ՙՀայ Աստղեր՚ մանկապատանեկան երգչախումբը ելոյթի ընթացքին։
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Ուրբաթ, 24 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ՙԳլաձոր՚ մասնաճիւղի ՙՀայ Աստղեր՚ մանկապատանեկան երգչախումբի փայուն կատարումները երկինքի աստղերուն նախանձը շարժեցին։ Անոնք իրենց լազուարթ փէշով, տաբատով, ճերմակ շապիկով ու նաւաստիի լայնածաւալ օձիքով հայկական երաժշտութեան ովկիանին մէջ նաւարկելու պատրաստ նաւաստիներ եղած էին։ Արծաթագոյն եւ ոսկեգոյն վարդերով զարդարուն ու խաղաղօրէն ծփացող բեմահարթակին վրայ կանգնած փոքրիկ նաւաստիները հայկական երգերու կախարդական թիերով պիտի նաւարկէին ծովէ ծով Հայաստանի դարաւոր մշակոյթի անմահական ջուրին մէջ՝ հայ արուեստին փառքը երգելու։
Տաղանդաշատ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ու բազմավաստակ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի անխոնջ ճիգին ու կամքին շնորհիւ ամիսներ առաջ սկսած աշխատանքը իր լրումին հասաւ ու յաջողութեան նարօտով պսակուեցաւ այդ երեկոյ։ ՙՀամազգային՚ թատերասրահին մէջ հաւաքուած Թորոնթոյի հայ համայնքը անգամ մը եւս հիացմունքով ունկնդրեց նոր սերունդին շրթունքէն հնչած եւ ներդաշնակութեամբ պարուրուած հայկական երգը։
Յանձնախումբի անդամ Մակի Սուլեան, իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ երաժշտութեան ոյժին կախարդանքը վերյիշեցնելով ըսաւ, թէ երգը իր դրական ազդեցութեամբ կրնայ անմիջականօրէն տիրել մարդու բովանդակ էութեան՝ մարմնին ու հոգւոյն։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց վարչութեան հայանպաստ առաքելութեան կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ կը վերապրի հայ մշակոյթը, ազգային ժառանգութիւնը փոխանցելով սերունդէ սերունդ։
Նաւարկութեան պահը հասաւ․ Փոքրերու խումբին աստղերը խանդավառութեամբ սկսան երգել՝ ՙՁիւն՚, ՙԱնուշ խաղող՚, ՙԱրդէն մեծ եմ՚, ՙԹիթեռնիկ՚ եւ ՙՓոքրերի աշխարհ՚ երգերը։ Անոնք իրենց քաղցրահունչ ձայնով ու գեղեցիկ շարժումներով ներկաներուն առջեւ բացին մանկական բազմերանգ աշխարհին դռները։ Նաւաստի աստղերը իրենց հմուտ նաւավարին առաջնորդութեամբ սկսան նաւարկել հայ երաժշութեան ծովուն բիւրեղ ալիքներուն վրայ։ Ինչ գեղեցիկ կը կարկաչէր հայ երգը նորափթիթ հայ մանուկներուն շրթունքէն։
Երկրորդ խումբը բարձրորակ կատարումով երգեց՝ ՙՍիրում ենք աշխատել՚, ՙՉեմ հաւատում՚ եւ ՙԻմ աշխարհը՚ երգերը։ Ապա անոնց միացաւ աստղերուն պատանի խումբը։ Զոյգ խումբերը հմտութեամբ սկսան երգել ու նաւարկել։ Անոնց շրջապտոյտը սկսած էր՝ ՙԻմ Հայաստան՚ երգի հետեւեալ բառերով՝
ՙԱմէն հայի սրտի համար ուրախութիւն իմ Հայաստան,
Ճամբաներում հեռու խաւար դու լոյսի սիւն, իմ Հայաստան․․․”:
ՙՆախիջեւան՚ երգով աստղերը անցան արեւմտեան Հայաստան ու կարօտի զգացումով բացագանչեցին՝ ՙՆախիջեւան, Նախիջեւան, Նոյ Նահապետի իջեւան,
Հայկազեան ցեղի բուրաստան, հայ սրտերու վեհ սիրական․․․՚:
Ապա՝ ՙԾաղկաձոր՚ երգով վերդարձան հայրենիք ու ՙԲարձրիկ Հայաստան՚ խորագիրը կրող սրտառուչ երգով գովերգեցին մեր թանկագին հայրենիքին հողը, ջուրը, բնութիւնն ու զարթնող գարունը։ ՙՎերադարձի երգ՚-ին յաջորդեց ՙԳարնան երգը՚։ Գարնան ծաղկունքին հետ միաձուլուած՝ անոնց շրթունքէն դուրս թռաւ մեղրահամ մայրենիին նուիրուած՝ ՙՄայրենի լեզու՚ երգը, որուն դայլայլին հրապոյրով լեցուեցան ներկաներուն սրտերն ու հոգիները։
ՙՄեր աշխարհ՚ խորագիրով երգին՝ ՙՄեր երկիրը լայն է, յոյսերի մի ծով, մեզ բացել է սիրտը մայրական սիրով․․․՚ բառերուն ու մեղմիկ երաժշտութեան հմայքով տարուած փոքրիկ նաւաստիները Արարատ լերան վսեմաշուք ներկայութիւնը զգացին ու Մայր Արաքսի ափերուն կանգնած երգեցին ՙՀէ՛յ, երգիր Արաքս, իմ բախտ, իմ երազ։ Ջան Արաքսն է երկիր՝ կարօտն իմ, դու իմ մտերիմ՚, արտաբերելով հայրենի հողին հանդէպ իրենց տածած սէրն ու կարօտը։ Կարօտի կանչը լսող փոքրիկ աստղերուն երկու խումբերը իսկոյն միացան պատանիներուն ու պահանջատիրութեան միահամուր եւ աշխոյժ ձայնով՝ ՙՔայլ առաջ՚ երգեցին։ Հայկական բանակի փայլուն աստղերուն շողը անգամ մը եւս ոգեւորեց սրահին մէջ հաւաքուած հարազատները եւ հոգեթով պահեր ներշնչեց անոնց։
Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Սարին Փօլատեան-Աբիկեան։ Ան բարձր գնահատեց բազմատաղանդ ու բազմավաստակ արուեստագէտներ, երգչախումբի ղեկավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ու դաշնակահար երաժիշտ Վանիկ Յովհաննէսեանի ջանքերը, որոնց անսակարկ նուիրումին շնորհիւ ՙՀայ Աստղեր՚ու նաւը ապաստան գտաւ հայ երգարուեստի խաղաղ նաւամատոյցին մէջ։ Փոքրիկներուն կողմէ գեղեցիկ ծաղկեփունջեր նուիրուեցան զոյգ առաջնորդներուն, ապա՝ ծափողջիւններու ներքոյ բեմ հրաւիրուեցան յանձնախումբի անդամներ՝ Մակի Սուլեանն ու Թալին Աշքարեանը, որոնք ամիսներ շարունակ իրենց անդուլ գործունէութեամբ աջակցեցան ՙՀայ Աստղեր՚ուն։
Ելոյթի աւարտին, ՙաստղերուն՚ ծնողները, բերկրանքի ճաճանչներով համակուած, ողջագուրեցին իրենց զաւակները, որոնց հոգներուն մէջ անմահացած էր հայ երգարուեստը։