Գանատայի Լոռի-Ջաւախքի Յանձնախումբը Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ Ջաւախքի եւ հայաստանի Լոռի մարզին մէջ իրականացնելիք ծրագիրներուն համար կը կազմակերպէ երկու հանգանակային ձեռնարկներ եւ կոչ կ՛ուղղէ գանատահայութեան մասնակցելու Զօրակցական-հանգանակային հաւաքին։ Ստորեւ կու տանք յանձնախումբին այս առիթով ըրած կոչը․
“Յարգելի հայրենակիցներ,
Գանատայի Լոռի-Ջաւախքի Յանձնախումբը ﬔծ ուրախութեամբ սոյն տարուան Մարտ աﬕսը կը հռչակէ Լոռիի մարզի եւ Ջաւախքի զօրակցութեան աﬕս: Առ այդ այս տարեշրջանին` համար կազմակերպուած են հանգանակային զօրակցական երկու գլխաւոր ձեռնարկներ, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Մարտ 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` Երկուշաբթի 16 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:
Վերոյիշեալ զոյգ նախաձեռնութիւններուն պատգամախօսն է ՀՕՄի Ջաւախք Ֆոնտի օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Իվան Արտհալճեան՝ յատկապէս հրաւիրուած Երեւանէն: Ձեռնարկներու ընթացքին պիտի ցուցադրուի տեղեկատուական տեսերիզ, տեղի պիտի ունենայ հակիրճ գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: Զոյգ ձեռնարկներէն գոյացած գումարները պիտի յատկացուին Ախալցխայի (Ջաւախք) կրթամշակութային երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման ու շէնքի նորոգութեան ծրագիրներուն, Լոռիի Սպիտակ քաղաքին մէջ երիտասարդական կեդրոն մը գնելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Լոռիի պատանեկան ճամբարներու ծրագրի ընդլայնման: Վերոնշեալ ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու նպատակով կը դիﬔնք ձեզի, որ բերէք ձեր մասնակցութիւնը եւ ձեր ներկայութեամբ զօրակցիք այս հայրենանուէր ու ազգանուէր կարեւոր աշխատանքին: Մեր բոլոր ծրագիրներուն պէս, այս ծրագիրները եւս կ՛իրականան բացառապէս ﬔր հայրենակիցներու անսակարկ աջակցութիւնը վայելելով”: