ՀՕՄ Եւ Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցչութիւնը Կը Մասնակցին ՄԱԿի Կանանց Իրավիճակի 63րդ Նիստին


ՀՕՄի կազմակերպած նիստ-քննարկումի մասնակցիները, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ Եորք։

Նիւ Եորք – Մարտ 11ին Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 63րդ նիստի ծիրէն ներս, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն ներս կազմակերպեց նիստ-քննարկում մը «Զարգացող ենթակառուցուածքներու եւ հանրային ծառայութիւններու կարեւորութիւնը սեռերու հաւասարութեան բարելաւման համար» վերնագիրով:

 Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿի բաժանմունքներու, եւ այլազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, Դեսպան Մհեր Մարգարյան իր բացման խօսքով ընդգծեց երկշաբթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ երկիրներու, ՄԱԿի հաստատութիւններու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը՝ սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին։

Առաջին զեկուցաբերը Միջազգային Դրամատան (World Bank) ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանյանն էր, որ կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ։ Երկրորդ խօսնակը Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու շրջանի ատենապետ Մարիա Մեհրանեանը ընդհանուր պատկեր մը տուաւ իր ներկայացուցած կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները՝ Հայաստանի հիմնակառոյցի զարգացման։ Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս ենթակառոյցները կրնան ազդել կիներու հզօրացման։ Վերջին զեկուցաբերը Հայ Օգնութեան Միութեան Կենդրոնական վարչութեան փոխատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզէն ներս։ Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄի Սօսէ մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը՝ ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ պետական հիմնարկներու միջեւ, որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու անվիճելի իրաւունքներն ու կարիքները։

Աշխատանիստը վարեց ՄԱԿէն ներս ՀՕՄի աշխատանքները Համադրող՝ Քրիստինա Մեհրապոտը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն, յիշեցուց՝ թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ Ուրլտ Պանքը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ’աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելու համար:

Այս տարուան երկշաբթեայ Կանանց Յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ կիներու հզօրացումը՝ պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները եւ հիմնակառոյցի ընդմէջէն:

Յանձնաժողովին պիտի մասնակցի աւելի քան 9,000 ներկայացուցիչներ, որոնք Նիւ Եորք ժամանած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն, ՀՕՄը, Առողջապահական Յանձնախումբին հետ միասին պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու: