ունինք եւ անոնց միջոցով կամաւորները, օրինակ Halo Trustի հետ կ՛աշխատին, անգլերէն եւ այլ լեզուներ կը սորվեցնեն եւ շատ-շատ այլ գործեր կ՛ընեն։ Արցախի մէջ հայերէնի դասեր չունինք, բայց որովհետեւ հոն բոլորը հայերէն կը խօսին, այն կամաւորը, որ հայերէն լաւ չի գիտեր, կը վերադառնայ լաւ հայերէն սորված։

Այո, շրջաններ շատ կ՛ուզեն երթալ, տեսնեն, հասկնան, որովհետեւ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, ատիկա մենք միշտ կ՛ըսենք եւ կ՛ուրախանանք, երբ կ՛ուզեն շրջաններ երթալ։ Մենք կ՛առաջարկենք իրենց երթալ Գիւմրի, Վանաձոր, Վայոց Ձոր, Կապան, Մեղրի, Արցախ եւ այլն։

Կարեւորը ցանկութիւն ունենան, եւ մենք ամէն բան կ՛ընենք անոնց համար։

-Կա՞ն կամաւորներ, որոնք կամաւոր աշխատանքէ ետք որոշած են մնալ եւ ապրիլ Հայաստան։

– Այո, կան։ Կան պարագաներ, երբ կամաւորը, իր  փորձառութիւնը աւարտելէ ետք կը մնայ Հայաստան։ Մենք իրենց հայրենադարձ սանիկներ (repat alumnus) կ՛ըսենք։ Օրինակ՝ Սփիւռքի հիմակուան փոխնախարարը՝ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը, մեր սանիկներէն է։ Քաղաւիացիայի հիմակուան տնօրէնը (cheaf of aviation) ՝ Տաթեւիկը, նոյնպէս մեր սանիկն է։ AUAի մէջ դասախօս ունինք։ Շատ-շատ են։ Այս պահուն 120էն աւելի հայրենադարձ սանիկներ ունինք, որոնք մնացին, կամ վերադարձան Հայաստան։ Ունինք նաեւ, որ ընտանիքով տեղափոխուեցան, կամ հոս ամուսնացան։ Որովհետեւ կ՛ըսեն, որ Հայաստանը ճիշդ տեղն է երեխաներ մեծցնելու համար։ Հանգիստ է, ապահով է եւ այլն։

-Կրնա՞ք առանձնացնել կարգ մը կամաւորներ, որոնք ձեզի համար յատուկ են։

– Դժուար է առանձնացնել, մեզի համար բոլորն ալ առանձնայատուկ են, երբ կ՛ըսեմ 216 առանձին մասնակից, 216 առանձին մարդ, որոնք իրենց անհատականութեամբ, փորձառութեամբ տարբեր են։

Օրինակ՝ այս տարի Լիբանանէն կամաւոր տղայ մը ունէինք, որ TUMOի մէջ երեխաներու հետ կ՛աշխատէր, roboticks կը սորվեցնէր։ Երբ հարցուցի իրեն՝ Վանիկ, ինչպէս է քու փորձառութիւնդ, ըսաւ․ «Այս երեխաները շատ բարդ են, ամէն օր ես իմ վրաս կ՛աշխատիմ, որովհետեւ գիտեմ հարցումներ պիտի հարցնեն, կրնայ ըլլալ պատասխանը չգիտնամ»։ Կ՛ըսէր, որ ինք շատ զարմացած է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ալ այս գործը կ՛ընէ, բայց իրեն այդպէս հարցումներ չեն հարցներ։ Ան շատ ոգեւորուած էր, որ այդ երեխաները շատ տաղանդաւոր են։ Կը պատմէր, թէ ինք մինչեւ երկու բառ կ՛ըսէ, երեխաները արդէն կը հասկնան իր ամբողջ միտքը։

Անցեալ տարի Աւստրալիայէն ունէինք տղայ մը՝ Նարեկը, որ Հալէպէն էր եւ պատերազմը չսկսած Աւստրալիա գացած էր։ Հոս «Հալէպ» հայրենակցական միութեան մէջ աշխատեցաւ։ Իր փորձառութիւններէն մէկը եղաւ, որ ինք ամառնային ճամբարի պատասխանատու ըլլայ։ Վերադառնալէն ետք, Աւստարալիոյ մէջ հանգանակութիւն կազմակերպեց եւ այս տարի եկաւ Հայաստան եւ տասէն աւելի երեխաներու համար ամառնային ճամբար կազմակերպեց։ Ատոր համար կ՛ըսեմ, որ այդ փորձառութիւնը միայն իրենց համար չէ, այլ նաեւ give backի համար է նաեւ։

-Իսկ օտարները ինչո՞ւ կու գան եւ ի՞նչ տպաւորութիւն կ՛ունենան Հայաստանէն։

– Կը կարծեմ Հայաստանը ամէնէն հետաքրքրականն է օտարներուն համար։ AVCի միջոցով, տարբեր երկիրներէ կամաւորներ կու գան։ Երբ իրենց կը հարցնենք, ինչու կամ ինչպէս որոշեցին Հայաստան գալ, հիմնականօրէն կ՛ըսեն․ «Ընկեր մը, կամ դրացի մը, կամ ծանօթ մը ունիմ, որ հայ է, անընդհատ կը լսեմ անոնցմէ Հայաստանի մասին։ Այդ պատճառով որոշեցի գալ, տեսնել ինչ է այս Հայաստանը»։ Կու գան, հայերու մասին բան չեն գիտեր, հայերէն չեն գիտեր, զերոյէն կը սկսին հասկնալու ինչ է Հայաստանը։ Վերջաւորութեան իրենց փորձառութիւնը կամ տպաւորութիւնը կը բնորոշեն որպէս արկածախնդրութիւն։ Շատ կը սիրեն այստեղի հիւրասիրութիւնը, մարդամօտութիւնը, ջերմութիւնը, իրարու օգնելու ցանկութիւնը, այս բոլորը իրենց շատ կը զարմացնէ ու կը տպաւորէ։

Այդ փորձառութիւնը շատ կարեւոր է իրենց համար, որովհետեւ իրենց երկիրներուն մէջ չեն տեսներ այդպիսի վերաբերմունք։

Օտարները շատ աւելի կ՛երկարեն (extend) իրենց օրը, քանի որ կ՛ուզեն շատ բան տեսնել, շատ բան ընել: Հիմնականօրէն կու գան մէկ ամիսով, որովհետեւ կ՛աշխատին, բայց շատ ատեն կ՛երկարաձգեն, որքան կրնան։ Կ՛ըսեն, որ ասիկա իրենց համար ուրիշ փորձառութիւն է, տարբեր մշակոյթ, տարբեր ուտելիքներ, մարդոց հիւրասիրութիւնը․․․ Երբ հիւրընկալ ընտանիքի մէջ կը մնան, շատ ատեն կը զարմանան ու կ՛ըսեն, որ ինչպէս անոնք օտար մը այդքան ջերմ կ՛ընդունին։

Այս մանրամասնութիւններն են, որոնք առիթ կ՛ըլլան, որ դարձեալ գան, կամ իրենց ընկերներն եւ ծանօթները ուղարկեն։ Օրինակ՝ Ամերիկայէն ունեցանք զոյգ մը՝ ամուսինը հայ է, իսկ կինը օտար։ Հայաստան հաստատուեցան, կ՛ուզեն հոս երեխայ ունենալ։ Կ՛ըսեն, որ Հայաստանը ընտանիք կազմելու եւ երեխաներ ունենալու լաւագոյն տեղն է, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ իրենք զիրենք հանգիստ եւ ապահով չեն զգար։ կ՛ըսեն, որ հոս երեխադ հանգիստ կրնաս ձգել՝ երթայ-գայ, գիտես, որ ոչ մէկը երեխայիդ չի վնասեր։

Ամէն մէկ օրը իրենց համար նոր բացայատումի եւ զարմանալու բան կայ։ Բնական է, որ վատ բաներ ալ կան, բայց լաւը այնքան շատ է, որ կը ծածկէ վատը։

-Կամաւոր աշխատանք տանելու ցանկութիւն ունեցողները ինչպէ՞ս կը դիմեն, կամ ձեր կազմակերպութեան ինչպէ՞ս կը ծանօթանան։

– Հիմնականը քարոզչութիւնն է մասնակիցներու կողմէ, որոնք կ՛ընեն իրենց համայնքներուն մէջ։ Ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերը, համացանցը եւ այլն։

Դիմելու համար մեր կայքին մէջ ունինք դիմումնագիր, որ պէտք է լրացնեն, essay գրեն, թէ ինչո՛ւ կ՛ուզեն Հայաստան գալ եւ ինչո՛ւ կամաւոր աշխատանք կ՛ուզեն տանիլ, առաւել երկու յղում նամակ (reference letter) կցեն՝ նախորդ մասնակիցներէն կամ իրենց համայնքէն։ Երբ դիմումը ստանանք, դիմորդին հետ skypeով հանդիպում մը կ՛ունենանք, որ ճանչնանք եւ խօսինք հետը եւ հաստատենք այն տեղեկութիւնները, որոնք դիմումնագիրին մէջ գրած է։ Յետոյ երկու շաբաթէն մինչեւ մէկ ամսուան ընթացքին կը հաստատենք դիմումը եւ ան արդէն կու գայ։

Birthrightի պարագային աւելի դիւրին է, որով եթէ 9 շաբաթ եւ աւելի մնան, մենք իրենց տոմսի գինին 50 տոկոսը կը վճարենք, իսկ եթէ 14 շաբաթ եւ աւելի ուզեն մնալ մինչեւ 100 տոկոսը կը վճարենք։ Birthrightի մէջ մասնակիցները շատ աւելի առաւելութիւններ ունին քան AVCի։ Վերջինիս պարագային մենք ոչ մէկ ծախս կը հոգանք, ամէնը իրենք իրենց միջոցներով պէտք է հոգան։ Եթէ հիւրընկալ ընտանիքի մէջ մէկ տարի մնան, մենք ամբողջ ծախսը կը հոգանք։ Երկու կազմակերպութիւններուն համար, ամէն շաբաթ ծանօթացման պտոյտ ունինք Հայաստանի տարբեր վայրեր, բայց զբօսաշրջային պտոյտներ չեն, օրինակ՝ կ՛երթանք Գառնի, ո՛չ թէ ճաշարանը հաց կ՛ուտենք, այլ ընտանիքի մը մօտ կը ճաշենք։

Ամէն ինչ կ՛ընենք, որ իրենց փորձառութիւնը տարբերուի, տեղացիներուն հետ շփումը շատ ըլլայ եւ տեսնեն իսկական Հայաստանը։

-Իսկ Գանատայէն կամաւորներ կու գա՞ն։

– Այո, շատ։ Այս տարի միայն Գանատայէն ունեցանք 13  կամաւորներ, որոնցմէ մէկը՝ Սեւանը, որ Auroraի մէջ կ՛աշխատէր, մնաց Հայաստան։ Ան չ՛ուզեց վերադառնալ։ Նախ որպէս կամաւոր Aurora foundationի մէջ սկսաւ աշխատելու, իսկ հիմա մնայուն աշխատանք ունի։

Թորոնթոյէն այլ աղջիկ մը եկաւ մէկ շաբաթով, իսկ հիմա մէկ տարիով Գիւմրիի մէջ կամաւոր աշխատանք կը տանի։ Կարծեմ Գիւմրի պիտի մնայ, որովհետեւ շատ կը սիրէ Գիւմրին։

Այս տարի Գանատայէն եկողները շատ աշխոյժ էին։ Կարծեմ պատճառներէն մէկը այն էր, որ Մայիսին Imagine Armenia համաժողով մը եղաւ Գանատայի մէջ։ Յետոյ մենք  POM ֆիլմ փառատօնի հովանաւորներէն ենք։ Այդ ժամանակ մեր մասին տեսանիւթ մը կը ցուցադրուի, ըսելով, որ եթէ քու առօրեայէդ կ՛ուզես դուրս գալ, եկուր Հայաստան, Birthright-ի կամ AVC-ի կամաւոր եղիր։