Թորոնթոյի Մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպած Ընդունելութեան Մասնակցեցան Մեծ Թիւով Գանատացի Քաղաքական Պաշտօնատարներ


Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի, Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութունեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Շահէն Միրաքեան այլ պաշտօնատար անձերու հետ

Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Յունուար 9ին եւ 10 Յունուար, 2020-ին Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան յատուկ ճաշկերոյթ-ընդունելութիւններ, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ի գնահատանք գանատացի ընտրեալ պաշտօնատարներուն:

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ընտրեալ պաշտօնատարներ, պետական պաշտօնեաներ եւ դիւանագիտական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Դիւանագիտական հիւրերու շարքին էին՝ Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութունեան, Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, Իսրայէլի հիւպատոս Կալիդ Պարամ, Յունաստանի հիւպատոս Վիքդոր Մալիկուտիս եւ Լիբանանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Պոսթաճեան: Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ Պոպ Սարոյա, Հան Տոնկ, Փիթըր Քէնդ, Ճին Եիփ, Մայքըլ Լեւիդ եւ Ալի Էհսասի։ Նահանգային խորհդարանէն ներկայ էին երեսփոխաններ՝ Արիս Պապիկեան, Մայքըլ Դիպոլօ, Վինսէնդ Քէ, Րոման Պապըր, Պիլի Բանկ, Մայքըլ Քուդօ եւ Քինկա Սուրմա: Ընդունելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի, որուն կ՚ընկերակցէին փոխքաղաքապետ Տէնզիլ Մինան-Ուանկ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Ճիմ Քարիճիանիս, Շէլի Քարոլ եւ Պրատ Պրատֆորտ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հանրային ուսումնական մարմինի հոգաբարձուներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արփի Աքելեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն արկածի ենթարկուած ուքրանական ինքնաթիռի զոհերուն յիշատակը: ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւակ Քիւփէլեան իր խօսքին մէջ նախ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անվերպահ զօրակցութեան եւ բարեկամութեան համար ապա ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները: Ելոյթ ունեցաւ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութունեան, որ յատուկ անդրադարձաւ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու դրական ընթացքին, միջպետական համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան եւ այդ ծիրէն ներս Հայ Դատի յանձնախումբերու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատգամը փոխանցեց Շահէն Միրաքեան, որ մանրմասնօրէն զեկուցեց անցող տարեշրջանի գործունէութիւնը ու Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ առաջնահերթութիւններն ու այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ զօրակցութիւն ապահովելու հրամայականը: Յաջորդաբար խօսք առին դիւանագիտական ու կառավարական տարբեր մակարդակներ ներկայացնող պաշտօնատարները, յայտնելով իրենց շնորհաւորանքներն ու զօրակցութիւնը հայ համայնքին ու հայ դատի աշխատանքներուն:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, հիւրերուն փոխանցեց Արցախի արտադրութեան գինի՝ որպէս գնահատանքի նուէր: Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի հիմնական պատգամը կը կեդրոնանար Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան ու բարօր զարգացման վրայ:

Հատուածաբար՝ «Հորիզոն»էն