Աշոտ Ղազարեան եւ Րաֆֆայէլ Գաբրիէլեան, “Երգ Հայաստանի”
Արշօ Զաքարեան
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ՙԴէմ Դիմակ՚ թատրոնը հրաւիրած էր կատակերգակ, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր դերասան Աշոտ Ղազարեանը, երգչուհի եւ դերասանուհի Արփի Գաբրիէլեանը եւ սիրուած դերասան Րաֆայէլ Գաբրիէլեանը՝ ներկայացնելու ՙԵրգ Հայաստանի՚ երգախառն զաւեշտութիւնը։
Արդէն այս հայրենի արուեստագէտներու գործերուն քաջածանօթ են ներկայ եղող երկու սերունդները։ Երկու ժամ անընդհատ հանդիսատեսները խնդացին ու զուարճացան նաև հետեւեցան քննադատութիւններուն եւ ակնարկութիւններուն ըլլայ այդ սփիւռք Հայաստան հասկցողութեան մէջ, կամ ընկերային հարցերու կծիկներուն մէջ։
Բոլոր ժամանակներու եւ սերունդներու կողմէ սիրուած երգերը եւ պարերը հնարամիտ եւ հաճելի կերպով ներկայացուցին այս երեքը« տանելով ներկաները սովորական աշխարհէն դուրս։ Գնահատելի էր նաեւ զանազան զավեշտական մասեհո, իսկ երգերը իրար յաջոդեցին սահունութեամբ։
400է աւելի հանդիսատեսները մեկնեցան լաւ տրամադրութեամբ եւ բաւական նիւթերով մտածելու ու խորհրդածելու համար։