Սուրիա Մեկնելիք ՀՀ Զինուած Ուժերու Մասնագէտները Ունին Մարդասիրական Առաքելութիւն․ Դաւիթ Տօնոյեան


Օրերս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտնեց, որ Հայաստան Սուրիա պիտի գործուղէ ՀՀ զինուած ուժերու մարդասիրական ոլորտի մասնագէտներ՝ բժիշկներ, մարդասիրական ականազերծողներ, իրենց գործունէութեան ապահովման համար նաեւ ներգրաւուած պիտի ըլլայ անվտանգութեան ապահովման անձնակազմ՝ շուրջ 100 հոգի: Նախարարը յայտնեց, որ այս պահուն կ՝ընթանան նախապատրաստական աշխատանքները:

Աւելի ուշ ան «Մետիամաքս»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ ուղարկուելիք մասնագէտները մարտական գործողութիւններու պիտի չմասնակցին, այլ անոնց գործունէութիւնը մարդասիրական է։ «Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները հիմնականօրէն զինուորականներ են, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կարելի է ներկայացնել որպէս մարտական զօրախումբ, քանի որ հայ մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ մարտական խնդիրներ պիտի չկատարէ, այլ պիտի զբաղի բացառապէս մարդասիրական խնդիրներով: Հետեւաբար, անիկա պիտի  ունենայ ոչ թէ զօրախումբի, այլ մասնագէտներու խումբի կարգավիճակ», շեշտեց ան:

Ըստ նախարարին՝ Սուրիա գործուղուելիք մասնագէտներուն առաջնային նպատակը մարդասիրական խիստ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հալէպի հայ համայնքին օժանդակելն է: Հետեւաբար, հայ մասնագէտները պիտի տեղակայուին Հալէպ քաղաքին մէջ եւ պիտի օժանդակեն Սուրիոյ բնակչութեան:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան իր հերթին նշեց, որ Հայաստան առաջին անգամը չէ, որ մարդասիրական օգնութիւն մը տրամադրէ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: «Իրենց անվտանգութեան հարցը կը շարունակէ մնալ մեր օրակարգային կարեւորագոյն հարցերէն մէկը, եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ մենք կը գործենք եւ կ՛աշխատինք մեր ռուս գործընկերներուն հետ», ըսաւ Մնացականեան։