«Սփիւռքի Հայութիւնը Կը Զօրակցի Ջաւախքին». Հարցազրոյց Գանատայի Լոռի-Ջաւախք Յանձնախումբի Անդամ Ալեք Օհանեանի Հետ


Լոռի-Ջաւախք յանձնախումբի անդամ Ալեք Օհանեան եւ  հաղորդավար Քաթիա Յովակիմեան

“Հորիզոն”,- Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ շուտով պիտի կայանան Գանատայի Լոռի-Ջաւախք յանձնախումբին կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։

Զօրակցական հանգանակային հաւաքներուն պիտի զեկուցէ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ֆոնտի Ատենապետ Իվան Արտհալճեանը։ Հաւաքը Թորոնթոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի Մարտ 15, 2020-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Կեսօրէ ետք ժամը 1։30-ին, իսկ Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի Մարտ 16, 2020-ին, Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս, Երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Նշենք, որ Գանատայի Լոռի-Ջաւախք յանձնախումբը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին հանգանակած է 100,000 տոլարէն աւելի գումար։

Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի 22 Փետրուարի յայտագրով զօրակցական նախաձեռնութեան մասին կը զեկուցէ Գանատայի Լոռի-Ջաւախք յանձնախումբի անդամ Ալեք Օհանեանը։ Հաղորդավարն է Քաթիա Յովակիմեան։

Հարցազրոյցը դիտել 6:00-10:30, իսկ Ջաւախքի մասին յպատրաստուած յատուկ վաւերագրականը՝ 10:45 – 25:00։